Թուրքիոյ մէջ յայտնաբերուած է քրիստոնեաներու ամենահին քաղաքը. Այն գրաւուած էր Տիգրան Մեծի կողմէ
Թուրքիոյ հարաւարեւելքը գտնուող քաղաքի մը փոքր քարանձաւի մը մէջ սկսած պեղումները անսպասելի յայտնագործութեան յանգեցուցած են:
Հնագիտական աշխատանքները սկսած են երկու տարի առաջ Թուրքիոյ Մարտին նահանգի Միտեաթ քաղաքին մէջ` պատմական փողոցներու եւ շինութիւններու մաքրման եւ պահպանման ծրագրի ծիրին մէջ:
Միտեաթը հնագոյն քաղաք է: Յայտնի է, որ այն գոյութիւն ունեցած է Ք.Ա. 9-րդ դարուն, այնուհետեւ այն գրաւած է Ասորեստանի թագաւոր Աշուրնածիրափալ Բ.-ը: Բայց կան ենթադրութիւններ, որ քաղաքի բուն հիմնադրումը կը թուագրուի Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակով, այն ժամանակ, երբ այդ երկիրներ եկան հուրիները, որոնք հետագային հիմնեցին Միթաննի պետութիւնը:
Երկար դարեր քաղաքը մնացած է ասորական, բացառութեամբ` նուաճումներու հազուադէպ շրջաններուն: Այսպիսով, Ք.Ա. Ա. դարուն շրջակայ հողերը գրաւած է Տիգրան Բ.-ը, եւ անոնք դարձած են Մեծ Հայքի մէկ մաս: Աւելի ուշ` Թրայանոս կայսրի օրօք անոնք համարուած են Ասորեստանի հռոմէական նահանգը:
Ք.Ա. 150-էն մինչեւ Ք.Ե. 250 թ․ Միտեաթը Եդեսիոյ թագաւորութեան կազմին մէջ էր: Փոքր Ասիոյ մէջ քրիստոնէութեան տարածման ժամանակ Միտեաթի ասորիները շատ արագ ընդունեցին նոր կրօնը: Այս հողը Սիրո-պարսկական քրիստոնէական եկեղեցւոյ (Արեւելքի ասորական եկեղեցի) բնօրրանն է:
Ստորգետնեայ քաղաքին մէջ պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած են խորաններ, յստակ պաշտամունքային բնոյթի առանձին սենեակներ, սնունդի պահեստներ, ջուրի հորեր եւ միջանցքներ:
Ասորիներու կողմէ քրիստոնէութեան ընդունումէն ի վեր Միտեաթը կը համարուի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ այդ կրօնի կարեւորագոյն կեդրոնը: Թէեւ ասորիները երկար ժամանակ կը կազմէին քաղաքի բնակչութեան հիմնական մասը, սակայն այս վայրերուն մէջ աստիճանաբար հաստատուեցան հայեր եւ յոյներ, որոնք նոյնպէս արագ ընդունեցին քրիստոնէութիւնը: