Բոլոր լիբանանահայերու աչքը սեւեռած է հայրենիքի վրայ. եթէ պէտք է գաղթել, ուրեմն պիտի գան Հայաստան, ուրիշ տեղ չունին երթալու
«Առաջին լրատուական»-ի հարցերուն պատասխանած է ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Տօքթ. Աւետիս Տաքէսեան:
- Լիբանանի վարչապետը հրաժարականը տուած է: Երկրին մէջ առկայ իրավիճակը ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս փուլին, ի՞նչ ակնկալիքներ կան, արդեօք հրաժարականները հարցի լուծում են:
Հրաժարականը քիչ մը անակնկալ էր բոլորին համար, որովհետեւ հիմա մնացինք լրիւ մթութեան մէջ եւ մտանք փակուղի: Հիմա, երբ վարչապետը հրաժարական տուաւ, երկրի նախագահը բոլոր պատգամաւորները կրկին պէտք է կանչէ եւ նոր վարչապետի անուն ներկայացնէ: Այս զարգացումը անսպասելի էր եւ անհասկնալի իրավիճակ ստեղծուած է: Պատահական չէ, որ տոլարի փոխարժէքը կտրուկ բարձրացաւ այս անորոշութեան ֆոնին: Մարդիկ երեք օր ճանապարհներ փակեցին, անիւներ այրեցին եւ եթէ այսպէս շարունակուի, ժողովուրդը սովի պիտի մատնուի: Բոլորը կը սպասեն, թէ ինչ պիտի կատարուի առաջիկայ օրերուն: Հորիզոնը բաւական մութ է: Ես, 35 տարի է կ'ապրիմ Լիբանան, եւ այսպիսի ծանր ու լուրջ ճգնաժամ երբեք չեմ տեսած: Առաջիկայ քանի մը օրերու ընթացքին տեսնենք, թէ որու անունը կը ներկայացնեն, որպէս վարչապետ:
- Պարոն Տաքէսեան, լիբանանահայերը ի՞նչ ակնկալիքներ ունին Հայաստանէն:
Այնքան ատեն որ ճգնաժամը կը խորանայ այստեղ ու կացութիւնը կը դժուարանայ, բոլոր լիբանանահայերու աչքը սեւեռած է Հայաստանի վրայ: Բոլորը կ'ուզեն տեղափոխուիլ Հայաստան, բայց տնտեսական դժուարութիւններու առջեւ են: Գիտէք, որ դրամատուներուն մէջ իրենց ունեցած փողերը չեն կրնար առնել: Եթէ մարդիկ քիչ մը կարողութիւն ունենան ճամբորդելու, ուղիղ կու գան Հայաստան: Բարեբախտաբար, Հայաստանի ընտրութիւններէն ետք կարծես իրավիճակը կը խաղաղի եւ բնականոն կեանքի կը վերադառնայ: Մարդիկ այդ համոզումը ունին, որ Հայաստանը կամաց-կամաց պիտի լաւանայ եւ լիբանանահայերը կը տեղափոխուին Հայաստան: Ուրիշ ո՞ւր պէտք է երթան: Հեռաւոր Ամերիկա պիտի չերթան:
- Փաստօրէն լիբանանահայերը գումարներ ունին դրամատուներու մէջ, զորս չեն կրնար հանել, որ կարողանան Հայաստան գա՞լ:
Այո, մեծ մասը այդ վիճակի մէջ է, բայց բոլորի աչքը սեւեռած է Հայաստանի վրայ: Եթէ պէտք է այստեղէն գաղթել, պիտի գան Հայաստան, ուրիշ տեղ չունին երթալու: Այլ տեղեր շատ աւելի դժուար է, գոնէ Երեւանի մէջ ձեւով մը կ'ապրին, «եոլա կ'երթան»: Բայց կը սպասենք, որ տոլարի փոխարժէքը քիչ մը կայունանայ, անիկա հետզհետէ կը բարձրանայ եւ մարդիկ յուսալքուած են: Շատ դժուար եւ ծանր հանգրուան է, տեսնենք, թէ ինչպէս պիտի շրջանցենք այդ հանգրուանը: