Խափանենք Նենգ Զեղծարարները

2025-11-15
Image

Նոյեմբեր 16, 2025

Յայտարարութիւն

 

Խափանենք Նենգ Զեղծարարները

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, այսու, պաշտօնապէս կը յայտարարէ, թէ Նոյեմբեր 12-ի «ՌԱԿ Համադրուած Մամուլ» անուանումով յայտարարութիւնը բացարձակապէս չի համապատասխաներ իրականութեան։

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը երբեւիցէ չէ ունեցած «ՌԱԿ Համադրուած Մամուլ» անուամբ կուսակցական կառոյց։ Շինծու եւ յերիւրածոյ այդ կառոյցին կողմէ եղած անտէր յայտարարութեամբ, չարաբարոյ փորձ կը կատարուի ո՛չ միայն ստուերի տակ առնելու ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Նոյեմբեր 11-ի՝ «Զգաստութեան Սրտագին Կոչ» խորագրուած յայտարարութիւնը, այլ՝ ակնյայտօրէն կը հետապնդուի նպատակը նսեմացնելու եւ մթագնելու արծարծուած ծանրակշիռ մտատանջութիւնը, որ հարազատ կերպով կը դրսեւորէ մեր ժողովուրդի այժմեան մեծագոյն սրտայուզութիւնը։

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնս խստօրէն կը դատապարտէ նմանատիպ երեւոյթները՝ մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն կոչ ընելով որ հետեւին միայն ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեանս անունով կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւններուն, մնացեալ բոլորը սնամէջ աղմուկներ են։

 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