Զգաստութեան Սրտագին Կոչ
Նոյեմբեր 11, 2025
Զգաստութեան Սրտագին Կոչ
Հայասատանի մէջ, իշխանութեան եւ բարձրաստիճան կարգ մը եկեղեցականներու առճակատումով ծայր առած, լարուած եւ անհաճոյ ներկայ կացութիւնը, անտարակոյս, խոր վրդովում կը պատճառէ բոլորիս։
«Մեր Ժողովուրդին Եւ Մեր Հայրենիքին Հետ, Մեր Ժողովուրդին Եւ Մեր Հայրենիքին Համար» խորագրուած, Յունիս 29, 2025 թուակիր մեր յայտարարութեամբ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս վճռաբար յորդորած էր որ Մայր Աթոռը կտրականապէս դադրի քաղաքական նկրտումներ եւ միջամտութիւններ ունենալէ, որպէսզի չշարունակուի անոպայ ոտնահարումը պետականութեան անխախտելի մեր հասկացողութեան, ինչպէս նաեւ՝ անարգումը ազգային մեր արժանապատուութեան։
Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, սակայն, ցաւօք սրտի, նախընտրած է չընդհատել ամուր իր պայմանաւորուածութիւնը համանման այլ բախտախնդիրներու հետ, յայտնօրէն հետապնդելով զարտուղի, մոլար եւ փորձանքալից քաղաքական առաջադրանքներ:
Աւելին. սահմռկեցուցիչ երեւոյթ է որ, Մայր Աթոռը, որոշակիօրէն եւ փառամոլ սնապարծութեամբ, հետամուտ կ'ըլլայ հայրենի իշխանութեան տիրանալու։ Կրօնապետութիւնը ապաժողովրդական եւ խորշելի վարչաձեւ մըն է, զոր կը մերժեն եւ կ’օտարեն գիտակից եւ յառաջադէմ բոլոր ժողովուրդները։
Բացարձակապէս անընդունելի եւ անհանդուրժելի է որ մեր եկեղեցին ունենայ քաղաքական արեւելումներ։ Առաւել եւս, իմացականութիւն վիրաւորելու աստիճան ժխտելի է որ Ամենայն Հայոց յորջորջումը կրող եկեղեցապետը քաղաքական յստակ կողմնորոշում բացայայտէ հայ ժողովուրդի անառարկելի մեծամասնության հակառակ։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, աներկբայօրէն, ազգային մեր ինքնութեան նուիրականագոյն հիմնասիւներէն մին կը համարէ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, որուն անեղծ, անապական եւ անսասան պահպանման ի խնդիր մշտապէս պայքարած է, անզիջում կերպով։ Սկզբունքային այդ իսկ հայեցակէտով եւ նախանձախնդրութեամբ է որ, Կեդրոնական Վարչութիւնս, խոտելի եւ անարգ կը համարէ ներկայ անփառունակ իրավիճակը։
Հայ եկեղեցականներու սրբազան, խիստ նշանակալից առաքելութիւնն է հոգեւոր առաջնորդութիւնը մեր ժողովուրդին։ Մեծապէս բաղձալի եւ շահեկան պիտի ըլլար որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականները իրենց ուշն ու ժամանակը ամբողջովին բեւեռէին հոգեհարազատ այդ առաքելութեան վրայ։
Ցաւով կ’արձանագրենք, սակայն, որ Գարեգին Բ.ի եւ բարձրաստիճան կարգ մը այլ եկեղեցականներու, աշխարհիկ, հոգեւորական դասու բոլորովին անյարիր, նիւթապաշտ եւ մոլոր ընթացքն ու ախորժակները կը վտանգեն չքացնել մեր եկեղեցւոյ հանդէպ հայ ժողովուրդին տածած երկիւղած յարգանքը, վստահութիւնը եւ մինչեւ անգամ՝ հաւատքը։
Պղծաբարոյ այս դրութիւնը ո՛չ միայն սաստիկ կերպով կ’արատաւորէ եւ կը հեղինակազրկէ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին այլ, նոյնիսկ կրնայ անդառնալի կերպով վնաս հասցնել թէ՛ մեր սրբազան հայրենիքին, թէ ալ՝ ամբողջ մեր ազգին։
Հետեւաբար հրամայականօրէն անհրաժեշտ դարձած է որ Գարեգին Բ.ը եւ իր «մարտընկեր» եկեղեցականնները, հիմնովին կշռադատեն եւ չափաւորեն իրենց ներկայ ընթացքը, որպէսզի ազգովին խուսափինք ծայր աստիճան անցանկալի եւ անմխիթար իրադրութիւններէ եւ անոնց բոլոր հետեւանքներէն։
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