Human Rights Watch-ն անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական ճգնաժամին

Human Rights Watch միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակմամբ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքը արգելափակելու հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի պատկերը:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ հրապարակումը կը յիշեցնէ, որ 2022 թուականի 12 դեկտեմբերէն Ատրպէյճանը արգելափակած է Լաչինի միջանցքը՝ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին ու արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը, որու հետեւանքով ԼՂ հայ ժողովուրդը դժուարին իրավիճակի մէջ յայտնուած է:
Ընտանիքի հետ Լեռնային Ղարաբաղ ապրող 40-ամեայ Արմինէն Human Rights Watch-ին պատմած է, որ վառելիքի բացակայութեան պատճառով ամուսինը կորսնցուցած է թաքսի վարորդի աշխատանքը, եւ հիմա ինքն է ընտանիքի միակ կերակրողը: Իսկ 12 եւ 14-ամեայ երեխաները միայն վերջերս վերադարձած են դպրոց, երբ փայտէ վառարաններով սկսած է դպրոցի ջեռուցումը: Սակայն որոշ դպրոցներ փակ կը մնան ջեռուցման բացակայութեան պատճառով։ Սնունդը երթալով կը պակսի, մատչելի չէ, քանի որ գիները կտրուկ աճած են: Արմինէն պատմած է՝ նոյնիսկ սառ եղանակի պայմաններու տակ երկու ժամ սպասած է՝ ձու գնելու համար:
Արմինէն իր օրը կը ծրագրէ ըստ ելեկտրական անջատումներուն: Քանի մը ժամուան ընթացքին, երբ ելեկտրականութիւն կայ, ան պէտք է հասցնէ ճաշ պատրաստել եւ տնային գործերով զբաղիլ, տաքցնել երեխաներու սենեակը եւ օգնել անոնց կատարելու տնային աշխատանքները:
Human Rights Watch-ը շեշտած է` Արմինէի պատմութիւնը բացառութիւն չէ: Լաչինի միջանցքի արգելափակումը խաթարած է ԼՂ-ին մէջ ապրող հազարաւոր հայերու համար առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու եւ ծառայութիւններու հասանելիութիւնը: Շատերը մնացած են Հայաստան եւ չեն կրնար վերադառնալ իրենց տուները:
Նշուած է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը հերքեն, թէ պատասխանատու են ճանապարհի փակման համար, սակայն կը սատարեն բողոքի ցոյցերը:
Լաչինի միջանցքի խափանումը մարդասիրական ճգնաժամ կ'առաջացնէ, քանի որ շատ կարիքներ կը մնան չբաւարարուած: Human Rights Watch-ի հրապարակումը յստակ օրինակով կը ներկայացնէ ստեղծուած ծանր իրավիճակը. Արմինէի հայրը քաղցկեղով հիւանդ է եւ պէտք է գիւղէն պարբերաբար հասնի Ստեփանակերտ, սակայն վառելիքի եւ փոխադրամիջոցի բացակայութեան պատճառով բաց թողած է վերջին բժշկական այցելութիւնները:
«Ատրպէյճանի իշխանութիւնները եւ ռուս խաղաղապահ ուժերը պէտք է ապահովեն, որ բողոքի ցոյցերը Արմինէն եւ Լեռնային Ղարաբաղի միւս բնակիչները չզրկեն իրենց իրաւունքներէն՝ անոնց շարքին առողջութեան, առաջին անհրաժեշտութեան ծառայութիւններու եւ ապրանքներու հասանելիութեան, ինչպէս նաեւ ազատ տեղաշարժելու իրաւունքէն»,-շեշտուած է հրապարակման մէջ: