ԱՄՆ կոչ կ'ընէ Ատրպէյճանին ետ քաշելու զօրքերը ելման դիրքեր․ Նետ Փրայս

2022-09-27
Image

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս ճեպազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է 13 սեպտեմբերին Պաքուի կողմէ Հայաստանի նկատմամբ ռազմական յարձակման: Խօսելով նախորդ շաբաթ ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպման, ինչպէս նաեւ կողմերու՝ խաղաղութեան հաստատման հարցով իսկապէս հետաքրքրուած ըլլալու մասին՝ Փրայսն ըսած է ամերիկեան կողմի համար կարեւոր էր կողմերու միջեւ հանդիպում կազմակերպելը:

«Ի հարկէ, Արտաքին գործոց նախարարը զրոյցներ ունեցած է երկու առաջնորդներու հետ, բայց սա բռնութիւններու վերջին բռնկումէն ետք երկու արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումն էր: Արտաքին գործոց նախարարը երկու ղեկավարներուն նշած է հրադադարի պահպանման կարեւորութիւնը, հանգստութիւն պահպանելու կարեւորութիւնը, ըսած է, որ մենք նուիրուած ենք կայուն հրադադարին եւ խաղաղ կարգաւորման։ Մենք երկու արտաքին գործոց նախարարներուն ալ բացատրած ենք, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու այս գործին երկկողմ, բազմակողմ (ձեւաչափերով), գործընկերներու հետ միասին: Սա կը ներառէ մեր աջակցութիւնը ԵՄ խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի՝ առաջներդներու միջեւ հանդիպում կազմակերպելու ջանքերուն:

Անոնք այդ հանդիպման ընթացքին քննարկած են առաջընթացի լաւագոյն ուղին, եւ Պլինքըն առաջարկած է կողմերուն միտքեր փոխանակել, թէ ինչպէս բովանդակալից առաջ տանիլ խաղաղ գործընթացը մինչեւ ամսուայ վերջ:

Մեր ուղերձը տեւական ժամանակ հետեւողական է. մենք կոչ կ'ընենք Ատրպէյճանին վերադարձնելու զօրքերը իրենց սկզբնական դիրքերը, կոչ կ'ընենք դուրս բերելու ռազմական ուժերը եւ աշխատելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ բոլոր խնդիրները լուծել խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով։

Ուժի կիրառումն ընդունելի ճանապարհ չէ: Մենք այդ հասկցուցած ենք մասնաւոր կերպով: Մենք այդ նաեւ հրապարակայնօրէն յայտնած ենք, եւ ուրախ ենք, որ մեր շարունակական ներգրաւուածութիւնը, ներառեալ բարձր մակարդակներով, ներառեալ անցեալ շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ՝ երկու երկիրներու հետ, օգնած է դադարեցնելու ռազմական գործողութիւնները, եւ մենք պիտի շարունակենք ներգրաւուիլ եւ խրախուսել աշխատանքը, որ անհրաժեշտ է կայուն խաղաղութեան հասնելու համար եւ ատոր կարելի է հասնիլ. այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի»,- եզրափակած է Փրայս: