Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հրաժարական տուաւ

2022-01-23
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան հրաժարական ներկայացուց։ 

Այս մասին նախագահը  տարածեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.-

1990-ականներու սկիզբը աշխարհաքաղաքական մեծ փոփոխութիւններու հետեւանքով մեր ժողովուրդին մեծագոյն հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ ստեղծելու իր անկախ պետութիւնը: Մեր առաքելութիւնը ոչ թէ մէկ դրօշակը ուրիշով մը փոխարինելն էր, այլ՝ կառուցել երկիր, որ դարեր անց վերստին պիտի ապահովէ հայերուն անվտանգութիւնը, յառաջընթացը եւ բարգաւաճումը:

Կ՝ընդգծեմ՝ անկախ պետութեան գոյութեան հիմնական իմաստը պատասխանատւութիւն ստանձնելու ու կրելու կարողութիւնն է, երբ մենք կը գիտակցինք, որ միայն մենք ենք, որպէս մէկ միասնական մարմին, սեփական յաղթանակներ կերտողը եւ սեփական պարտութիւններու մեղաւորը:

Նման պատմական հնարաւորութեամբ ոգեւորուած՝ ես, ինչպէս եւ իմ շատ հայրենակիցներ, նուիրուեցայ այդ առաքելութեան: Տարբեր պատճառներով այս կամ այն փուլերու ընթացքին իմ մասնակցութեան աշխուժութիւնը կը փոխուէր, բայց ես չէի դադրեր հաւատալէ մեր վերջնական համազգային յաջողութեան: Եւ այդ էր Հայաստանի նախագահի պաշտօնը զբաղցնելու առաջարկին համաձայնելու իմ գլխաւոր շարժառիթը:

Ընդունելով այդ կարեւոր որոշումը՝ ինծի եղած առաջարկէն, ըստ որուն՝ նախագահական նոր հիմնարկը պիտի ունենայ գործիքներ եւ հնարաւորութիւններ՝ ազդելու արտաքին քաղաքական եւ տնտեսական, ներդրումային քաղաքականութեան վրայ, Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու վրայ, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզի մէջ համազգային շահերը առաջ մղելու եւ նոր գիտակրթական ու բարձր արհեստագիտական միջավայր ձեւաւորելու համար:

Որոշ ժամանակ անց տեղի ունեցան 2018թ. Ապրիլ-մայիսեան իրադարձութիւնները…

Կրնայ հարց ծագիլ՝ ինչո՞ւ ես հրաժարական չտուի այդ պահուն: Պատասխանը ակնյայտ է՝ այն պատասխանատւութեան պատճառով, որ ես վերցուցած էի վրաս՝ ստանձնելով Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը: Ես պարտաւոր էի ընելու ինձմէ կախուած ամէն ինչ՝ բացառելու ներքին պառակտման յետագայ խորացումը, հնարաւոր բախումները, որոնք կրնային յանգեցնել չափազանց բացասական հետեւանքներու: Ես նաեւ կը ձգտէի իմ երկարամեայ աշխատանքին շնորհիւ ձեռք բերած հեղինակութիւնը, կապերը եւ իմ միջազգային քաղաքական ու տնտեսական ներուժը ծառայեցնել ուժեղ եւ կայուն պետականութեան կառուցման:

Կրկին կրնայ հարց յառաջանալ, թէ ինչո՞ւ Նախագահը չկրցաւ ազդել այն քաղաքական իրադարձութիւններուն վրայ, որոնք մեզի հասցուցին ներկայ համազգային ճգնաժամին: Պատճառը կրկին ակնյայտ է՝ համապատասխան գործիքներու պակասը, գործիքներ, որոնցմով ցանկացած պետական պաշտօնեայ կ՝օժտէ բացառապէս մէկ փաստաթուղթ՝ Սահմանադրութիւնը: Նոյնինքն գործող Հիմնական օրէնքին մէջ թաքնուած են մեր որոշ կարեւոր խնդիրներուն արմատները:

Մենք ունինք տարաբանական (paradoxical) իրավիճակ, երբ Նախագահը ստիպուած է պետականութեան երաշխաւոր ըլլալ՝ փաստացի չունենալով որեւէ իրական գործիք: Սահմանադրութիւնը նաեւ կ՝ենթադրէ մէկ հիմնարկի գերակայութիւն միւսի նկատմամբ, Սփիւռքի յայտնի մասնագէտներու համար կը ստեղծէ խոչընդոտներ՝ պատմական Հայրենիքի պետական հիմնարկներու կառավարման մասնակցելու համար, եւ այլն:

Մենք խորհրդարանական հանրապետութիւն ենք ձեւով, բայց ոչ՝ բովանդակութեամբ: Իմ առաջարկին իմաստը եւ նպատակը եղած է ոչ թէ կառավարման մէկ ձեւէն միւսին (խորհրդարանականէն կիսանախագահականի կամ նախագահականի) անցնիլը, այլ՝ զսպումներու եւ հակակշիռներու վրայ հիմնուած պետական համակարգ ստեղծելը: Առանց անոր դժուար է խօսիլ նշանակալից ձեռքբերումներու մասին, քանի որ յառաջընթացի եւ յաջողութեան հնարաւոր է հասնիլ միայն կանխատեսելի եւ ներդաշնակ համակարգի պայմաններուն մէջ:

Ուրախ եմ, որ ստեղծուած է սահմանադրական փոփոխութիւններու յանձնաժողով, որուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ կառավարութեան: Ես յոյս ունիմ, որ, ի վերջոյ, սահմանադրական փոփոխութիւնները տեղի պիտի ունենան, եւ յաջորդ նախագահն ու նախագահական հիմնարկը պիտի կարենան աշխատիլ աւելի հաւասարակշռուած եւ համակարգուած միջավայրի մէջ:

Մենք կ՝ապրինք իւրատեսակ իրականութեան մէջ, իրականութիւն, ուր Նախագահը չի կրնար ազդել պատերազմին եւ խաղաղութեան վերաբերող հարցերուն վրայ:

Իրականութիւն, երբ ան չի կրնար արգելք կիրառել այն օրէնքներուն վրայ, որոնք կը համարէ պետութեան եւ ժողովուրդին համար ոչ նպատակայարմար:

Իրականութիւն, երբ Նախագահի հնարաւորութիւնները կ՝ընկալուին ոչ թէ որպէս առաւելութիւն պետութեան համար, այլ՝ տարբեր քաղաքական խումբերու կողմէ կը դիտարկուին իբրեւ իրենց սպառնացող վտանգ:

Իրականութիւն, ուր Նախագահը իր ներուժի գերակշիռ մասը չի կրնար օգտագործել ի նպաստ համակարգային ներքին եւ արտաքին քաղաքական խնդիրներու լուծման:

Իրականութիւն, ուր աշխարհը կը գտնուի մշտական անկարգութեան գօտիին վրայ, սակայն Նախագահը սահմանադրական գործիք չունի՝ օգնելու իր երկրին:

Իրականութիւն, ուր պետութեան գլուխը եւ երբեմն նաեւ անոր ընտանիքը թիրախ կը դառնան տարբեր քաղաքական խմբաւորումներու կողմէ: Վերջիններս այնքան ալ հետաքրքրուած չեն նախագահական հիմնարկին կողմէ ի շահ երկրի իրականացուած ձեռքբերումներով, որքան իմ անցեալով, դաւադրութեան զանազան տեսութիւններով ու միֆերով: Իմ անձի հանդէպ այդ «մտահոգուածութիւնը» դուրս կու գայ նաեւ բարոյականութեան սահմաններէն՝ վերջնական արդիւնքով ուղղակիօրէն բացասաբար ազդելով առողջութեան վրայ:

Ես շատ երկար մտածած են եւ որոշած եմ մօտ չորս տարի աշխոյժ աշխատելէ ետք հրաժարական տալ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնէն:

Այդ որոշումը բացարձակապէս զգացական չէ եւ կը բխի որոշակի տրամաբանութենէ:

Նախագահը չունի անհրաժեշտ գործիքներ՝ երկրի եւ ազգի համար ներկայ բարդ ժամանակներուն ազդելու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան արմատական գործընթացներուն վրայ:

Մեր պետութեան համար այս բարդ փուլին, երբ անհրաժեշտ է համազգային միասնութիւն, նախագահական հիմնարկը պէտք չէ դառնայ բամբասանքներու եւ դաւադրութեան տեսութիւններու թիրախ՝ ատով իսկ շեղելով հասարակութեան ուշադրութիւնը կարեւորագոյն խնդիրներէն:

Այսօր, ինչպէս երբեք, անհրաժեշտ են իմաստալից, խոր մտածուած, կշռադատուած եւ բովանդակալից գործողութիւններ: Այլապէս մենք՝ ողջ աշխարհի հայութիւնը, չենք հասնիր մեր առաքելութեան նպատակին եւ կը յայտնուինք պատմութեան լուսանցքին մէջ:

Մենք այլեւս սխալելու իրաւունք չունինք:

Աւարտին կ՝ուզեմ առանձնակի երախտագիտութիւն յայտնել մեր քաղաքացիներուն եւ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն՝ երկրի համար այս բարդ ժամանակներուն հաստատակամութիւն, տոկունութիւն, համբերատարութիւն եւ արիութիւն ցուցաբերելու համար:

Առանձնայատուկ շնորհակալութիւն մեր քաջարի բանակի զինուորներուն եւ սպաներուն, խոնարհումս մեր Հայրենիքի համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու ընտանիքներուն:

Շնորհակալ եմ նաեւ Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի բոլոր աշխատակիցներուն եւ պետական կառոյցներու իմ գործընկերներուն՝ համատեղ արդիւնաւէտ աշխատանքի համար: