«Փեթախթիքվայի ծրագիրը լաւ ուսումնասիրուած ծրագիր մը չէ». Սաղիմահայ գործիչը իր դժգոհութիւնը արտայայտեց
ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Յակոբ Անդրէասեանը վերջերս «Արեւելք»ի տուած հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Իսրայէլի մէջ ցեղասպանութեան յուշարձան բանաելու հարցին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը.-
-Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք Իսրայէլի մէջ ցեղասպանութեան յուշարձան բացուելու մասին:
Ես «Ռամկավար Մամուլ»էն տեղեկացայ, ուր կ՚ըսուէր, թէ մամլոյ ասուլիսի մը ժամանակ այդ մասին յայտնած է «Հայաստան-Իսրայէլ» միջազգային հասարակական ֆորումի համանախագահ դոկտոր Ալեքսանտր Ցինկըրը:
Ընդհանուր գիծերու մէջ, միշտ քաջալերելի է այս տեսակ գործը. որեւէ մէկ տեղ, որ ցեղասպանութեան յուշարձան կը դրուի, մեզի համար ողջունելի է, բայց այս պարագային կարեւոր հարց մը կայ, որ պէտք է նշուի:
Նախ Փեթախթիքվա քաղաքը Իսրայէլի մէջ երկրորդական, երրորդական քաղաք մըն է, ուր զբօսաշրջիկներու թիւը քիչ է եւ ոչ ալ տեղացիները այդտեղ կ՚երթան, այսինքն նուազ կարեւորութիւն ներկայացնող քաղաք է:
Ատոր կողքին, Երուսաղէմի մէջ, տարիներ առաջ, որպէս Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի յուշարձան, Հայաստանէն հինգ խաչքարեր բերուեցան, հինգ վիլայէթները խորհդանշող, եւ դրուեցան Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի տարածքին մէջ, որ կը գտնուի հայոց վանքին դիմաց. խաչքարներուն տեղը աչքառու տեղ էր ու կը գտնուէր անցորդ-զբօսաշրջիկներուն անցած կէտի մը վրայ: Խաչքարերը տեղադրուեցան դպրոցի ցանկապատէն ներս, նպատակ ունենալով, որ յետագային ցանկապատի այդ մասը բացուի եւ դուրսէն եւս տեսանելի դառնան խաչքարները։ Սակայն, դժբախտաբար, մինչեւ այսօր պետութիւնը չարտօներ, որ այդ ցանկապատը բացուի. Հայաստանէն նոյնիսկ մասնաւոր կամարաձեւ քարեր բերուեցան, խաչքարերուն առաջ դնելու համար, բայց մինչեւ այսօր անոր տեղադրման հրաման չենք կրցած ստանալ:
Ի վերջոյ, մեզի համար կարեւորը այն է, որ մարդիկ տեսնեն յուշակոթողը. ճիշդ է, որ մենք մեր նահատակներու յիշատակին համար կը զետեղենք խաչքար-յուշարձանները, բայց մեզի համար շատ կարեւոր է, որ օտարներն ալ տեսնեն ու այդ ճամբով ծանօթանան մեր ժողովուրդի խաչելութեան պատմութեան։:
-Այսինքն, Ձեր կարծիքով, տեղի ընտրութիւնը սխա՞լ է:
Իմ ըսելիքս այն է, որ նախընտրելի է, որ այդ մարդիկը, որոնք կ'աշխատին այս ծրագրին համար, նկատի ունենան տեղի ընտրութիւնը: Փեթախթիքֆա քաղաքը ընդհանրապէս բնակեցուած է այն հայերով, կամ կիսահայերով, որոնք եկած են Խորհրդային Միութենէն եւ Հայաստանէ, որոնք կ'ըսեն, որ իրենք հայեր են, բայց չենք գիտեր անոնց որքանով հայ ըլլալը: Այսօր այս հայերը աւելի իրաւասութիւններ ունին, քան մենք, որ այստեղ ծնած ենք, հաւանաբար այն բանի համար, որ այնտեղ իրենք բաւական մեծ թիւ կը կազմեն, եւ ընտրապայքարներու ժամանակ քուէի ուժ կը ներկայացնեն, եւ ատոր համար այս տեսակ բան մը կրցան յաջողցնել:
Բայց, ինչպէս յայտարարուած է, ծրագիրը դեռ սկզբնական փուլի մէջ է, դեռ պէտք է դրամահաւաք ընեն, երկար ժամանակ կը պահանջէ մինչեւ այդ ղրագիրը իրականութիւն դառնայ։
Ուրիշ բան մըն ալ նկատի պէտք է առնենք. Իսրայէլի պետութիւնը այս տեսակ բաներ յաճախ կ'ընէ աչքերուն փոշի ցանելու համար, անկարելի է, որ Իսրայէլը բան մը ընէ, առանց նպատակի, այսինքն, հազիւ թուրքերուն հետ խնդիր ունենայ, բան մը ուզէ ըսել անոնց, անմիջապէս հայկական հարցը մէջտեղ կը հանէ, մէկ երկու հոգի յայտարարութիւններ կ'ընեն, թուրքերը կը միջամտեն եւ հարցը կը փակուի։ Մենք՝ հայերս, միշտ այս տեսակ բաներու թիրախ եղած ենք եւ ես անձնապէս երբեք չեմ ենթարկուիր այս տեսակ խաղերուն եւ միշտ ալ կ'ըսեմ, որ մեր սուրբերուն անունը մի օգտագործէք ձեր քաղաքական շահերուն համար: