Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ խոստովանած է «ուժի չկիրառման» սկզբունքի կոպիտ խախտումը

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ խոստովանած է «ուժի չկիրառման» սկզբունքի կոպիտ խախտումը։ Ան իր խոստովանութիւնն ըրած է Պաքուի մէջ «Աշխարհն այսօր. մարտահրաւէրներ եւ յոյսեր» թեմայով Պաքուի 10-րդ համաշխարհային համաժողովի բացման արարողութեան։
Անոր խօսքով՝ «Հակամարտութիւնները կարելի է լուծել երկու ճանապարհով՝ խաղաղ եւ ոչ խաղաղ։ Մենք շատ ջանք գործադրեցինք Հայաստանի հետ հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու համար, չնայած անոր, որ Ատրպէյճանի մէջ հայկական բռնագրաւութեան հետեւանքով առաջացաւ մարդասիրական ճգնաժամ, աւելի քան 1 միլիոն ատրպէյճանցիներ մնացին անօթեւան, դարձան փախստականներ եւ հարկադիր վերաբնակներ»,- ուռճացուած թիւեր հնչեցուցած է Ալիեւ։
Ատրպէյճանի ղեկավարը նշած է, որ «ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը կը ցանկայ, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ընդմիշտ սառեցուի։ 1992 թուականին՝ հակամարտութեան բռնկումէն անմիջապէս յետոյ, ԵԱՀԿ-ն ստեղծեց Մինսքի խումբը։ Բայց, ցաւօք, 28 տարուան ընթացքին Մինսքի խումբը ոչ մէկ արդիւնքի չհասաւ։ Եւ բանակցային գործընթացի վերջաւորութեան մեզի կը թուէր, որ անոնք պարզապէս կը ցանկան սառեցնել իրավիճակը։ Անոնք կը ցանկային, որ այս հակամարտութիւնը ընդմիշտ սառեցուի։ Բայց մենք չհամաձայնեցանք։ Մենք ըրինք այն, ինչ անհրաժեշտ համարեցինք՝ օգտագործելով ինքնապաշտպանութեան մեր իրաւունքը, ՄԱԿ-ի Կանոնադրութիւնը, մասնաւորապէս՝ յօդուածը։ Մենք ուժով ազատագրեցինք մեր տարածքները։ Այդ մեր օրինական իրաւունքն էր»:
«Ատրպէյճանի ժողովուրդը վրէժ պահանջելու բարոյական իրաւունք ունի, եւ ես կրնամ հասկնալ այդ։ Բայց իմ խօսքերու էութիւնն այն է, որ մենք վրէժ լուծեցինք ռազմի դաշտին։ Մենք որեւէ ռազմական յանցագործութիւններ չենք կատարած՝ ի տարբերութիւն հայերուն։ Մենք ցեղասպանութիւն չենք իրականացուցած՝ ի տարբերութիւն հայերուն։ Եւ մենք վրէժ լուծեցինք ռազմի դաշտին։ Եւ ահա, եկած է խաղաղութեան ժամանակը»,- ըսած է Ալիեւ։
Նախագահ Ալիեւն ըսած է, որ պատերազմէն անմիջապէս յետոյ՝ 2020-ի նոյեմբերին, Ատրպէյճան հանդէս եկած է խաղաղ բանակցութիւններ սկսելու նախաձեռնութեամբ եւ ներկայացուցած է 5 սկզբունք, որոնք կրնային հիմք հանդիսանալ Հայաստանի հետ խաղաղ համաձայնագրի կնքման համար։ «Յոյսով ենք, որ միջազգային դերակատարները, որոնք կը փորձեն աջակցիլ այս հարցին, Հայաստանին համոզեն բաց չթողնել այս հնարաւորութիւնը»։ Միաժամանակ Ալիեւ հաւաստիացուցած է, որ Պաքուն խաղաղութիւն կը ցանկայ։ «Մենք չենք ցանկար եւս մէկ պատերազմ։ Մենք կը կարծենք, որ խաղաղութեան հասնիլը հնարաւոր է»։
Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար որեւէ խոչընդոտ չկայ, ընդգծած է Ատրպէյճանի նախագահը։ «Այն, ինչ համաձայնեցուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ անցեալ տարուան հոկտեմբերին, մասնաւորապէս՝ իրարու ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու վերաբերեալ, փաստացի ցոյց կու տայ, որ խաղաղութեան հասնելու համար որեւէ խոչընդոտ չկայ»։
Ալիեւ նաեւ նշած է, որ Ատրպէյճան բազմակրօն, բազմազգ երկիր է. «Հետեւաբար, ես վստահ եմ, որ Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանը ապրող հայերու կեանքը շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, քան բռնագրաւուած ժամանակ։ Իւրաքանչիւր հակամարտութիւն ունի իր պատմութիւնը, իր յարաշարժը եւ իր աւարտը: Բայց կարեւորն այն է, որ երկիրներու միջեւ վէճերը լուծուին միջազգային իրաւունքի հիման վրայ, տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը չեն կրնար ուժով փոխուիլ»։