ՌԱԿ Կիպրոսի Շրջանակի ընկերներ մասնակցեցան Հայաստանի պատուիրակութեան կիպրոսեան հանդիպումներուն
Յուլիս 3-6-ը պաշտօնական այցով Կիպրոսի Հանրապետութիւն կը գտնուէր Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ էր նաեւ Հայաստան-Կիպրոս միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ Մխիթար Հայրապետեանը:
Եռօրեայ պաշտօնական այցի ծիրէն ներս ՀՀ ԱԺ նախագահը հանդիպումներ ունեցաւ Խորհրդարանի նախագահ Տիմիթրիս Սիլլուրիսի, երկու խորհրդարաններու միջխորհրդարանական յանձնաժողովի անդամներուն, Պաշտպանութեան նախարար Սավաս Անկելիտիսի, Նիկոսիոյ Քաղաքապետ Կոնստանտինոս Եորկաճիսի, ինչպէս նաեւ՝ Կիպրոսի Յոյն-Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պետ՝ Խրիսոստոմոս Արքեպիսկոպոսի հետ։
Յուլիս 5-ին,Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյանը Կիպրոսի ներկայացուցիչներու պալատէն ներս հանդէս եկաւ ելոյթով։
Սոյն միջոցառման, Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահի քարտուղարութենէն ստացուած մասնաւոր պաշտօնական հրաւէրով, ներկայ եղան նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պաշտօնական ներկայացուիչներ, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան փոխատեանապետ Ընկ. Ասատուր Տէվլեթեանը եւ Ընկ. Եղիա Գայայեանը:
Նախ խօսք առաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Տիմիթրիս Սիլլուրիսը: Ան ողջունելով ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, կարեւորեց հայ-կիպրական պատմական եւ մշակութային դարաւոր կապերը, որոնք ներկայ բարձր մակարդակի համագործակցութիւնը աւելի խորացնելու եւ գործնական մակարդակի հասցնելու հիմք են: Ան շեշտեց հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներու միջեւ դարաւոր եղբայրական կապերու կարեւորութիւնը, որ հիմք կը հանդիսանայ ապագայի հեռանկաներուն եւ աւելի առնչակից կը դարձնէ երկու երկիրերը, ամրապնդելով անոնց միջեւ առկայ կապերը։
Սիլլուրիս նաեւ կարեւորած է Կիպրոսի հայ համայնքի դերակատարութիւնը երկրի տնտեսական եւ հասարակական կեանքին մէջ:
Իր հերթին, ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեան իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ հայ եւ կիպրացի ժողովուրդները իսկական եղբայրներ են, եւ Հայաստանն ու Կիպրոսը իսկական ընկերներ: Միրզոյեան իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատին ապրիլի 24-ը պետականօրէն Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակելու, իսկ 2015 թուականին՝ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող բանաձեւը միաձայն ընդունելու համար:
Ան մատնանաշեց, որ հայ-կիպրական յարաբերութիւնները օրինակելի են իրենց փոխըմբռնման եւ փոխվստահութեան դրսեւորմամբ: Միրզոյեան նաեւ կարեւորեց Հայաստան-Կիպրոս-Յունաստան համագործակցութեան եռակողմ ձեւաչափը, նշելով, որ այն նոր հեռանկարներ կը ստեղծէ մասնակից պետութիւններուն միջեւ բազմաշերտ փոխգործակցութեան խորացման համար եւ հնարաւորութիւն կ'ընձեռէ կողմերուն առաւել արդիւնաւէտ օգտագործելու համագործակցութեան ամբողջ ներուժը:
Նոյն օրը երեկոյեան հայ խորհրդարանականները այցելեցին Կիպրոսի «Մելգոնեան» կրթական հաստատութիւն, որ 2005 թուականէն ի վեր դադրած է գործելէ։ Յատուկ այս այցի համար կիպրահայերը կազմակերպած էին բողոքի ցոյց` ընդդէմ ՀԲԸՄ կողմէ դպրոցի փակման որոշման: Ցուցարարները, որոնց մէջ կային նաեւ մելգոնեանցիներ, կը յայտնէին, որ Հայաստանի մէջ յեղափոխութենէն ետք կ'ակնկալեն նաեւ յեղափոխութիւն Սփիւռքի մէջ, ընդգծելով, որ կարելի չէ թոյլ տալ Սպիտակ եղեռնի իրականացումը եւ կը մերժէին «Մելգոնեան»ի վաճառումը:
Արարատ Միրզոյեան իր համակրանքը յայտնելով պայքարող հայրենակիցներու մօտեցումներուն հանդէպ, խոստացաւ աւելի մանրամասն կերպով քննել Մելգոնեանի ընդհանուր հիմնախնդիրը, ընդգծելով, որ Մելգոնեան Վարժարանի հարցը կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայկական ընդհանուր օրակարգին մէջ։
Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը այցելեց Կիպրոսի Սուրբ Աստուածածին Մայր Եկեղեցի, Նարեկ Ազգային Վարժարան եւ ապա առաջնորդարանի դահլիճէն ներս հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն արք. Տողրամաճեանին հետ, որուն ներկայ էին նաեւ գաղութի հոգեւոր եւ ազգային պատասխանատուներն ու համայնքի ներկայացուցիչները:
Ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու եւ լուսաբանութիւններ ստացան Ազգային Ժողովի Նախագահին եւ Սփիռքի նախկին Նախարար՝ Պրն. Մխիթար Հայրապետեանի կողմէ:
Նշենք, որ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՀ Ազգային Ժողովի տասնեօթ պատգամաւորներ եւ այլ պաշօնակատարներ: Պաշտօնական այս այցը կը նկատուի շարունակութիւնը ժամանակ մը առաջ կայացած Հայաստան-Կիպրոս-Յունաստան ձեւաչափով սփիւռքի հարցերու շուրջ եռակողմ հանդիպման եւ աւելի ուշ՝ 4 Յունիս 2019-ին դարձեալ Նիկոսիոյ մէջ կայացած ԱԳ նախարարներու եռակողմ հանդիպման, որուն աւարտին նախարարները համաձայնութեան եկած էին Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ գործընկերութեան հաստատման շուրջ, նպատակ ունենալով քաղաքական երկխօսութեան եւ համագործակցութեան միջոցով ընդլայնել երեք երկրներու միջեւ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման խթանումը։
Եռակողմ ձեւաչափով ձեռնարկուելիք յետագայ հանդիպուներու ծիրէն ներս որոշում կայացուած էր երկրի ղեկավարներու՝ եռակողմ ձեւաչափով առաջին հանդիպումը կայացնել Հայաստանի մէջ, 2020 թուականի յունուարին։