Ընկ. Վաչէ Տօներեանի խօսքը՝ Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման կեդրոնական ձեռնարկին
Հոգեւոր Հայրեր,
Ազգային Քաղաքական Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներ,
Այս տարի, Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ ամեակի ոգեկոչումը, կը զուգադիպի այնպիսի ահաւոր զարգացումներու, սուր տագնապներու ու ճգնաժամային պահերու, որոնք, առաւել կամ նուազ, նախ մեզի կը վերյիշեցնեն ասկէ աւելի քան դար մը առաջ տեղի ունեցած հայոց ցեղասպանութիւնը, տարածքային բռնագրաւումները, մարդկային տեղահանութիւններն ու տարագրական երեւոյթները:
Բայց այս անգամ, նենգ ոսոխը, արիւնարբու, մարդակուլ ու բարբարոս՝ Թուրքիոյ ցեղակից Ազրպէյճանն էր, որ արար աշխարհի անփոյթ ու լուռ հայեացքներուն դիմաց, թրքական – իսրայէլեան քաղաքական-ռազմական թիկունքով զինուած, վարձքաններով համալրուած եւ ահաբեկիչներով ամբողջացած, համարձակեցաւ «կենդանացնելու» իր յարձակողական եւ յափշտակողական ախորժակը, այն սին տրամաբանութեամբ, որ Արցախը հայկական հողամաս չէ ու կը պատկանի թրքաբարոյ խուժաններուն:
. Պատմական ի՜նչ հեգնանք..:
. Իրաւական ի՜նչ զաւեշտ...:
. Տարածքային ի՜նչ խակքութիւն..:
. Քաղաքական ու պետական ի՜նչ ապիկարութիւն..:
Այսօր, երբ համայն աշխարհ կը խոնարհի Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն յիշատակին առջեւ, ցեղասպանուած հայը կը մնայ պահանջատէրը իր անկորնչելի իրաւունքներուն, իր անժամանցելի դատին, առաւել եւս կառչելով իր ուխտերուն, իսկ միւս կողմէ սակայն՝ դէմ յանդիման կը գտնուի ազերիկան-թրքական նորագոյն վայրագութիւններու ու նուաճումներու դիմաց: Հայ ժողովուրդը չունի այլընտրանք, չի կրնար ունենալ այլ ուղի, բացի, վերանորոգելու իր ազգապատկան հաւատամքները, տէր կանգնիլ, պայքարիլ, դիմագրաւել եւ յաղթահարել բռնութիւններն ու բրտութիւնները, որոնք կը գործադրուին իր եւ իր հայրենիքին դէմ, քաղաքական, անիրաւական, ռազմական եւ հակապետական անարդար գործօններով:
Արդարեւ, իւրաքանչիւր գիտակից եւ յանձնառու հայ, ո՛ւր որ ալ գտնուի ան, ի՛նչ պատկանելիութիւն ալ ունենայ ան, պէտք է զինուի հեռատես քաղաքականութեամբ ու ճկուն դիւանագիտութեամբ: Հայը պէտք է որդեգրէ անզիջող կեցուածք եւ անվիճելի ողջամտածութիւն՝ շրջանային ու միջազգային ոլորտներէն ներս, ոչ միայն իր դէմ լարուած թակարդները խորտակելու, այլեւ բացայայտելու այն բոլոր անիրաւութիւնները, որոնք կը կիրարկուին իր հանդէպ:
Ուստի, գիտակցելով ասոր, մենք այլեւս յստակօրէն պէտք է յայտարարենք թէ՝ յամենալու չենք, շատ ժամանակ կորսնցնելու չենք, կամ գրաւ դնելու այն դիտաւորութեանց վրան, որոնք մերկեդրոնացումները կը շեղեն ու կ'ուղղեն ցեղասպանութիւնն ընդունելու ու ճանչնալու ընտրանքներուն վրայ միայն:
Օրինակի համար, Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու վարչակարգը, տարիներէ ի վեր, յամառօրէն կը խաբէր, այո՛ կը խաբէր հայ ժողովուրդը, թէ պիտի ընդունի ու ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Սա, միայն խօսք ու խոստում էր միշտ՝ յանուն նախագահական փուճ քուէներու:
Այսօր, նոյն խեղկատակութիւնն է, որ կը շարունակուի, երբ նախագահ Պայտըն, իր նախորդներուն խեղկատակութիւնը կը վերահաստատէ: Իսկ մենք տակաւին պիտի հաւատա՞նք համապետական այսպիսի բարբաջանքներուն: Երանի սխալինք...:
Ճանաչման պարագան չի նշանակեր, որ ատիկա կարեւոր կամ պէտք չէ, բայց անոր կողքին, եւ ատկէ աւելի, հայ դատի հաշւոյն, կենսական ու հիմնական է, որ «Հայկական գնացք»-ը գործէ նոր յառաջդիմութիւններով հայկական պահանջատիրութիւնը առաջնորդելով դէպի աւելի կայուն ու հաստատուն հարթակներ:
Եղածը չի թերագնահատուիր, բայց երբ կատարուածն ու կատարուելիքը զիրար քիչ տոկոսով կ'ամբողջացնեն, հոն կը նշմարուի ու կը զգացուի որոշ նահանջ մը, մակընթացութիւն մը, ինչ որ կը տկարացնէ պահանջատիրութեան թեզի երթն ու կազմաւորումը:
Այս կէտը, առանց բարդոյթի ու վարանումի ընդգծելը կը նկատենք էական, որովհետեւ՝ մեր առջեւ այսօր կը ցցուի նոր մարտահրաւէր մը, որուն հաշիւը չէր կատարուած, ոչ ալ տեսնուած, ասիկա՝ թէ՛ Արցախի վիրաւոր կարգավիճակով է, թէ՛ Հայաստանի սպառնացող վտանգով, որոնց նկատմամբ պէտք է ըլլալ չափազանց զգաստ ու սթափ, պատրաստակամ ու կազմակերպ, այնքան ատեն որ դարանակալ թշնամին անայլայլ գործելու վճռակամ է դեռ. Հետեւաբար, կարելի չէ թուլամորդութեամբ կամ կարճատեսութեամբ վերաբերուիլ անոնց հետ:
Այո՛, այս է դառն ճշմարտութիւնը, մանաւանդ երբ կը տեսնենք, որ հայրենիքի մէջ, ներքաղաքական կացութիւնը կ'անցնի շատ փափուկ ու զգայուն հանգրուաններէն, նոյնիսկ ձգուած ու լարուած ճակատումներով, իսկ ատոնք գոնէ ներկայիս հանդարտելու կամ կայունանալու ձիւնհալներ ցոյց չեն տար, քանի իշխանութիւն–ընդդիմութիւն հակամարտութիւնն կը մնայ անհաղորդ եւ անտեղիտալի:
Սփիւռքն, իր ազգային ու քաղաքական եւ ընդհանրապէս գաղութային ու համայնքային կառոյցներով, համախումբ ջանասրտութեամբ հետեւելու է այս շարժերուն, որպէսզի բազմաբեւեռացումի թեւերն աւելի չկարծրանան ու չխորանան՝ վտանգաւոր ուղիներէն հեռու մնալու ու հեռու պահելու համար հայրենիքն ու ժողովուրդը:
Յստակ պէտք է ըլլայ, մենք նախանձախնդիր ենք, որ մեր ազգային պահանջատիրական դրոյթներն մնան անսակարկելի եւ ամրակուռ, որոնց իրականութեան համար ո՛չ դասալքութիւնը, ո՛չ ընկրկումը, ո՛չ ալ անտարբերութիւնը կրնան օգնել մեր համայնական շահերուն:
Հայ ժողովուրդն, իր նպատակներուն հասանելիութեան ճամբուն վրայ, անտարակոյս, յստակ ու մէկին թիրախ մը ունի, եւ պէտք է ունենայ, ատիկա՝ մեր երիտասարդութեանգրաւականն է, անոր որ դրօշակակիրն է, նոր ջահակիրը, նաեւ հերթափոխի հատուածն, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն սկսած մինչեւ Արցախեան գոյամարտի արթուն, հետապնդող ու համազինուած պահակն է:
Թանկագին հայրենակիցներ ու հայորդիներ,
Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին նշումը, բոլորս կը դնէ ազգային լուրջ պարտաւորութիւններու ու պարտականութիւններու առջեւ, պայմանաւ որ՝ վերանորոգ ուժերով, վերակազմակերպուած ջանքերով, վերամշակուած տեսիլքներով առաջնորդուինք դէպի այն հորիզոններն, որոնք հայ դատին ու հայկական պահանջատիրութեան կու տան սլացիկ ու շօշափելի արդիւնաւէտութիւն, թէկուզեւ՝ քայլ առ քայլի քաղաքականութեամբ, բայց անխախտօրէն:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, իր հիմնումի առաջին օրէն ի վեր, Հայոց Ցեղասպանութեան հետապնդման ու պաշտպանութեան ջատագովներէն եղած է, միշտ զօրավիգ կանգնելով անոր յաջողութիւններուն եւ իրագործումներուն:
Սակայն, հայ ժողովուրդն աւելի ազդու ու նպատակային դարձնելու համար իր պահանջատիրութեան... պահանջքներէն ուրիշ ելք չկայ, պէտք է՝ համախմբուիլ, միանալ ու միաբանիլ, նոր թռիչքներով եւ ամուր ենթահողերով:
106 –րդ տարելիցն ասիկա կը պարտադրէ ու բոլորս կը մղէ բռնցքային ու միահամուռ համագործակցութեան: