Կիրակնօրեայ ընթերցում.Ռուս-թրքական դարաւոր հակամարտութիւնը եւ Հայաստանը. Գրեց ՝ Գէորգ Հալէպլեան

2020-04-19
Image

          Պատմական անլուծելի եւ անվերջ հակասութիւն գոյութիւն ունի ռուսական կայսրութեան տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ փանթուրքիզմի ՝ Մեծն Թուրանի թուրքական պետութեան ստեղծման ծրագիրներու միջեւ։Պատմութեան հոլովոյթին մէջ կը բախին ռուսերու եւ թուրքերու ազգային գաղափարախօսութիւնները։Ռուսերը, ղեկավարուելով սեփական ազգային գաղափարախօսութեան հիմնադրոյթներով, դարերու ընթացքին նուաճած են հսկայածավալ տարածքներ եւ ստեղծած հզօր բազմազգ կայսրութիւն, որու մէջ կը գտնուին նաէւ թուրքալեզու մեծ թիւով ժողովուրդներ։ Թուրքիան կը ձգտի իրականացնել փանթուրքիզմի ծրագիրները ՝ Մեծն Թուրանի պետութեան ստեղծումը, որ կը հետապնդէ ռուսական կայսրութեան մասնատման, թուրքալեզու ժողովուրդներով բնակեցուած տարածքներու անջատումը Ռուսաստանէն։

          Պատմական ակնարկ.-

           Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն յետոյ, հայոց հայրենիքին տիրանալու համար հիմնական պայքարը կ՚ ուղղուէր Օսմանեան կայսրութեան եւ Պարսկաստանի միջեւ։ Այդ պայքարը իր աւարտին հասաւ 1639 թուականի դաշնագրով, որու համաձայն Արեւմտեան Հայաստանը անցաւ Թուրքիոյ տիրապետութեան, իսկ Արեւելեան Հայաստանը ՝ Պարսկաստանին։ 17-րդ դարի երկրորդ կէսէն Սեւ Ծովի ափերուն, Տարտանելի ու Պոսֆորի, Անդրկովկասի եւ Պալքանեան սլավոնական ժողովուրդներու տարածքներու նկատմամբ, Ռուսաստանը կ՚ ըսկսի մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել։ Արեւելեան Հարցը ցարական կայսրութեան մեծ հնարաւորութիւններ կ՚ ըստեղծէ միջամտելու «հիւանդ մարդու» ՝ Թուրքիոյ  ժառանգութեան բաժանումին։

           Ռուսական կայսրութիւնը նպատակ ունէր գրաւել Սեւ Ծովի ափերը, նեղուցները, Պալքանեան թերակղզիի քրիստոնեայ ժողովուրդներու տարածքները, Անդրկովկասը եւ Արեւմտեան Հայաստանը։ Ցարական կայսրութիւնը կը պայքարէր Միջերկրական ծով հասնելու համար։ 18-րդ դարի վերջերուն Ռուսաստանը կարողացաւ գրաւել Սեւ Ծովի հիւսիսային ափերը, իսկ 19-րդ դարի սկիզբներուն ՝ Անդրկովկասը։ Գրաւելով Անդրկովկասը, ցարական Ռուսաստանը այդ տարածքաշրջանին մէջ կը դառնայ ամենահզօր ռազմա-քաղաքական գործոնը։ Ակնյայտօրէն, այս տարածքաշրջանին մէջ ոչ մէկ հիմնախնդիր ռէր կրնար լուծուիլ առանց Ռուսաստանի մասնակցութեան։

