Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան 104-րդ Ամեակ

2025-10-31
Image

Ամմանի ՌԱԿ Շրջանային Վարչութիւնը, ի պատիւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան 104-րդ Ամեակին, Ուրբաթ 17 Հոկտեմբեր 2025-ին կազմակերպեց յատուկ հաւաք մը՝ նշելու կուսակցութեան պատմական ուղին եւ ազգային- հասարակական կեանքին մէջ ունեցած իր մեծ վաստակը: Միջոցառման ընթացքին վարչական ընկերները միասին կատարեցին խորհրդանշական կարկանդակի հատման արարողութիւնը, որու միջոցաւ արտայայատեցին իրենց միասնութիւնը եւ նուիրումը կուսակցական գաղափարին հանդէպ: Ներկաները արտայայտեցին իրենց գնահատանքը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան սկզբունքներուն, որոնք առաջնորդած են կուսակցութեան դարաւոր ընթացքը:

 

Ձախէն աջ՝ ընկհ. Լորիս Մելքոնեան, ընկ. Աւետիս Եաղլեան, ընկհ. Թալին Եաղլեան, ընկ. Անդրանիկ Լեփէճեան, տիկ. Սիրվարդ Սերփէքեան, ընկ. Յակոբ Սերփէքեան, ընկ. Յակոբ Յակոբեան, ընկհ. Թալին Յակոբեան Նշանեան, ընկ. Տիգրան Մահսերէճեան, ընկհ. Ռոզեթ Ալեմեան-Մահսերէճեան,  ընկ. Պետրոս Վարդանեան, ընկհ. Մատլէն Վարդանեան: