Ինչո՞ւ եւ Ինչպէ՞ս Նախիջեւանը եւ Ղարաբաղը խորհրդայնացան Սեւրէն առաջ, իսկ յետագային՝ Զանգեզուրը.Գրեց ՝  Գէորգ  Հալէպլեան

2020-05-05
Image

      1920-ին  Մուսթաֆա Քեմալի Լենինին ուղղուած Ապրիլ 26-ի նամակէն երկու օր յետոյ՝ Ապրիլ 28-ին, Ազրպէյճանը խաղաղ կերպով կը յայտարարէր իր «Խորհրդային» դառնալու իրողութիւնը եւ անշուշտ առաջին քայլով Խորհրդային Ռուսաստանէն օգնութիւն կը խնդրէր, չնայած ծիծաղելի եւ անհեթեթ թուացող Պաքուի այն յայտարարութեան, որ «Ազրպէյճանական Խորհրդային անկախ հանրապետութեան ժամանակաւոր ռազմա-յեղափոխական կոմիտէն իշխանութեան եկած է Պաքուի յեղափոխականներու եւ Ազրպէյճանի աշխատաւոր  դասուն կամքով, եւ այդ իշխանութիւնը նախկին Մուսավաթեան  կառավարութիւնը կը յայտարարէ ժողովուրդի դաւաճան եւ անկախութեան թշնամի»,կարծէք  այս չէր բաւէր    յայտարարութեան մէջ  կը  նշուէր նաեւ, որ  «գործող խորհրդարանը կ'աշխատի նոյն կազմով եւ տեղական վարչակազմերը կը շարունակեն հանգիստ աշխատիլ իրենց տեղերը»։ Այսպիսով իրականութիւն կը դառնար Մուսթաֆա Քեմալի «Ազրպէյճանը Սովետական պետութիւններու խումբի մէջ տեսնելու» ծրագիրը։

 

Անաստաս Միկոյեան իր յուշերուն մէջ հետեւեալը կ՚ըսէ.-«հետախուզական տուեալներու համաձայն, Ազրպէյճանի մուսավաթեան կառավարութիւնն ունէր 30-հազարանոց զօրք։ 20 հազարը տեղակայուած էր Հայաստանի սահմաններուն, իսկ 10 հազարը տեղակայուած էր շարք մը բնակավայրերու ռազմակայաններուն մէջ։ Ազրպէյճանի բանակը Խորհրդային բանակի մուտքէն քիչ առաջ իրականացուցած էր Ղարաբաղի, Շուշիի հայերու կոտորածը։ Մեր բանակի զբաղեցուցած գիծի հետ շփման գօտիին վրայ կար 3 հազարէն քիչ մը աւելի  զինուոր»։ Ակնյայտ էր, որ Ազրպէյճանի խորհրդայնացումը համաձայնեցուած էր Մուսթաֆա Քեմալի եւ մուսավաթեան կառավարութեան հետ, եւ որ պոլշեւիկները իրենց զօրքերը Պաքու մտցնելու պահուն դիմադրութեան պիտի չհանդիպէին։

 

Եւ քանի որ տակաւին կային խումբեր, որոնք անտեղեակ էին վերոնշեալ պայմանաւորուածութենէն եւ անոնք կրնային խռովութիւններ հրահրել, ուստի անհրաժեշտ էր այս խնդրին տեղեակ փոքր ջոկատ մը ուղարկել, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Միկոյեան։ Բնականաբար պոլշեւիկեան այդ ջոկատը առանց դիմադրութեան կը հասնի Պաքու եւ Ապրիլ 28-ի գիշերը մուսավաթականները բանտերէն ազատ կ՚արձակեն «ձերբակալուած» պոլշեւիկները եւ կը յանձնեն իշխանութիւնը։ Եւ այսպիսով մուսավաթականները մէկ օրուան մէջ կը դառնան պոլշեւիկներ։ Այսպիսով, համաձայնութիւնը կայացած էր օսմանեան թուրքերու՝ ի դէմս Մոսթաֆա Քեմալի եւ կովկասեան թուրքերու, որպէս թշնամի երկիր ունենալով Հայաստանը։

 

Այնուհետեւ, Ռուսաստանը հայկական հարցի վերաբերեալ փաստացի կը ստանձնէ Մուսթաֆա Քեմալի կամակատարի դերը, որ պիտի յանգեցնէր կովկասեան եւ օսմանեան թուրքերու «տարածքային պահանջներու պաշտպանութեան»։ Առ այդ, Ապրիլ 29-ին Ազրպէյճանի յեղկոմը հետեւեալ հեռագիրը կ՚ուղարկէ Հայաստանի կառավարութեան .-«Ազրպէյճանի Խորհրդային Հանրապետութեան բանուորա-գիւղացիական կառավարութիւնը ի դէմս Յեղափոխական Կոմիտէի կը պահանջէ.-

 Ա) Ձեր զօրքերէն ազատել Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը,

 Բ) Վերջ տալ ազգամիջեան կոտորածներուն, այլապէս Ազրպէյճանի Խորհրդային հանրապետութեան յեղկոմը ստիպուած պիտի ըլլայ  պատերազմի մէջ մտնել Հայաստանի Հանրապետութեան հետ։ Սպառնագիրի վերջնաժամկէտը 3 օր է»։

