Այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցն է

2021-04-24
Image

Այսօր ապրիլ 24-ն է, Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու ոգեկոչման օրը։ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մէջ հայերը եւ առաջադէմ մարդկութիւնը կը յիշեն 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան զոհերը: Հայոց ցեղասպանութիւնը քանի մը փուլով իրականացուած է, բայց խորհրդանշական սկիզբը կը համարուի 1915 թուականի ապրիլ 24-ը, երբ Պոլսոյ մէջ ձերբակալուեցաւ 235 հայ ականաւոր մտաւորական՝ Վանի մէջ  ապստամբութիւն կազմակերպելու կեղծ մեղադրանքով։ Անոր յաջորդեց եւս 600 ազդեցիկ հայերու ձերբակալութիւնը, որոնք բոլորը աքսորի ճանապարհին գազանաբար սպանուեցան։

1892-էն 1923 թուականները Օսմանեան կայսրութեան Ապտուլհամիտեան, այնուհետեւ երիտթուրքերու կառավարութիւնները՝ Թալէաթի, Էնվերի եւ Ճեմալի, Պեհաէտտին Շաքիրի եւ միւս իթթիհատականներու գլխաւորութեամբ, այնուհետեւ Մուսթաֆա Քեմալի իշխանութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Օսմանեան Թուրքիոյ նահանգներու հայութիւնը ենթարկեցին զանգուածային արտաքսման եւ ոչնչացման:

Գրեթէ 1,5 մլն մարդ բնաջնջուեցաւ 1915-23 թուականներուն: Կէս միլիոնէն  աւելի հայեր ցրուեցան աշխարհով մէկ՝ ձեւաւորելով հայկական Սփիւռքը։ Ցեղասպանութեան հետեւանքով Արեւմտեան Հայաստանը զրկուեցաւ իր բնիկ ժողովուրդէն, իսկ հայերը՝ իրենց պատմական հայրենիքէն: Ոչնչացուեցան հազարաւոր պատմական եւ ճարտարապետական կոթողներ ու յուշարձաններ, ձեռագրեր, պղծուեցան սրբավայրերը: Հրկիզուեցան եւ կողոպտուեցան աւելի քան 60 հայկական քաղաքներ եւ 2,5 հազար գիւղեր: «Յանցագործութիւն մարդկութեան դէմ» ձեւակերպումն առաջին անգամ կիրառուած է Հայերու ցեղասպանութիւնը դատապարտելու առիթով, երբ Օսմանեան Թուրքիոյ հետ պատերազմող Անգլիան, Ռուսաստանն ու Ֆրանսան 24 մայիս 1915-ին  ընդունած համատեղ յայտարարութեամբ պահանջեցին դադրեցնել հայերու սպանդը, խոստանալով գտնել ու պատժել աննախադէպ ոճիրի բոլոր կազմակերպիչները։ Ցեղասպանութիւն եզրոյթը Ռաֆայէլ Լեմքինը ձեւակերպած է հիմք ընդունելով Հայկական ջարդերը։

Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած են քանի մը տասնեակ պետութիւններ, առաջինը Ուրուկուէյն էր՝ 1965 թուականին, հետագայում՝ Ռուսաստանը, Ֆրանսան, Իտալիան, Գերմանիան, Հոլանտան, Պելճիքան, Լեհաստանը, Լիթվան, Սլովաքիան, Շուէտը, Զուիցերիան, Յունաստանը, Կիպրոսը, Լիբանանը, Գանատան, Վենեզուելան, Արժանթինը, Չեխիան, Վատիկանը, ԱՄՆ-ը: Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ դատապարտած են նաեւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովը, Եւրոպական խորհրդարանը, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններ: