«Խաղաղութեան պայմանագրում Լեռնային Ղարաբաղի մասին յիշատակում կայ». ԱԽ քարտուղար

2023-02-14
Image

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրին մէջ Ղարաբաղի մասին յիշատակում կայ, բայց այդ փաստաթուղթը վերջնական չէ, «Ազատութեան» հարցումին պատասխանելով՝ տեղեկացուցած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան:

Երեւան եւ Պաքու հինգ ամիսէ ի վեր կ՛աշխատին խաղաղութեան պայմանագիրի բնագին վրայ` պարբերաբար զայն վերամշակելով եւ իրարու փոխանցելով: Սակայն, մինչեւ այսօր յայտնի չէ, թէ արդեօք կողմերը որեւէ համաձայնութեան եկա՞ծ են այդ փաստաթուղթին շուրջ: Քննարկուող նախագիծը եւս չէ հրապարակուած:

Արցախին վերաբերող յիշատակումին մասին Գրիգորեան ըսած է հետեւեալը. «Ղարաբաղի մասին յիշատակում կայ: Պէտք է հաշուի առնել, որ այդ փաստաթուղթը վերջնական չէ դեռ: Դա բանակցային գործընթաց է: Եւ գիտէք, յայտնի մօտեցում կայ բանակցութիւններում, որ եթէ ամէն ինչ համաձայնեցուած չի, դեռ ոչ մի բան համաձայնեցուած չի»:

«Արդեօք սկզբունքայի՞ն է հայկական կողմի համար, որ որեւէ կերպ Ղարաբաղի հարցը արծարծուի այդ խաղաղութեան պայմանագրի փաստաթղթում», «Ազատութեան» հարցումին պատասխանելով՝ ան ըսած է. «Հայկական կողմի համար աւելի կարեւոր է միջազգային տեսանելի մեխանիզմի ստեղծումը, որի շրջանակներում Ստեփանակերտը եւ Բաքուն կը քննարկեն անվտանգութիւնը եւ իրաւունքները: Թէ դա ո՞ր ֆորմատով կը կատարուի, դա չի առաջնայինը: Առաջնայինը դա մեխանիզմի ստեղծումն է»:

Գրիգորեան տեղեկացուցած է, որ ներկայիս հայկական կողմը կ՛աշխատի Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրին վրայ եւ կարելի եղածին չափ արագ զայն պիտի փոխանցէ Ատրպէյճանին։

Խօսելով շուրջ մէկ շաբաթէն Հայաստան ժամանող Եւրոպական Միութեան մօտաւորապէս 100 դիտորդներուն մասին՝ Գրիգորեան ըսաւ, թէ Հայաստանի իշխանութիւնը զանոնք հրաւիրեց ապահովական որոշ երաշխիքներ ստեղծելու նպատակով: Ան շեշտեց, որ այդ երաշխիքները միայն ռազմական ներկայութեամբ չեն ստեղծուիր: «2021 թուականին, Մայիսին եւ Նոյեմբերին Հայաստանի սուվերեն (գերիշխան) տարածքի նկատմամբ յարձակում է եղել: Նոյնը տեղի է ունեցել` լայնածաւալ յարձակում, անցած տարի Սեպտեմբերին: Եւ այդ փորձը հաշուի առնելով, որ գոյութիւն ունեցող անվտանգութեան երաշխիքները չեն աշխատում, Հայաստանը հրաւիրել է Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը` որոշակի անվտանգութեան երաշխիքներ ստեղծելու նպատակով», յայտնած է Գրիգորեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ կ՛ընէ Հայաստան Լաչինի միջանցքի բացման նպատակով՝ ան վստահեցուց, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները այս ուղղութեամբ ամէն ինչ կ՛ընեն: «Միակ քայլը, որ Հայաստանը չի ձեռնարկում, որտեղ եւ լիազօրութիւն չունի, դա հէնց միջանցքում քայլեր ձեռնարկելն է, հէնց բուն միջանցքում: Գիտէք, որ Նոյեմբերի 9ով այդ պատասխանատուութիւնը դրուած է Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ադրբեջանի վրայ: Եւ մենք ակնկալում ենք, որ իրենք իրանց պարտաւորութիւնը կը կատարեն», եզրակացուցած է Գրիգորեան։