Ստորագրուած է «Հայաստանի համար ՄԱԿ Կայուն զարգացման գործընկերութեան 2021- 2025 թուականներու շրջանակ»-ը

2021-06-02
Image

ՀՀ Կառավարութենէն ներս փոխվարչապետի պաշտօնակատար Մհեր Գրիգորեանը եւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Շոմպի Շարփը ստորագրած են «Հայաստանի համար ՄԱԿ Կայուն զարգացման գործընկերութեան 2021-2025 թուականներու շրջանակ» փաստաթուղթը:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն, մինչ ստորագրման արարողութիւնը Մհեր Գրիգորեանը հանդէս եկած է ողջոյնի խօսքով՝ նշելով, որ փաստաթուղթին մէջ նշուած բոլոր ոլորտներն ու ուղղութիւնները Հայաստանի համար առանցքային դերակատարութիւն ունին: Փոխվարչապետի պաշտօնակատարն իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշած է. «Այսօր ստորագրուող փաստաթղթի շնորհիւ, կարծում եմ, մենք առաւել կը կեդրոնացնենք մեր համատեղ ջանքերը ՄԱԿ-ի 2030 կայուն զարգացման օրակարգը կենսագործելու ուղղութեամբ»:

Ըստ աղբիւրի՝ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Շոմպի Շարփի կողմէ ստորագրուած Գործընկերութեան շրջանակը ՄԱԿ-ի ռազմավարական կարեւորագոյն փաստաթուղթն է, որ կը սահմանէ Հայաստանի մէջ գործող ՄԱԿ-ի բոլոր կառոյցներու աշխատանքը առաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին:

Զարգացման ազգային առաջնահերթութիւններու հիման վրայ մշակուած համաձայնագիրը կ'ամփոփէ ՄԱԿ-ի՝ Հայաստանի մէջ գործող եւ ոչ տեղական 20 կառոյցներու հաւաքական առաջարկը երկրին, որով ՄԱԿ-ը 230 միլիոն ԱՄՆ տոլարի նիւթական աջակցութիւն կը յայտնէ՝ ի շահ հայ ժողովուրդի:

Ստորագրման արարողութեան ժամանակ Շոմպի Շարփը ընդգծած է. «Գործընկերութեան շրջանակը նոր կարեւոր ուղենիշ է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան միջեւ արդէն իսկ խոր համագործակցութեան ուղղութեամբ։ Մենք համոզուած ենք, որ մեր գործընկերներու հետ համատեղ ջանքերով կարեւոր ներդրում կ'ունենանք համավարակի եւ հակամարտութեան կրկնակի ճգնաժամի ժամանակահատուածին՝ օգնելով երկրին առաջ շարժիլ դէպի աւելի լուսաւոր, խաղաղ եւ բարեկեցիկ Հայաստան: Այս համաձայնագիրը կը սահմանէ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի բոլոր գործակալութիւններու յաւակնոտ եւ հաւաքական տեսլականը, որու նպատակն է բարելաւել մարդոց բարեկեցութիւնն ու հնարաւորութիւնները, նպաստել տնտեսական «կանաչ» բարեփոխումներուն, ամրապնդել արդիւնաւէտ կառավարման համակարգը եւ խթանել սեռական հաւասարութիւնը»: