Ռազմագերիները պէտք է արժանանան միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համապատասխան վերաբերմունքի․ ՀՀ-ի եւ ՄԱԿ-ի 19 երկիրներու յայտարարութիւնը

2021-10-08
Image

Ժընեւի մէջ ընթացող Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 48-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս՝ Հայաստանը հանդէս եկած է համատեղ յայտարարութեամբ՝ նուիրուած զինուած հակամարտութիւններուն ընթացքին միջազգային մարդասիրական իրաւունքին եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Յայտարարութեան միացած է 19 երկիր ՄԱԿ-ի բոլոր տարածաշրջանային խումբերէն։

Յղում ընելով hակամարտութիւններու խաղաղ ճանապարհով լուծման եւ ուժի սպառնալիքէն կամ ուժի կիրառումէն զերծ մնալու՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ ամրագրուած հիմնարար սկզբունքներուն՝ յայտարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումները եւ կոչ կ՝ընէ պետութիւններուն պատասխանատւութեան ենթարկելու նման յանցագործութիւններ կատարածները։

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ ուժի ապօրինի կիրառման յաճախ կը նախորդեն կամ կ՝ուղեկցին ատելութեան խօսքը, պատերազմի լայնածաւալ քարոզչութիւնը, քաղաքական առաջնորդներու եւ հանրային գործիչներու ռասայական կամ ցեղական գերակայութեան մասին յայտարարութիւնները, որոնք կը սփռեն թշնամանք եւ նախապաշարումներ՝ ցեղական, կրօնական կամ ռասայական խումբերու հանդէպ, կամ կը պաշտպանեն եւ կ՝արդարացնեն անոնց հանդէպ բռնութեան կիրառումը:

Երկիրները կը վերահաստատեն մարդասիրական կազմակերպութիւններէն օգնութիւն ստանալու զոհերու իրաւունքը, ինչպէս սահմանուած է 1949-ի Ժընեւի համաձայնագրերով եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի այլ համապատասխան գործիքներով, եւ կոչ կ՝ընեն ապահովելու այս օգնութեան անվտանգ եւ պատշաճ հասանելիութիւնը:

Անոնք կը շեշտեն, որ ռազմագերիներն ու ձերբակալուածները պէտք է արժանանան միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համապատասխան վերաբերմունքի, պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին եւ հայրենադարձուին աշխոյժ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք: Միջազգային մարդասիրական իրաւունքը կ՝արգիլէ պատանդառութիւնը, ռազմագերիներու եւ ձերբակալուած անձերու ձգձգուած բանտարկումը՝ զանոնք սակարկման առարկայ դարձնելու նպատակով։

Համատեղ յայտարարութիւնը կը յորդորէ իրականացնել արդիւնաւէտ օրէնսդրական, վարչական, դատաիրաւական եւ այլ քայլեր՝ բռնի անհետացման դէպքերու կանխարգիլման, դադրեցման եւ պատժման նպատակով։

Երկիրները կոչ կ՝ընեն ՄԱԿ համապատասխան մարմիններուն աւելի աշխոյժ դեր ստանձնելու մարդու իրաւունքներու խթանման եւ պաշտպանութեան գործին մէջ՝ ապահովելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու լիարժէք յարգանքը զինուած հակամարտութիւններէն բխող բոլոր իրավիճակներուն մէջ՝ համաձայն Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան նպատակներու եւ սկզբունքներու: