Սիւնիքի մարզի Դաւիթ Բեկ գիւղի բնակիչները սեփական միջոցներով կը վերականգնեն հրետակոծութեան վնասները

2020-11-27
Image

Սիւնիքի մարզի Դաւիթ Բեկ բնակավայրին մէջ թշնամիի հրետակոծութեան հետեւանքով ընդհանուր առմամբ 60 տուն վնասուած է։ Ցաւօք, գիւղին մէջ նաեւ մարդկային կորուստներ եղած են՝ երեք զոհ եւ եօթ վիրաւոր։

Նունուֆար Արզումանեանի ընտանիքը, որոնց տունը զգալիօրէն տուժած է հրետակոծութենէն, սեփական ուժերով կը վերականգնէ վնասը, կը փոխէ կոտրուած ապակիները։ Պետութենէն առ այսօր անոնք որեւէ օժանդակութիւն չեն ստացած:

Ընտանիքի անդամները NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ պատմած են, որ պատերազմի օրերուն, որքան ալ վտանգաւոր եղած է, գիւղէն չեն հեռացած, այսօր ալ, թէեւ թշնամին մօտեցած է իրենց, գիւղը դարձած է սահմանամերձ, միեւնոյնն է, չեն պատրաստուիր հեռանալ։

«Վախնալով պիտի ապրինք, բայց պիտի չլքենք։ Իմ ծննդավայրն է, իմ օճախն է, միշտ ալ այստեղ պիտի մնանք։ Երեք երեխայ ունիմ, երեքն ալ այս գիւղին մէջ են»,- ըսած է Նունուֆար Արզումանեանը։

Գիւղացիներու հիմնական ապրուստի միջոցը անասնապահութիւնն էր եւ հողագործութիւնը, որ հիմա անհնար կը դառնայ՝ հաշուի առնելով, որ թշնամիի թիրախ պիտի ըլլան, բացի անկէ գիւղի հիմնական արօտավայրերն ու մշակուող տարածքները անցած են ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ։

Հարիւրաւոր անասուններ ալ կամ սատկեր են հերտակոծութիւններու հետեւանքով, կամ մնացեր են թշնամիի վերահսկողութեան տակ անցած վայրերուն մէջ։

Մնացած անասուններն ալ շատերը արդէն կէս գինով վաճառեր են, միւսներն ալ վաճառքի հանած են, քանի որ, միեւնոյնն է, արօտավայրեր այլեւս չկան։

Յիշեցնենք, որ պատերազմի օրերուն Դաւիթ Բեկ գիւղը քանի մը անգամ հրետակոծուած էր։