Հայոց Բանակը վեր պահել ներքին շահարկումներէ
Վերջին օրերուն բուռն քննարկումներու նիւթ հանդիսացան հայկական բանակին մէջ տեղի ունեցած սպանութեան դէպքերը։
Ընդամէնը 40 օրուան ընթացքին մենք կորսնցուցինք 13 քաջարի զինուորներ, որոնք անշուշտ կոչուած էին պաշտպանելու մեր սահմանները, սակայն ինկան, մինչեւ օրս, անհասկնալի պայմաններու տակ։
Դէպքերն անշուշտ դարձան Հայաստանի վարչպետին եւ կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոն ու յստակ է, որ գործի լծուեցան եղած դէպքերուն բոլոր հանգամանքները պարզելու միտող տարբեր յանձնաժողովներ ու մարմիններ։
Անկախ այն փաստէն, որ պատահած տխուր դէպքերուն վերաբերեալ տակաւին վերջնական եզրակացութիւն կամ քրէական գործերու վերջնական բացայայտում տեղի չէ ունեցած, հայկական լրատուական դաշտին, բայց մասնաւորապէս համացանցի էջերուն, երեւելի սկսան դառնալ անընդունելի ոճով կատարուած գրառումներ, որոնց հեղինակները կացութեան կապակցութեամբ ափսոսանքի խօսքեր հնչեցնելէ շատ աւելի անդին անցնելով, հարցը կը դարձնէին շահարկման առարկայ, եղածներուն մէջ քննադատութեան բաժին ալ հասցընելով Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններուն։ Նոյն այդ մարդիկը, ինչ-ինչ չհիմնաւորուած թէզեր ներկայացնելով, քննադատութեան նշդրակը կ’ուղղէին նաեւ դէպի «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը դիտարկելով, որ բանակին մէջ տիրող մթնոլորտը այդ յեղափոխութեան արդիւնքը եւ/կամ հետեւանքն է։
Ասիկա, անշուշտ, անկախ այն հանգամանքէն, որ չփաստարկուած մօտեցում է, իր մէջ կը պարունակէ հին «հայկական» հիւանդութեան մը դրոյթը, որ մարմին կը ստանայ միայն վատը յիշելով, միայն տխուրը ներկայացնելով եւ միայն ու միայն ջուրի բաժակին դատարկ մասը տեսնելով։
Ու այս բոլորէն անդին, անկախ այն փաստերէն, որ այսօրուան իշխանութիւնները, ինչպիսի կարեւոր եւ ուղենշային իրագործումներ կատարեցին մեր բանակին համար, ռազմական կարիքներու լրացումէն սկսեալ, մինչեւ մարդկային գործօնի ամրագրումն ու այսօրուան բանակի զինուորներուն իրական կարիքներուն համալրումը։ Հարկ է տեղ մը յիշել, որ բանակը տեւապէս ապրող կառուցուածք է։
Բանակը, ինչպէս երէկ, այսօր ալ ունի խնդիրներ եւ իրողութիւնը ա՛յն է, որ այսօրուան հիմնահարցերը, որոնք բեռցուած են մեր բանակի ուսերուն, կու գան, ոչ հեռու անցեալէն։
Այն անցեալէն, երբ ամէնուրեք կը տիրէր ճնշում, եւ այն անցեալէն, որուն ծուէն-ծուէն ալիքներուն վրայ կը տարածուէր «մենատէր սպայ»ի կերպարը, որ իր շուրջ կը պարտադրէր վախ, սարսափ եւ նոյնիսկ ամենադաժան աւարտով պատմութիւններու մեծ շալակ մը։
Եւ այսօր երբ ազատութեան ոգին կը թեւածէ ամէնուր, երբ բոլորը կրնան քննադատել ամէն ինչ, եւ ամէն բան որ կ՚ուզեն, մարդիկ պահուան մը համար երկսայրի սուր կը դարձնեն այսօրուան իրականութիւնը եւ իրենց անյաջող փորձերով, կը միտին թիրախաւորել այսօրուան բանակն ու հետեւաբար նաեւ՝ իշխանութիւնը։
Խնդիրը, բանակին հարցեր ունենալը չէ անշուշտ, այլ՝ մեր սերունդներու մօտեցումը, ամէն բան գիտնալու խոցելի երեւոյթը ու, բոլոր առումներով ալ, մեծաւորին չենթարկուելու եւ «հայաթի հոգեբանութեան» բովերով անցած մեր երիտասարդներէն շատերուն ամենաթող ըլլալու խոցելի վիճակը։
Անշուշտ, թէ յստակ քայլերու պէտք է դիմուի որպէսզի բանակը դառնայ աւելի ամուր, աւելի կայուն եւ աւելի նպատակասլաց. անիկա իշխանութիւններուն գործն է, որոնք, վստահաբար, պիտի ապահովեն ամէն ինչ որ անհրաժեշտ է, սակայն էական խնդիրը մամուլի ծառայութիւններուն եւ գրչի մարդոց, լրագրողներուն եւ հասարակութեան մէջ կարծիք ձեւաւորողներուն զուսպ, շրջահայեաց եւ կառուցողական ըլլալու հարցն է։
Բանակի հարցերը կը լուծուին եւ անպայմանօրէն պիտի լուծուին, սակայն ատոր զուգահեռ, կենսականօրէն անհրաժեշտ է որ հայոց քաջարի բանակը ներքին շահարկումներէ, նեղմիտ ընկալումներէ ու նաեւ քաղաքական խաղերէ հեռու պահենք։
Հեռու պահել մեր բանակը չարակամ խաղերէ. այսօր ա՛յդ է գերխնդիրը։
«Ռամկավար Մամուլ»