«Հիմա աշխատելու ժամանակն է».Պետրոս Թերզեան

2021-03-28
Image

«Ռամկավար Մամուլ»ի հարցազրոյցը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ՝ Պետրոս Թերզեանի հետ:

 

-Տարբեր մակարդակի եւ յաճախ անտեղի խօսակցութիւններ կը ծաւալուին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի շուրջ: Ինչո՞ւ այս աղմուկը եւ այս բոլորը առհասարակ ձեւով մը կը վնասեն այս կարեւոր կառոյցին վարկին: Ի՞նչ կ՚ըսէք այդ առումով։

9 Նոյեմբերի հրադադարէն քանի մը օր ետք քաղաքական բանավէճեր բացուեցան այն գումարներու մասին, որոնք հիմնադրամը ստացաւ աշխարհի չորս կողմէն, որպէս նուիրատուութիւն, եւ փոխանցեց կառավարութեան, որպէսզի պատերազմի եւ անոր յաջորդող օրերուն գործածուին անհրաժեշտ եւ շտապ կարիքներու համար։ Այդ օժանդակութիւնները հիմնականին մէջ ուղղուած էին երեք բնագաւառներու մէջ՝ ենթակառուցային, ընկերային եւ առողջապահական: Եւ հնչող պահանջը այն էր, որ կառավարութիւնը օր առաջ պէտք է հաշիւ ներկայացնէ հիմնադրամին: Սա անշուշտ հասկնալի է, կառավարութենէն առաջին հաշիւ պահանջողը հիմնադրամը ինքն է եւ այդ մէկը նշուած է այդ պայմանագրութիւններուն մէջ, որոնք հիմնադրամը ստորագրած է կառավարութեան հետ իւրաքանչիւր փոխանցումի առիթով: Աւելի ճիշդ ըսելու համար, այդ պայմանագրութիւններու երրորդ յօդուածին մէջ շատ յստակ կերպով նշուած են, թէ պէտք է հաշուետուութիւն ներկայացուի, եւ եթէ անկէ ետք պարզուի, որ գումարներ կան, որոնք չեն օգտագործուած նշեալ երեք բնագաւառներէն ներս, այդ գումարները պէտք է վերադարձուին հիմնադրամին:

Հետեւաբար, մեզի համար, որպէս հիմնադրամ, հարց գոյութիւն չունի, այն իմաստով որ արդէն մեր պայմանագրութիւններուն մէջ այդ հաշուետուութեան պահանջը կայ։ Հետեւաբար, այս մասին բանավէճ բանալը, հրապարակային յայտարարութիւններ ընելը միայն ու միայն կը վնասեն հիմնադրամին:

Ճիշդ է, որ յայտարարութիւններ կատարողները ամենքն ալ կ'ըսեն, թէ հիմնադրամի շահերը կը պաշտպանեն, բայց մենք լաւ կը հասկնանք, որ քաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ կրնան ուրիշ հաշիւներ ալ ըլլալ:

Մեր դիրքը շատ յստակ է, պայմանագրութիւնները որ կառավարութեան հետ ստորագրուած են, պէտք է յարգուին, կասկած չկայ, սակայն, գիտակից ենք, որ շատ բարդ ծրագիրներ իրականցուած են կառավարութեան կողմէ։Այսինքն՝ 100 000 մարդ ներգրաւուած է օժանդակութիւններու ընդհանուր գործընթացին մէջ, եւ այդտեղ ներգրաւուած են գլխաւորաբար Արցախի բնակչութիւնը։ Ի հարկէ կան զանազան ծրագիրներ՝ զոհուածներու ընտանիքներուն, հաշմանդամներու ընտանիքներ,ու տեղահանուածներուն, եւ քաղաքացիներու, որոնք իրենց տունը, արօտավայրերը կորսնցուցած են։ Բաւական մեծ ծրագիր է, բարդ ծրագիր է, հետեւաբար մենք կը հասկնանք, որ կառավարութիւնը ժամանակի կարիք ունի հաշիւ ներկայացնելու համար, եւ համբերութեամբ կը սպասենք, նաեւ կոչ կ'ուղղենք քաղաքական մարդկանց, որ վստահութիւն ունենան հիմնադրամի հաշուապահական մեքանիզմներուն հանդէպ: Մենք 30 տարիէ ի վեր փորձառութիւն ունինք այս բնագաւառէն ներս, մեր հաշիւները խիստ ձեւով քննուած են, անկախ, օտար կազմակերպութիւններու կողմէ, այս պարագային ներկայիս մեր հաշուեքննիչ ընկերութիւնը բրիտանական յայտնի «Պէյքըր Թիլի» (Baker Tilly accounting company UK) ընկերութիւնն է: Ուրեմն մեր պահանջը քաղաքական դերակատարներէն այն է, որ մեզի ժամանակ տան, որպէսզի քննութիւնները իրենց աւարտին հասցընենք, որմէ ետք ալ թափանցիկ կերպով յայտարարենք, թէ այդ գումարները ինչ ուղղութեամբ գործածուած են եւ այդ մասին հաշուետւութիւն ներկայացնենք մեր նուիրատուներուն:

Այնպէս որ, մեր խնդրանքը այն է, որ վերջ տրուի այս քաղաքական բանավէճերուն, որոնք կը վնասեն հիմնադրամի ընդհանուր վարկին եւ տեսլականին։:

 

-Ձեր առաջիկայ ընելիքները ի՞նչ են, որպէս հիմնադրամ, յետպատերազմեան Արցախի եւ Հայաստանի համար, ընդհանուր պատկերը ի՞նչ է եւ ի՞նչ կը ձեռնարկէք ապագայի համար:

Հրադադարէն անմիջապէս ետք հիմնադրամը արդէն սկսաւ մտածել, թէ ինչ ընելիքներ կան Արցախի մէջ եւ Արցախի տեղահանուած ժողովուրդին օգնելու համար: Այսօր ունինք հսկայական ծրագիր մը, որու վրայ աշխատած են եւ հիմնադրամի գործադիր տնօրինութիւնը, եւ ալ Արցախի կառավարութիւնը։ Այսինքն, գալիք օրերուն մենք կարելիութիւնը պիտի ունենանք հրապարակաւ յայտնելու, թէ ինչ վերակառուցման գործեր պիտի ձեռնարկենք Արցախէն ներս՝ բնակարանային, դպրոցաշինութեան եւ այլն, եւ հսկայական գումարներ նախատեսուած են ներդնել, որպէսզի կործանած շէնքերը վերակառուցուին, այն շէնքերը որոնք վնասներ ստացած են նորոգուին, եւ այդ առումով ալ արդէն աշխատանքներու մէկ մասը արդէն իսկ սկսած է։

 

 Ի դէպ, այս ուղղութեամբ հիմնադրամի գործադիր տնօրինութիւնը Հոգաբարձուներու խորհուրդի բոլոր անդամներուն ղրկեց մանրամասն ծրագիր մը, կատարուելիք աշխատանքներուն վերաբերեալ. Եւ հազիւ որ այս ծրագիրները Հոգաբարձուներու խորհուրդի կողմէ վաւերացուին, ինչը որ շատ արագ տեղի պիտի ունենայ, մենք պիտի սկսինք հսկայական աշխատանքի՝ վերակառուցման, վերականգնման աշխատանքի, Արցախէն ներս: Այսինքն վերջապէս պիտի կարենանք այդ գործը ընել, որովհետեւ մինչեւ հիմա կային որոշ արգելքներ։ Առաջին՝ պէտք է մենք իմանայինք յստակ կերպով, թէ ինչ են կարիքները, որքան բնակարան վնասուած է, կործանուած է, որքան մարդիկ կան, որ բնակարանի պէտք ունին, շատ երկար աշխատանք էր, յետոյ պէտք է սպասէինք, որ գարունը գայ, որպէսզի եղանակը նպաստաւոր ըլլայ, կարելի դարձնէ աշխատանքը, որովհետեւ ձմրան ամիսներուն, դժբախտաբար, պայմանները չեն ներեր, որ շինարարական աշխատանքներ տարուին:

Հիմա գարուն է, հետեւաբար նաեւ աշխատելու ժամանակն է։ Մեր ծրագիրը պատրաստ է եւ մենք պիտի անցնինք այդ ծրագրի իրագործման:

 

-Երկար տարիներու փորձ ունիք այս հիմնադրամէն ներս, այս կառոյցը կը գործէ նաեւ մեծ առումով սփիւռքի իր բարերներուն, իր հայրենակիցներուն ջանքերով, պարզ բարերարէն մինչեւ՝ մեծ գումարներ տրամադրողներ: Այդ առումով ալ ի՞նչ կ'ուզէք ըսելր մեր հայրենակիցներուն «Ռամկավար Մամուլ»ի ընդմէջէն:

Առաջին կէտը, որ կ'ուզեմ ընդգծել, հետեւեալն է, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը միակ համահայկական մարմինն է, որ գոյութիւն ունի հայոց աշխարհէն ներս, եւ չունինք ուրիշը։ Հոն կը գտնուին Արցախի եւ Հայաստանի կառավարութիւնները, որոնք ներկայացուած են իրենց բարձրագոյն մակարդակներով, հոն կը գտնուին մեր կաթողիկոսները, մեր յարանուանութիւններու պետերը, պատմական հայկական կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ մեծ կազմակերպութիւններ՝ ՀԲԸՄ-ը, ՀՕՄ-ը, Աւետարանչականը եւ այլ մարմիններ, եւ անկախ անձեր, ինչպէս իմ պարագաս է:

Ի վերջոյ սա միակ համահայկական կազմակերպութիւնն է, պահե՛նք , պահպանե՛նք եւ գիտակցի՛նք անոր կարեւորութեան:

Երկրորդ կէտը, այս տագնապը որ ապրեցանք, ցոյց տուաւ, թէ համահայկական ածականը, ինչքան ճիշդ գործածուած է, որովհետեւ գործադիր տնօրինութիւնը ունեցաւ 750 000-է աւելի նուիրատուութիւն, եթէ նկատի ունենանք, որ այս նուիրատուութիւնները կատարուած են ընտանիքներու կողմէ կամ ձեռնարկութիւններու կողմէ, եւ եթէ այս թիւը բազմապատկենք, միջին հաշուով, չորսով, պիտի տեսնէք, որ մօտ 3 000 000 մարդ մասնակցած է այս դրամահաւաքին, որու շնորհիւ կարելի եղաւ գոյացնել 223 միլիոն տոլար, 2 ամսուայ ընթացքին: Այսինքն, իսկապէս, իսկական համահայկական զօրաշարժ մըն էր։

Եւ վերջին կէտս այն է, որ այս տագնապը, հիմնադրամի շուրջ ստեղծուած բանավէճերը յանգեցնեն մեզի մէկ եզրակացութեան, որ քաղաքական դերակատարները գան անգիր համաձայնութեան, ձեւով մը անգիր դաշինքի, որ զերծ պահեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը քաղաքական բոլոր բանավէճերէն կամ շահարկումներէն։ Սա այն մարմինն է, որուն վրայ մենք պէտք է գուրգուրանք, որովհետեւ հսկայական ներդրում ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի վերելքին մէջ, եւ պիտի ունենայ գալիք տասնամեակներու ընթացքին, հսկայական գործ կատարուած է, հազարաւոր ծրագիրներ իրագործուած են անցնող գրեթէ 30 տարիներու ընթացքին եւ աւելի մեծ թիւով այսպիսի ծրագիրներ պիտի գործադրուին գալիք տարիներուն: Այնպէս որ, իմ կոչս, եւ նաեւ իմ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործընկերներուս կոչը այն է, որ քաղաքական դերակատարները զերծ պահեն հիմնադրամը քաղաքական բանավէճերէ կամ շահարկումներէ եւ թողեն մեզ որ գործենք ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի:

 

 «Ռամկավար Մամուլ»