19 Յունուարին ընդառաջ Իւմիթ Քըվանչի նոր ֆիլմը՝ «Յիշողութիւնը` անբաւարար». «ԱԿՕՍ»
Յունուար ամիսու կարեւոր նշանակութիւններէն մէկն է Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցը։ 2007-ին յաջորդող բոլոր 19 Յունուարներուն աշխարհի տարբեր ծագերուն եւ Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ զանազան միջոցառումներով կը յիշատակուէր «Ակօս»ի հիմնադիր եւ Հայ Դատի քաջ պաշտպան Հրանդ Տինք։ Առաջին անգամ անցեալ տարի է, որ 19 Յունուարը յիշուեցաւ առցանց դրութեամբ։ Ըստ երեւոյթի այս տարի ալ զանգուածային յիշատակում մը կարելի պիտի չըլլայ։ Եւ սակայն Հրանդի թողած ժառանգը ծանր պատասխանատուութիւն կը բեռցնէ արդար խղճի տէր մարդկանց վրայ, որոնք ամէն եղանակով կը փորձեն այդ պատասխանատուութիւնը արդարացնել։ Այդ տեսակի արուեստագէտ մըն է Իւմիթ Քըվանք, որ այս տարի վաւերագրական ժապաւէնով մը կը պատրաստուի իր մասնակցութիւնը բերելու Հրանդ Տինքի յիշատակման միջոցառումներուն։
«Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեանի հետ կատարած հարցազրոյցի ընթացքին Իւմիթ Քըվանչ կը յայտնէ թէ յետ մահու զանազան գրութիւններ, յօդուածներ, նոյնիսկ հատորներ հրատարակուեցան։ «Ես կը հաւատամ որ Հրանդի խօսքը գիրէն աւելի ազդեցիկ էր։ Իր գրութիւնները ձեւով մը թերի կը մնային անոր խօսքին դիմաց։ Հրանդ իր խօսքով, ձայնի ելեւէջներով շեշտադրումներով շատ աւելի ազդեցիկ էր, քան գրիչով։ Այդ երեւոյթը յաճախ կը հաստատէինք Տելալի կամ Արատի հետ մեր զրոյցներու ընթացքին։ Գիտէի որ Հրանդի խօսքը վերակենդանացնելը ինծի կը վիճակի։ Երկար տարիներէ ի վեր կը տառապիմ իր ելոյթներու մասին տեսաերիզները դիտելով, քանի որ ամէն անգամուն կը ջղայնանամ եւ այդ ջղայնութեան նոպաներով ոչ թէ վաւերագրական ֆիլմ, այլ անհատական պոռթկում միայն դուրս կու գայ։ Համավարակը եւ անոր պարտադրած տնային կալանքը առիթ ստեղծեցին այս աշխատութեան վերսկսելուս համար։ Բոլոր ուզածս Հրանդի իրաւացիութիւնը, համոզելու կարողութիւնը, լսելու հանդուրժողականութիւնը շեշտել էր։ Նոր սերունդը ոչ թէ գիրքերու էջերէն, այլ իր կենդանի կերպարէն, դէմքի արտայայտութիւններէն, ձայնի շեշտադրումներէն ճանչնային Հրանդ Տինքը։ Այս երկիրը, երկրի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը չէր կրցած լսել, հասկնալ ու կարգին արժեւորել Հրանդ Տինքի խօսքը։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ «Յիշողութիւնը Անբաւարար» կոչեցինք այս ֆիլմը։
Բնականաբար Հրանդի կարգ մը ելոյթները շատեր առաջին անգամ այս ֆիլմի միջոցաւ պիտի լսեն։ Նշեմ որ Հրանդ Տինք Հիմնարկը բաւականին ծաւալուն արխիւ մը ունի, որ այս աշխատութեան համար դրուած էր իմ տրամադրութեան տակ։ Ուրեմն ֆիլմի մաս կազբող բոլոր նիւթերը այս արխիւէն քաղեցի։ Ամբողջութիւն մը ըլլալով ներկայացնելու համար ալ յատկապէս ուշադրութիւն տարի անցումներու վրայ։ Անշուշտ որ դժուար ընթացք մըն էր ինծի համար։ Տարիներու փորձառութեամբ գիտեմ այլեւս թէ իմ ձեռքի նիւթերէն ինչ արդիւնք կրնամ գոյացնել։ Դժուարութիւնը Հրանդի խօսքերուն տարուելէն կը յառաջանայ։ Յաճախ պատահեցաւ որ առանց ֆիլմը մէկ քայլ յառաջ տանելու 40-րդ անգամ հետեւիմ նոյն խօսակցութեան եւ դժուարանամ ձերբազատուելու»։
Իւմիթ Քըվանչ կը յայտնէ թէ մէկ ժամ տեւողութեամբ այս ֆիլմը 13 Յունուարէն սկսեալ Հրանդ Տինք Հիմնարկի hrantdink.org կամ Իւմիթ Քըվանչի vimeo.com/umitk եւ «Եիւթուպի » https://www.youtube.com/user/gecetreni2011 հասցէներու միջոցաւ։