Հանդիպում Եւ Զրոյց Ռ.Ա.Կ. Ներկայացուցչական Գրասենեակէն Ներս
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատարի Գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած Համաշխարհային Հայկական Երկրորդ Գագաթնաժողովին (Սեպտեմբեր 17-20), բազմահարիւր այլ մասնակիցներու շարքին, Երեւան ժամանած էին նաեւ կարեւոր թիւով ռամկավար ազատականներ, աշխարհի տարբեր կողմերէն։
Ընկեր Տիգրան Ապասեան, Ռ.Ա.Կ. Յունստանի Շրջանային Վարչութեան երկարամեայ կարկառուն անդամ եւ «Հայ Կեանք» առցանց պարբերականի պատասխանատու խմբագիր եւ ընկեր Յակոբ Տիւնեայեան, «Աղթամար» եւ «Ծաղիկ» թերթերու վաստակաշատ խմբագիր (Լիբանանէն) փափաք յայտնած էին հանդիպելու Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան Երեւան գտնուող անդամներուն հետ, կուսակցութեան վերաբերող կարգ մը հարցերու եւ նորագույն զարգացումներու մասին լուսաբանութիւններ ստանալու եւ, առ հասարակ, խորհրդակցելու նպատակով։
Շուրջ երկու ժամ տեւած խիստ շահեկան հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16-ին, Ռ.Ա.Կ. Երեւանի Ներկայացուցչական Գրասենեակէն ներս կը մասնակցէին Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետներ ընկերներ Աաստուր Տէվլեթեան եւ Ալեքսան Գարատանայեան, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ ընկերներ Բարդուղ Գալստեան, Հայկ Լեփեճեան եւ Անդրանիկ Լեփեճեան։
Նկարին մէջ- Ձախէն աջ՝ ընկերներ Անդրանիկ Լեփեճեան, Ասատուր Տէվլեթեան, Հայկ Լեփեճեան, Տիգրան Ապասեան եւ Յակոբ Տիւնեայեան