Մենտելիեւի անուան միջազգային մրցանակը շնորհուեցաւ բնագէտ Եուրի Յովհաննիսեանին

Մենտելիեւի անուան միջազգային մրցանակը Եունեսքոն այս տարի շնորհեց ռուսիաբնակ հայազգի բնագէտ Եուրի Յովհաննիսեանին: Գիտնականը մրցանակը ստացաւ պարբերական աղիւսակի սահմանները ընդլայնող յայտնագործութիւններու եւ էական գիտութիւններու զարգացման գործին մէջ նշանակալից աւանդին համար:
Յովհաննիսեանը ծնած է Ռուսիա, 1933 թուականին: Ան գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս է, ինչպէո նաեւ շարք մը գիւտերու հեղինակ: Համաշխարհային ճանաչումը աւելի ամրապնդուած է 2016-ին, երբ Մենտելիեւի պարբերական աղիւսակին մէջ 118-րդ տարրը անուանուեցաւ ի պատիւ իրեն՝ Օկանեսոն:
«Պատմութեան ընթացքին երկու անգամ հնարաւորութիւն եղած է խօսելու կենդանի մարդու հետ, որուն անուամբ տարրաբանական տարր կայ պարբերական աղիւսակին մէջ: Առաջինը Սիպորկիոմ տարրի հեղինակ, ամերիկացի նշանաւոր գիտնական Կլէնն Սիպորկն էր, որուն անուան տարրը 106-րդն է աղիւսակին մէջ: Երկրորդը՝ ես եմ, անուանս հետ կապված է աղիւսակին մէջ այս պահուն վերջին՝ 118-րդ տարրը»։
Օկանեսոն հեղգ կազի հեղինակը նաեւ Հայաստանի Գիտութեանց ազգային ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ է: Թէեւ հայրենիքին մէջ քիչ է կը պատահի, սակայն իր գործունէութեամբ կը փորձէ ոգեւորել եւ օրինակ ծառայել նաեւ հայ գիտնականներուն։
«Հայաստանի մէջ տաղանդաւոր մարդիկ շատ են, մեր հրատապ խնդիրը պէտք է ըլլայ զանոնք պահել այստեղ: Անոնք կրնան մեկնիլ, օրինակ՝ Նահանգներ, բայց ոչ ոք անոնց այնտեղ ազգային տարրալուծարաններու մէջ աշխատանքի չ'ընդունիր, այդպէս է: Պէտք է ըլլան իրենց մարդիկը: Մենք ալ պէտք է ստեղծենք մեր խումբը, առանց ուշանալու: Պէտք է արագացնել, հաշուի առնելով նաեւ տարիքս»:
88-ամեայ գիտնականը, թէեւ կեանքին շուրջ 7 տասնամեակը նուիրած է գիտութեան, եղածով չի բաւարարուիր: Իր հարցազրոյցներուն մէջ ան կը հաւաստիացնէ՝ պատրաստ է նոր յայտնագործութիւններու, սակայն, ինչպիսին կ'ըլլան անոնք`չի բացայայտեր:
«Ինչպիսին կ'ըլլան յաջորդ յայտնագործութիւնները, ոչ-ոք ձեզ երբեք կ'ըսէ: Որովհետեւ որեւէ յաջորդ քայլ կրնայ ընդհանրապէս փոխել բոլոր պատկերացումները ապագայի վերաբերեալ: Այդպէս է գիտութեան ուժը»:
Գիտնականը Մենտելիեւի անուան միջազգային մրցանակը պիտի ստանայ նոյեմբեր 15-ին, Փարիզի մէջ Եունեսքոյի կեդրոնատեղիէն ներս: