Աննա Յակոբեանը ներկայ գտնուած է հայ-ամերիկեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 100-ամեակին նուիրուած համերգին
4 Մարտին «Հայկական Ոդիսական․ Նռան գոյնը» փառատօնի շրջածիրէն ներս Ուաշինկթընի Ազգային տաճարին մէջ տեղի ունեցած է աննախադէպ համերգ՝ նուիրուած հայ-ամերիկեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 100-ամեակին։ Համերգը կազմակերպած էր ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը` PostClassical Ensemble-ի հետ համագործակցութեամբ:
Համերգի պատուաւոր հիւրն էր ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանը, ներկայ էին ԱՄՆ քոնկրէսի անդամներ, վարչակազմի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, Ուաշինկթընի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, եկեղեցական թեմերու առաջնորդներ, բարերարներ, ամերիկահայ կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու եւ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Համերգը մեկնարկած է «Տլէ եամանով»՝ հռչակաւոր տուտուկահար Ճիւան Գասպարեանի անզուգական կատարմամբ։
ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Վարուժան Ներսէսեանն իր բացման խօսքին մէջ առանձնայատուկ ընդգծած է միջոցառման անցկացման վայրի ընտրութիւնը, յիշատակելով, որ այնտեղ ամփոփուած է ԱՄՆ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի աճիւնը: Դեսպանը նշած է, որ նախագահ Ուիլսընը սահմանած է քաղաքացիներու իրաւունքներու առաջին օրինակները եւ ներկայացուցած ազգերու ինքնորոշման եւ իրաւահաւասարութեան սկզբունքները: Պատահական չէ, որ նախագահ Ուիլսընի մարդասիրական գործունէութիւնը մէկ դար անց ուղի հարթեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար։ Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է ներկայ քոնկրէսականներուն եւ անոնց գործընկերներուն, որոնք քուէարկած են Համայնքներու պալատին եւ Սենատին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերու օգտին: «Սա յարգանքի տուրք էր ոչ միայն հայ նահատակներու, այլ նաեւ բոլոր այն ամերիկացի գործիչներու յիշատակի առջեւ, որոնք ջանքեր գործադրած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար»,- նշած է դեսպանը:
Մէկ դար անց հայ ժողովուրդի երախտագիտութեան խոր զգացումն էր, որ ոգեշնչած է Ցեղասպանութիւնը վերապրածները ստեղծել «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը։ Վարուժան Ներսէսեանը աւեցուցած է, որ «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան հիմնադիրներէն Նուպար Աֆէեանը կը հանդիսանայ նաեւ Ուաշինկթընի մէջ իրականացուող Հայկական փառատօնի եւ համերգի համանախագահողներէն եւ հովանաւորներէն մէկը:
Խօսելով թաւշեայ, ոչ բռնի յեղափոխութեան մասին՝ դեսպան Ներսէսեանը փաստած է, որ Հայաստանի ժողովրդավարական առաջընթացը նոր խթան հանդիսացաւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու խորացմանն ու ամրապնդման:
Այնուհետեւ խօսքը փոխանցուած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի՝ կրթութեան ու մշակոյթի հարցերով տեղակալ Մարի Ռոյսին: Վերջինս իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է հայ-ամերիկեան դիւանագիտական յարաբերութիւններուն՝ նշելով, որ մշակոյթն իր առանձնայատուկ դերն ունի այդ ծիրէն ներս: Տիկին Ռոյս կարեւորած է նաեւ գիտական ու կրթական բնագաւառներուն մէջ առկայ համագործակցութեան մակարդակը: