Եթէ Ռուսիա չի կրնար պաշտպանել ԼՂ բնակչութիւնը, ինքը պէտք է դիմէ ՄԱԿ․ Փաշինեան

Ռուսիոյ Դաշնութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ զօրախումբ տեղակայելը հիմնաւորած է Ղարաբաղի մէջ քաղաքացիական բնակչութեան զանգուածային զոհերու ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վնասներէն խուսափելու անհրաժեշտութեամբ, կառավարութեան 16 մարտի նիստին այդ մասին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Մենք յոյս ունենք, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը վերը նշուած գործառոյթը կը կատարի լիարժէք, բայց եթէ մեր դաշնակից ու բարեկամ Ռուսիան որեւէ օբյեկտիւ պատճառով չի կարող այդ դերակատարումը իրականացնել, հենց ինքը պիտի դիմի ՄԱԿ Անվտանգութեան Խորհուրդ՝ ահազանգելով քաղաքացիական բնակչութեան զանգուածային սպանութիւնների վտանգի մասին ու նախաձեռնի Լեռնային Ղարաբաղում ու Լաչինի միջանցքում լրացուցիչ միջազգային մեխանիզմների գործարկում։ Ընդ որում, ես որեւէ կանխավարկած չունեմ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախմբի գործունէութեան վերաբերեալ, բայց վերջին երկու տարուայ իրադարձութիւնների շարքը անհանգստացնում է»,-ըսած է Փաշինեան։
Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեան ընդգծած է փաստը, որ եթէ Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը մարդասիրական աղէտի չէ վերածուած, խաղաղապահ զօրախումբի ջանքերու արդիւնքն է։
Ինչ կը վերաբերի խաղաղութեան պայմանագրին՝ Փաշինեանը տեղեկացուցած է՝ Հայաստանը ստացած է Ատրպէյճանի առաջարկները պայմանագրի նախագծի վերաբերեալ՝ այդպիսով թեւակոխելով խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւններու 4-րդ շրջափուլ. «Մենք չենք շեղուելու խաղաղութեան օրակարգից»,-ըսած է ան՝ յիշեցնելով, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ բռնագրաւման տակ պահել ՀՀ ինքնիշխան տարածքի մէկ մասն ու չի վերադարձներ գերիները։