         Պարսկաստանը, իրեն միացնելով Պարսկահայաստանը, տարածքաշրջանի քաղաքական կեանքին մէջ կ՚ անցնի որպէս երկրորդական դերակատար։ Հայաստանի համար մղուող պայքարի ասպարէզը կը մնայ Ռուսաստանին եւ Թուրքիային։ Ե՚ ւ Ռուսաստանը ե՚ ւ Թուրքիան գաղութատիրական պետութիւններ են։ Եթէ Ռուսաստանը կը ձգտէր անդամահատել Օսմանեան կայսրութիւնը, գրաւելով անոր տարածքներու մէկ մասը եւ մուտք գործել Միջերկրական ծով, ապա Թուրքիան կը պայքարէր Օսմանեան կայսրութեան ամբողջականութիւնը պահպանելու եւ Մեծ Թուրանի պետութեան ստեղծման համար, որու տարածքներու մեծ մասը կը գտնուէր ցարական Ռուսաստանի կազմին մէջ։

         Անտարակոյս, Մեծն Թուրանի պետութեան ստեղծումը պիտի հանգեցնէր ռուսական կայսրութեան քայքայման ՝ թուրքալեզու ժողովուրդներու ապրելատարածքներու անջատումը Ռուսաստանէն։ Ուրեմն, պատմականօրէն Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ առճակատումը անխուսափելի է։ Ե՚ ւ Ռուսաստանը ե՚ ւ Թուրքիան կը խուսափին մեծ բախում մը ունենալէ, սպասելով յարմար պահի, բայց երկու կողմն ալ կը հասկնան այդ բախման անխուսափելիութիւնը։ Պարտութեան պարագային Ռուսաստանը կը դադրի գերհզօր պետութիւն ըլլալէ։ Ճիշտ այդ պատճառով ալ կը բացատրուի հակաթուրքական (բացի 1917-1923 ժամանակահատուածէն) այն հետեւողական քաղաքականութիւնը, որ դարեր շարունակ վարած է ցարական կայսրութիւնը։

          Բայց այդ ամենեւին չի նշանակէր որ Ռուսաստանը կը պայքարէր Օսմանեան կայսրութեան նուաճած ժողովուրդներուն անկախութիւն շնորհէր։ Գաղութատիրական Ռուսաստանը կը պայքարէր նոր գաղութներ նուաճել։ Ցարական Ռուսաստանը Հայաստանին անկախութիւն տալու իրական ծրագիր երբեք թէ ունեցած։ Սակայն որոշ պարագաներուն, պատմական իրավիճակներու պարտադրանքով, Ռուսաստանը հարկադրուած ճանչցած է Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութենէն ազատագրուած կարգ մը ժողովուրդներու անկախութիւնը։

         Սակայն, արմատական տարբերութիւններ գոյութիւն ունէին Ռուսաստանի եւ Թուրքիայի գաղութային նուաճումներու միջեւ։ Թուրքիան կը նուաճէր եւ կը սեփականացնէր այլ ժողովուրդներու հայրենիքները, իսկ բնակչութեան ֆիզիքապէս կ՚ ոչնչացնէր։ Իսկ Ռուսաստանը, ընդհակառակը, կը վարէր աւանդական գաղութային քաղաքականութիւն ՝ իր բոլոր բացասական հետեւանքներով։ Կայսրութեան մէջ գաղութացուած ժողովուրդները կ՚ ապահովէին իրենց ֆիզիքական գոյութիւնը, համախմբուածութիւնը, ազգային մշակոյթի պահպանումն ու զարգացումը։ Ահա թէ ինչու՞ ռուսական տիրապետութիւնը հայոց պատմագրութեան մէջ կը բնութագրուի որպէս «չարեաց փոքրագոյնը»։ Ստեղծուած պատմական իրավիճակին մէջ հայ ժողովուրդը, կարծէս թէ այլընտրանք չունի։ Ռուսական կայսրութեան եւ Հայաստանի պատմական ճակատագիրները միահիւսուած են։

         Հայ ժողովուրդը իր ազգային գաղափարախօսութեան ռազմավարական հիմնախնդիրներու լուծման տեսանկիւնէն, մշտապէս պէտք է ըլլայ Ռուսաստանի ռազմավարական ծրագիրներու ծիրին մէջ, անկախ այն հանգամանքէն որ Ռուսաստանը ինչպիսի հասարակարգ կ՚ որդեգրէ իր երկրի համար որպէս վարչաձեւ։ Մեր նորանկախ պետականութեան համար գերադասելի պիտի ըլլար գործակցիլ ժողովրդավարական, իրաւական եւ կանխատեսելի Ռուսաստանի հետ։

         Այստեղ նաեւ պէտք է արդարօրէն շեշտել որ, ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻ Է 1921-ի Մարտ եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն կնքուած Մոսկուայի եւ Կարսի տխրահռչակ պայմանագիրներու ՍՐԲԱԳՐՈՒՄԸ Ռուսաստանի կողմէ։ Այդ պայմանագրերով Թուրքիային տրուեցան Կարսը, Արտահանը եւ Սուրմալուն ՝ Արարատ լեռով, Վրաստանը ստացաւ Պաթումը, իսկ Նախիջեւանը տրուեցաւ Ազրպէյճանին։

          Ռուսերը այսօր լիուլի կը քաղեն այդ հայադաւ գործունէութեան պտուղները Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջեւ պատահական չէ որ այս տարուայ Մարտ ամսին Թուրքիոյ քաղաքական յայտնի դէմքեր սպառնացին «25 միլիոն իսլամներով ներսէն պայթեցնել Ռուսաստանը», որ նոյնպէս սպառնալիք է հայկական պետականութեան։ Արդ, Ռուսաստանի հարաւ-կովկասեան աշխարհաքաղաքական շահերու ապագան մեծ հաշիւով կախուած է Հայաստանէն։ Վերջերս Սուրիոյ հարցով, ռուսաստանցի յայտնի փորձագէտ ՝ Ստանիսլաւ Տարասով արտայայտած էր հետեւեալ միտքը.- «Փութինը Լենին չէ եւ Էրտողանն ալ Աթաթուրք» եւ շարունակած է ըսելով ՝ «Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը Ռուսաստանի թիկունքէն կը հարուածեն, իսկ Ռուսաստանը լուրջ յաղթաթուղթեր ունի (նկատի ունի Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերը) Թուրքիայի եւ Ազրպէյճանի դէմ, եւ ժամանակն է անոնք վերատեսութեան ենթարկուին»։

         Ռուս-թուրքական հակամարտութիւնը դարերու պատմութիւն ունի, որ շատ յաճախ առաջնորդած է պատերազմներու։ Այդ պայքարը կը շարունակուի առ այսօր եւ ի վերջոյ պէտք է աւարտուի կողմերէն մէկու յաղթանակով։ Այստեղ կարծէք փոխզիջումային տարբերակներ չկան, եւ կը ծաւալուի ռուսերու եւ թուրքերու ազգային գաղափարախօսութիւններու անզիջում պայքար ՝ խաղաղ եւ ոչ խաղաղ ձեւերով։ Դարեր շարունակ հողահաւաքի քաղաքականութեամբ ղեկավարվող Ռուսաստանի եւ Թուրքիայի գոյամարտը ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ է։ Այս երկու պետութիւններու պատմական գոյամարտին, որուն մէջ Թուրքիայի պարտութիւնը անխուսափելի է, իր կարեւոր տեղն ու դերը ունի նաեւ հայ ժողովուրդը եւ անոր արդիւնքէն կախեալ է եւ առնչուած է Հայկական Հարցը։ Ահա թէ ինչու՞ ռուս-թուրքական պայքարին մէջ հայ ժողովուրդը չի կրնար չէզոք դիրք բռնել եւ անպայման մեր նորանկախ պետականութիւնը պէտք է ունենայ իր մարտավարական եւ ռազմավարական ծրագիրները այս կարեւոր հարցի առնչութեամբ։

 

 Գէորգ Հալէպլեան