Մենք այստեղ ենք, որպէսզի լսենք, թէ ինչ կրնանք ընել. ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ

2022-09-20
Image

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսի 18 Սեպտեմբերին խստօրէն դատապարտեց «Ատրպէյճանի անօրէն յարձակումները» Հայաստանի վրայ, տեղեկացուց «Արմենփրէս»ը։

Փելոսի Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի Ալէն Սիմոնեանի հետ տուաւ մամլոյ միացեալ ասուլիս մը:

Ասուլիսի ընթացքին Փելոսի յայտարարեց հետեւեալը. «Հայաստանը մեզի համար կարեւոր նշանակութիւն ունի, եւ խստօրէն կը դատապարտենք Հայաստանի սահմաններուն վրայ Ատրպէյճանի մահացու յարձակումները»: Ան վերահաստատեց ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակին մէջ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը, թէ տագնապը զինուորական լուծում չի կրնար ունենալ:

«Մենք կը շարունակենք հետեւիլ իրադարձութիւններուն: Կ՛ուզենք հասնիլ Արցախի տագնապին բանակցային խաղաղ եւ տեւական լուծում գտնուելուն», յայտարարեց Փելոսի:

Պատասխանելով ՀԱՊԿի վերաբերեալ հարցումի մը՝ ան ըսաւ. «ՀԱՊԿին վերաբերեալ որեւէ բան չենք ըսեր, կը հասկնանք, որ Հայաստան Ռուսիոյ հետ այդ կազմակերպութեան մաս կը կազմէ: Սակայն մենք կ՛ըսենք հետեւեալը՝ մենք մտահոգ ենք Հայաստանի ապահովական վիճակով եւ կ՛ուզենք այս առումով կարելի եղածին չափ աջակցիլ Հայաստանին»:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ուժանիւթի եւ առեւտուրի հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ֆրանք Փալոն, պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, իր կարգին ըսաւ. «Մենք կը հասկնանք, որ Հայաստան Ռուսիոյ հետ Անվտանգութեան կազմակերպութեան մէկ մասն է: Ոչինչ կ՛ըսենք այդ մասին, սակայն շատ մտահոգ ենք Հայաստանի ապահովութեամբ եւ կը փորձենք հասկնալ, թէ Միացեալ Նահանգները ի՛նչ կրնայ ընել՝ առանց անդրադառնալու այդ զինուորական կազմակերպութեան», նշեց Փալոն:

«Ժողովրդավար աշխարհի մէջ շատ կարեւոր կը նկատենք Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը: Եւ ինչպէս պարոն Փալոն ըսաւ, մենք Հայաստանին այդ կառոյցներուն մէջ հաղորդակցութիւններու մասին որեւէ ըսելիք չունինք: Սակայն, Հայաստանի գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը մեզի համար կարեւոր հարցեր են, եւ կ՛ուզենք այդ ուղղութեամբ մեր գործօն աջակցութիւնը ունենալ: Անշուշտ, Հայաստանը կու տայ այդ որոշումը, իսկ մենք մենք մեր պատրաստակամութեան մասին կրնանք խօսիլ»:

«Ներկայացուցիչներու տունը արդէն յառաջ մղած է բանաձեւ մը, որուն միջոցաւ կը դատապարտենք Ատրպէյճանի գործողութիւնները», յայտարարեց Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճեքի Սփիր եւ «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերող հարցումին պատասխանելով՝ յայտնեց. «Յոյս ունիմ, որ այդ բանաձեւով յառաջ պիտի շարժինք: Ինչ կը վերաբերի մեր յանձնառութեան՝ պիտի շարունակենք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան աջակցիլ եւ դէմ պիտի ըլլանք Հայաստանի սահմաններու որեւէ փոփոխութեան»:

Նշենք, որ քոնկրեսական Փալոն նախապէս «Թուիթըր»ի վրայ յայտնած էր, որ քոնկրեսական այլ անդամներու հետ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի յարձակումը դատապարտող բանաձեւ մը: «Բանաձեւին մէջ կոչ կ՛ուղղուի՝ անյապաղ դադրեցնելու Ատրպէյճանին տրամադրուող որեւէ օգնութիւն եւ կը հաստատէ Ներկայացուցիչներու տան աջակցութիւնը Հայաստանին: Մենք պէտք է հզօր ուղերձ յղենք, որ Ալիեւի յարձակումը անընդունելի է», գրած է Փալոն:

Պատասխանելով հարցին, թէ պատրա՞ստ է արդեօք Միացեալ Նահանգները ռազմական աջակցութիւն տրամադրել Հայաստանին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակը ըսած է որ, այստեղ են հասկնալու, թէ Երեւանը ինչ ակնկալիքներ ունի Ուաշինկթոնէն:

«Մեր այցը կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ այստեղ ենք` լսելու, հասկանալու, թէ ինչ կրնանք ընել, ինչ կրնայ ակնկալուիլ մեզմէ: Մեր այսօրուայ հանդիպման ժամանակ խօսեցանք տնտեսական, անվտանգային հարցերու մասին, «Հազարամեակի մարտահրաւէրՙ ծրագրին Հայաստանի միանալու հարցը բարձրացուեցաւ, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան հարցերու շուրջ մեր համագործակցութեան անդրադարձանք: Մենք այստեղ ենք, որպէսզի լսենք, հասկնանք, թէ ինչ ակնկալիքներ ու ցանկութիւններ կան», – յայտարարեց Նենսի Փելոսին: