Գառնիի տաճարը ներառուած է հռոմէական կայսրութեան օրով կառուցուած աշխարհի լաւագոյն յուշարձաններու ցանկին մէջ
Հանրածանօթ պելճիքական Le Vif Weekend առցանց պարբերականը հրապարակած է Հին հռոմէական ժամանակաշրջանի (Ք.Ա. 754/753 – Ք.Ե. 476) ժառանգութեան վերաբերող լաւագոյն ճարտարապետական յուշարձաններուն ցանկը: 51 ամենագեղեցիկ յուշարձաններուն մէջ է նաեւ Գառնիի հայկական հեթանոսական տաճարը, որ կը գտնուի Հայաստանի Կոտայքի մարզին մէջ՝ Ազատ գետի հովիտին։
Ըստ Armenpress.am-ի տեղեկութիւններուն՝ Գառնին յայտնուած է ցուցակի 37-րդ հորիզոնականին։
Գառնիի հեթանոսական տաճարը կառուցուած է Ք.Ե. 1-ին դարուն` Հայոց Տրդատ Ա թագաւորին կողմէ։ Անիկա միակ յուշարձանն է, որ պահպանուած է Հայաստանի տարածքին վրայ եւ կը թուագրուի հեթանոսութեան ու հելլենիզմի դարաշրջանով։
Պարբերականին մէջ հրապարակուած ցուցակը գլխաւորած է Հռոմի Կոլիզէյը` աշխարհի ամենամեծ ամֆիթատրոնը եւ աշխարհի եօթը ժամանակակից հրաշալիքներէն մէկը:
Երկրորդ տեղը՝ հին հռոմէական երկնքի, լոյսի եւ ամպրոպի աստուած Եուբիթերին նուիրուած տաճարը, որ սկսած էր կառուցուիլ հռոմէական կայսր Անտոնինոս Բիոսի օրով եւ աւարտած՝ Ներոն կայսրի օրով (Ք.Ա. 37-68)՝ կը գտնուի հնագոյն Պաալպէք քաղաքին մէջ (ժամանակակից Լիբանան):
Երրորդ տեղը յայտնուած է հռոմէական պանթէոնը կամ «Բոլոր աստուածներու տաճարը», որ նուիրուած է հին հռոմէական աստուածներուն եւ կառուցուած է 1-ին դարուն՝ հռոմէական կայսր Հատրիանոսի հրամանով։