Արդեօ՞ք Պայտըն պատճառ ունի չճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը. Ahval News

2021-03-16
Image

ԱՄՆ Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու հարցով յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտեսը ստորագրահաւաք սկսած է նախագահ Ճօ Պայտընին ուղղուած երկկուսակցական նամակի համար, որով կոչ կ'ընէ վերջինիս պաշտօնապէս ճանաչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Անդրադառնալով Մենենտեսի այս նախաձեռնութեան՝ Ahval News-ի վերլուծաբանը համեմատականներ տարած է նախորդ տարի ԱՄՆ Սենատ հասած բանաձեւի չընդունման եւ այս տարուան նախաձեռնութեան հաւանական յաջողութեան միջեւ: «Շարք մը պատճառներ կան՝ հաւատալու, որ այս տարի ԱՄՆ նախագահը կրնայ 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու հետ կատարուածը պաշտօնապէս ճանաչալ որպէս ցեղասպանութիւն»,- գրած է յօդուածագիրը:

Ինչպէս հեղինակը նկատած է, վերջին տարիներուն համաշխարհային համաձայնութիւն կայ. 32 երկիրներու, այդ շարքին՝ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Գանատայի եւ Պրազիլի կառավարող մարմինները ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը:

«Հայոց ցեղասպանութեան յետագայ ճանաչմանն ուղղուած քայլերը, ինչպէս եւ թրքական կառավարութեան դէմ ուղղուած որեւէ այլ գործողութիւն արեւմտեան մայրաքաղաքներուն մէջ մեծ տարածում կը գտնէ վերջին տարիներուն, որ պայմանաւորուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ անոր կառավարութեան՝ արտաքին աշխարհին մէջ օտարման քաղաքականութեամբ եւ ներքին հակաժողովրդավարական դրսեւորումներով»,- ընդգծած է հեղինակը:

«Երբ Էրտողանի ժողովրդավարամէտ հեղինակութեան կերպարը անհետացաւ եւ մենատիրական գազանը բացայայտուեցաւ, նախագահը մէկ առ մէկ կորսնցուց Ուաշինկթընի մէջ իր ընկերները: Թրամփի վարչակազմի օրօք Էրտողանի ունեցած խնդիրները ոչինչ էին եւ չէին կրնար վնասել անոր շահերուն»,- գրած է յօդուածի հեղինակն ու յիշեցուցած, որ Պայտընն իր նախընտրական արշաւին խոստացած էր «աջակցիլ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչող բանաձեւին»:

Աղբիւրը նկատած է, որ որպէս մարդ, որ 8 տարի զբաղցուցած է փոխնախագահի պաշտօնը, կը գիտակցի, որ եթէ դրժէ իր խոստումը, իր նկատմամբ ճնշում կը գործադրուի Քոնկրէսի, մասնաւորապէս՝ սենատոր Մենենտեսի կողմէ, որու աջակցութեան կարիքը Պայտընն ունի՝ արտաքին քաղաքականութեան մէջ յաջողութիւն ունենալու համար:

Աղբիւրը շեշտած է նաեւ, որ իր նախագահութեան ողջ ընթացքին, ինչպէս նաեւ նախագահի պաշտօնին ընտրուելէ ետք Պայտըն ոչ մէկ անգամ զրոյց ունեցած է Էրտողանի հետ:

«Մինչ Էրտողանի յարաբերութիւններն ԱՄՆ կառավարութեան հետ ցած մակարդակի վրայ կը գտնուի, այս անգամ ԱՄՆ նախագահը, կը թուի, որեւէ պատճառ չունի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ֆոնին Էրտողանի պէս դաշնակիցի հետ կապերը խզելու համար»,- եզրափակած է պարբերականը: