«Այժմ կրնանք ըսել. Սրբազան Քահանայապետը տուն մը ունի Հայաստանի մէջ». Գերապայծառ Փենիա Փարրա

2021-10-29
Image

Չորեքշաբթի 27 հոկտեմբեր 2021ը Հայ - Վատիկանեան յարաբերութիւններուն մէջ հանդիսացաւ կարեւոր ու պատմական նոր թուական մը, որով ամրապնդուեցան դարերու հոլովոյթին երկու Պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող կարեւոր բարեկամական կապերը` Երեւանի մէջ բացումը կատարելով Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակութեան նոր գրասենեակին։

Այս առթիւ Երեւան ժամանած էր Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարի տեղակալը` Գերապայծառ Էտկար Փենիա Փարրա, որ նախագահեց Նուիրակութեան բացման պաշտօնական արարողութեան։

Գերապայծառ Փենիա Փարրա Ծիծեռնակաբերդի մէջ

Գերապայծառ Փենիա Փարրա Ծիծեռնակաբերդի մէջ

Այցելութիւն ցեղասպանութեան յուշահամալիր թանգարան

Բացումէն առաջ Ան այցելեց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր Թանգարանը, ուր պատուոյ մատեանին մէջ արձանգրած գրութեան մէջ նշեց` թէ ինք «որպէս խաղաղութեան ուխտաւոր եկած է Ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ արտայայտելու վիշտը՝ Մեծ Եղեռնի զոհերուն համար»։ Ան ապա աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած զոհերուն յաւիտենական հանգստին համար նշեց թէ «Եռանդագին կ՛ աղօթէ, որ ապագային նմանատիպ իրադարձութիւններ երբեք չի կրկնուին, ու բոլոր անձերը ապրին ազատութեան մէջ  ապահովուած ու յարգուած տեսնելով իրենց իրաւունքները»։

“«Թող որ Տէրը մխիթարէ զոհերու ժառանգները և պարգևէ ներման շնորհքը, կերտելու համար նոր աշխարհ մը՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի և ուրիշներու ընդունման վրայ»։”

Հանդիպում Հայաստանի արտգործ նախարարութեան մէջ

Հայաստան կատարած այցի ծիրէն ներս Գերապայծառ Փենիա Փարրա հանդիպում ունեցաւ Հ. Հ. արտգործ Նախարար` Տիար Արարատ Միրզոյանի հետ ու հանդիպումի աւարտին արտգործ նախարարութեան մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, ան նշեց` թէ իր հետ կը բերէ Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները, «որուն յիշողութեան մէջ վառ են 2016ին Հայաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան յիշատակները»։

Սուրբ Աթոռին ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած ՀՀ Դեսպան Կարեն Նազարեանի «գովելի աշխատակցութեամբ» Հայաստանի մէջ կարելի դարձած Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան բացումին համար։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ՀՀ մօտ առաքելական նուիրակ Գերապայծառ Խօսէ Պեթանքուրին, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` մի քանի ամիսներու աշխատանքով հնարաւոր դարձուց նուիրակութեան բացումը

Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակութեան նոր գրասենեակի բացում

Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակութեան նոր գրասենեակի բացում

Հարկաւոր է կառուցել կամուրջներ, ստեղծել հանդիպումներու հնարաւորութիւններ

«Վստահ եմ, որ այս Առաքելական Նուիրակութիւնը Հայաստանի և միջազգային հասարակութեան ամենընդարձակ միջավայրերու համար կ՛ըլլայ խորհրդանշան՝ այն բանի, որ հարկաւոր է կառուցել կամուրջներ, ստեղծել հանդիպումներու հնարաւորութիւններ, և բանալ նոր ճանապարհներ՝ այս տարածաշրջանի մէջ արդար ու տևական խաղաղութեան համար» նշեց ապա գերապայծառ Փենիա Փարրան, որ ապա անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու հաստատման 30-րդ տարեդարձին մաղթելով, որ «այս պաշտօնատեղին կարողանայ առաւել ծաւալուն դարձնել Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական առաքելութիւնը քաղաքացիական և կառավարական իշխանութիւններու մօտ», ինչպէս նաեւ «կարողանայ նպաստել եղբայրութեանն ու ընկերակցութեանը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ, և ամրապնդել հաղորդութիւնը տեղի կաթողիկէ համայնքէն ներս»։

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը

«Այսօրեայ իրադարձութիւնը վկայութիւնն է նաև այն գնահատանքին, որ Պետրոս Առաքեալի յաջորդը և Կաթողիկէ Եկեղեցին կը տածեն այս ազնուազարմ Երկրի հանդէպ, ուր կը բնակի դարեր ապրած այն Ժողովրդին մէկ մասը, որ եղաւ առաջինը որ ընդունեց քրիստոնէական հաւատքը» նշեց ապա Սուրբ Աթոռին ներկայացուցիչը ընդգծելով` որ «Կաթողիկէ Եկեղեցին, իր տարբեր ծէսերով, այս երկրին մէջ ներկայ է հասարակական, կրթական և մարդասիրական բազմաթիւ գործունութիւններով» այս ծիրէն ներս ակնարկելով մասնաւորապէս Աշոցքի «Ռետեմթորէս Մաթէր» հիւանդանոցին, «որուն բացումը կատարուած է 1991 թուականին Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի կամքով, «Քարիտաս Հայաստան»ին, որ կը գործէ ՀՀ տարածքին մէջ իր 52 կենտրոններով, «Մխիթարեան Հայրերու կողմէն կատարուած աշխատանքին, եւ Կալկաթայի Մայր Թերեզայի հիմնած Գթութեան Քոյրերու միաբանութեան գործունէութեան։

«Այս հիմնարկները տասնամեակներ շարունակ աշխուժօրէն գործեցին հայկական հասարակութենէն ներս և նպաստեցին անոր զարգացման» ըսաւ գերապայծառ Փենիա Փարրա, դիտել տալով ` թէ անոնք «երբեմն կարիքն ունին իրաւական «կարգավիճակի» և կանոնական առաւել յստակ ուղեցոյցներու՝ իրենց աշխատանքի և իրենց գործունէութեան համար»։

«Առաքելական Նուիրակութեան ֆիզիկական ներկայութիւնը վստահաբար օգտակար պիտի ըլլայ լուծելու խնդիրները և գտնելու գոհացուցիչ լուծումներ՝ իրաւական առաւել պատշաճ միջոցներու կիրառմամբ» աւելցուց Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը, որ խօսքի աւարտին ընդգծեց նաեւ «Սուրբ Աթոռի օժանդակութիւնը` ՀՀ Կառավարութեան և Միջազգային Հասարակութեան օրակարգին մէջ առկայ այն բոլոր հարցերուն, որոնք կը վերաբերին խաղաղութեան ու զինաթափման, մարդու իրաւունքներուն, մարդկային ու մշակութային զարգացման, կրօնական ազատութեան և շրջապատի պաշտպանութեանն ու պահպանման»։

Ողջ Հայ Ազգը կարողանայ վայելել տևական խաղաղութիւն

Ան ճառը եզրափակեց յոյս յայտնելով որ «ողջ Հայ Ազգը կարողանայ վայելել տևական խաղաղութիւն և ընկերային իրական զարգացում, շարունակելով հետևիլ այն քրիստոնէական արմատներուն, որոնց մասին վկայած են հայ ազգին Հայրերը դարերու ընթացքին»։

Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակութեան նոր գրասենեակի բացում

Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակութեան նոր գրասենեակի բացում

«Քահանայապետի Տան» բացումը

ՀՀ արտգործ նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի 10/1 հասցէին վրայ գտնուող Նուիրակութեան նոր գրասենեակին դիմաց, տեղի ունեցաւ Սուրբ Աթոռի դրօշի բարձրացման արարողութիւնը ի ներկայութեան սակաւաթիւ բարձրաստիճան անձերու՝ հաշուի առնելով երկրին մէջ տիրող Քովիտ 19-ի հետ կապուած համաճարակային իրավիճակը:

Բացման արարողութեան առիթով արտասանած իր ճառին մէջ Գերապայծառ Փենիա Փարրա դարձեալ շեշտը դրաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հոգեւոր մօտիկութեան զգացումներուն վրայ, հաստատելով, որ այս «նոր Առաքելական Նուիրակութիւնը յստակ նշանն է այն հոգածութեան, որ Սրբազան Քահանայապետը կը տածէ այս ազնուազարմ Երկրի ժողովրդին հանդէպ»։

«Այժմ կարող ենք ըսել, որ Սրբազան Քահանայապետը Տուն մը ունի Հայաստանի մէջ» ըսաւ գերապայծառ Փենիա Փարրա ընդգծելով, որ Քահանայապետին փափաքն է, «որ այս նոր Տունը ծառայէ Առաքելական Նուիրակին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան և տեղի քրիստոնէական հասարակութեան մօտ անոր առաքելութեան կատարման ժամանակ»։

Երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդում

«Ընդամէնը մի քանի տարի առաջ Հայաստանը հաճելի որոշում կայացուց Դեսպանատուն բանալու Սուրբ Աթոռին մօտ և նշանակելով Հռոմի մէջ «բնակութիւն» ունեցող Դեսպան մը։ Այսօր Սուրբ Աթոռը բարեյօժար կերպով կը փոխադարձէ այդ ժեստը՝ յուսալով, որ մեր դիւանագիտական յարաբերութիւնները կշարունակուին խորանալ» յարեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութեան տեղակալը, յիշելով Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ` Արմէն Սարգսեանին վերջերս Վատիկան կատարած այցելութիւնը։

«Կ՛ուզենայի նաև ընդգծել այն նշանակալի տարեդարձները, որ կատարուեցան այս տարի. դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատման 30-րդ տարեդարձը, Սբ. Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի հայաստան այցելութեան 20-րդ տարեդարձը և Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան 5-րդ տարեդարձը» ըսաւ ապա գերապայծառ Փենիա Փարրա, ի մէջ այլոց ընդգծելով, որ «Հայերը խոր հաւատքի տէր ժողովուրդ են... այն օրէն ի վեր որ անոնք ընդունեցան քրիստոնէութիւնը, քրիստոնէական հաւատքը նեցուկ եղաւ այս մեծ ժողովրդին, յատկապէս իր պատմութեան դժուարին պահերու ընթացքին» ու «հաւատքը նպաստեց կերտելու Հայաստանի հոգևոր և մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը, որ այսօր կը ներկայանայ իբրև պարծանքի առիթ և պիտի շարունակէ ներշնչել ու հարստացնել հայոց ապագայ սերունդներուն կեանքը»։

Համագործակցութիւն ի նպաստ խաղաղութեան եւ հասարակաց բարիքին

«Սուրբ Աթոռը մեծ անհամբերութեամբ կ՛ակնկալէ երկկողմ տևական համագործակցութիւն ունենալ Հայաստանի հետ բազմաթիւ խնդիրներու վերաբերեալ, յատկապէս այն խնդիրներուն, որոնք կը վերաբերին կրօնի ազատ արտայայտութեան ու մարդկային իւրաքանչիւր կեանքի արժանապատուութեանը, որպէսզի պատմութենէն դաս գաղենք և խուսափինք անոր որոշ ամենախաւար էջերը կրկնելէ» աւելցուց հուսկ Վատիկանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչը` ակնարկելով նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ յետ գոյութիւն ունեցող կապերուն ու մաղթելով` որ «Սրբազան Քահանայապետի այս նոր Տունը Հայաստանին մէջ ընկալուի որպէս յաւելեալ հաստատում մեր հաղորդութեան» և  «մօտեցնէ միութեան կամքի իրականացումը, զոր Տէրը արտայայտած է Իր հետևորդներուն համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապին հովուական խնամատարութիւնը

Գերապայծառ Փենիա Փարրա նշեց ապա թէ «Առաքելական Նուիրակութիւնը կը դրսեւորէ նաև Սրբազան Քահանայապետին հովուական խնամատարութիւնը տեղի կաթողիկէ համայնքի նկատմամբ»։

«Քանակով փոքր ըլլալով հանդերձ, Կաթողիկէ Եկեղեցիին նշանակալի դրական նպաստը հայկական հասարակութեան մէջ, առողջապահական ու մարդասիրական իր տարբեր ծառայութիւններու միջոցաւ, ակնյայտ նշանն է իր յանձնառութեան՝ ծառայելու բոլոր կարիքաւորներուն» եւ «խթան՝ բերկրանքով ապրելու հաւատքը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ հաղորդութեամբ» ըսաւ ապա Գերապայծառ Փենիա Փարրան խօսքին աւարտին երախտագիտութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն ու յատուկ կերպով Առաքելական Նուիրակ Նորին Գերազանցութիւն գերապայծառ Խօսէ Պեթանքուրին եւ անոր անձնակազմին. «Սրբազան Քահանայապետի այս փափաքը իրականացնելու նպատակով գործի դրուած ժամանակին ու ջանքերուն համար»։

Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակութեան նոր գրասենեակի բացում

Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակութեան նոր գրասենեակի բացում

Հայ Կաթողիկէ առաջնորդութեան նուիրեալ գործունէութիւնը 

Նշենք թէ Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին, յետ Հայաստանի անկախացման, իր առաքելութիւնը շարունակած է վարել երկրի բոլոր համայնքներուն մէջ վերանորոգելով բազում եկեղեցիներ եւ իր հոգեւոր ծառայութիւնը մատուցելով հայ հաւատացեալին։ Ան ապա յետ երկրաշարժեան եւ Արցախի առաջին պատերազմի պատճառով ստեղծուած ծանր ընկերային եւ հասարակական իրավիճակին ի տես, որոշած է հիմնել «Հայկական Քարիթասը», գործակցութեամբ «միջազգային Քարիթասին» եւ «Քարիթաս Եւրոպային», դիմագրաւելու նպատակով հայ հասարակութիւնը յուզող բազմաթիւ հարցերը։

Կառոյցներու շարքին նշենք նաեւ «Էմիլի Արեգակ»ը, յատուկ կարիքներ ունեցող անձանց համար հասարակական ծառայութեան կեդրոնը, որ նկատուած է անդրկովկասի մէջ ստեղծուած նմանատիպ առաջին կեդրոնը, որ այլ ծրագիրներու հետ միասին կը ծառայէ անխտիր համայն հայ հասարակութեան։

Կարելի չէ չի յիշել ապա վերջին Արցախեան պատերազմի ընթացքին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ «հայկական քարիթասի» անմնացորդ նուիրումը` ի սպաս ռազմաճակատին վրայ կռուող զինուորին ու գաղթականութեան մատնուած հազարաւոր ընտանիքներուն։

Կարեւոր ու մեծ աշխատանք կը տանին նաեւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը Գիւմրիի մանկատան ու տարեցներու խնամքի կեդրոններու եւ այլ ծրագիրներու միջոցաւ։

 

«VatikanNews»