 

Վերոնշեալ սպառնագիրէն յետոյ, Մայիս 20-ին, Խորհրդային Ազրպէյճանի ներքին գործերու ժողովրդական կոմիսարին Խորհրդային իշխանութեան լիազօր ներկայացուցիչ Մոլլա Եասին Մէհմէդ Օղլին կը զեկուցէ, Արեշի շրջանին  մէջ հայ բնակչութեան նկատմամբ ջարդերը կը շարունակուին. իշխանութեան ներկայացուցիչները նոյն արիւնարբու պաշտօնեաներն են, որոնք հայ կիներն ու երեխաները ողջ-ողջ կը վառեն, ստրկութեան մէջ կը պահեն գերեւարուածները եւ այժմ ալ իրենց տիրապետութիւնը կը շարունակեն Խորհրդային իշխանութեան անունով։

 

Ուրեմն, խորհրդայնացուած Ազրպէյճանի մէջ կարծէք ոչինչ չէր փոխուած եւ հայկական ջարդերու մէջ նոր գաղափարական «հասկացողութիւններ» մտած էին, որ հայերը «իմբերիալիստներ», «շոֆինիստներ» են  եւ կը խանգարեն «արեւելքը պոլշեւիկացնելու» ռուս-թրքական «համամարդկային» ծրագիրներու իրականացման։

 

Հետեւաբար, Մուսթաֆա Քեմալ-Լենին պայմանագիրը իրականութիւն դարձնելու նպատակով, Մայիս 21-ին Կարմիր Բանակը կը մօտենայ Ղարաբաղ։ Իսկ Մայիս 24-ին Օրճոնիկիծէն Ռուսաստանի արտաքին ժողկոմի տեղակալ Քարախանին, Լենինին եւ Սթալինին ուղարկած հեռագիրով կը տեղեկացնէ որ, Հայաստանը չի համաձայնիր, որ թուրքերուն ռազմամթերք տանող իրենց զօրքերը անցնին Հայաստանով, ուստի ան կ՚առաջարկէ, որ անմիջապէս Հայաստանէն «գրաւել Նախիջեւանը, Օրտուպատը եւ Ճուլֆան»։

 

Նոյն տարուան Մայիս 25-ին պոլշեւիկներու Քաղպիւրոյի Կեդրոնական Կոմիտէն Հայաստանի մասով որոշում կ՚ընդունի «հաւանութիւն տալ արտաքին գործոց ժողկոմի՝ Արեւելքի ժողովուրդներու ազատագրական շարժմանն օժանդակելու քաղաքականութեան, Արեւելքի ժողովուրդներէն Ազրպէյճանն ազատագրուած էր, բայց պայմանաւորուածութեան համաձայն դեռ անհրաժեշտ էր անոր յանձնել Ղարաբաղը, Զանգեզուրն ու Նախիջեւանը, ինչպէս նաեւ պէտք էր Անթանթէն ազատագրել Թուրքիան, ինչին ռուս-թրքական տրամաբանութեամբ, կը խանգարէր Հայաստանի Հանրապետութեան առկայութիւնը»։ Լենինին Թուրքերուն խոստացուած զէնքը, զինամթերքը եւ ոսկին ապահով հասցնելու նպատակով, Ռուսաստանին հարկաւոր էր ելք եւ Հայաստանի հարաւային մասերուն վերահսկողութիւնը, հետեւաբար առիթ պէտք էր, որպէսզի Կարմիր բանակը մտնէր Հայաստան։

 

Եւ այսպէս, այդ առիթը ստեղծեց Ռուսաստանի արտաքին գործերու ժողկոմ ՝ Չիչերինը, իր հետեւեալ ոչ հաւաստի եւ յերիւրածոյ հեռագիրով.- «Արժանահաւատ տեղեկութիւններու համաձայն Կարսի եւ Հայաստանի այլ շրջաններու մէջ ձերբակալուած են հարիւրաւոր կոմունիստներ։ Հայաստանի կառավարութիւնը գաղտնի կը գնդակահարէ կոմունիստները եւ մասնաւորապէս գնդակահարուած է ընկեր Միկոյեանը: Խորհրդային կառավարութիւնը խիստ վրդոված է»։ Ասոր հետեւանքով Խորհրդային կառավարութեան հրահանգով Կարմիր բանակը կը մտնէ Զանգեզուր եւ Նախիջեւան։ Զանգեզուրի մէջ Կարմիր բանակը ջախջախիչ պարտութիւն կը կրէ շնորհիւ արդի ռազմարուեստի տեսաբան, մարտական բացառիկ կարողութիւններով օժտուած, հրապարակագիր, գրող, ազգային գաղափարախօսութեան տեսաբաններէն՝  Գարեգին Նժդեհի զօրամիաւորումներու ցուցաբերած բացառիկ դիմադրութեան, սակայն Կարմիր բանակը կը յաջողի գրաւել Նախիջեւանը։ Իսկ Ղարաբաղը արդէն մէկ ամիս առաջ, Մայիսին, յանձնուած էր պոլշեւիկներուն, Դրոյի կողմէ։

 

Սակայն այս ժամանակահատուածին, Խորհրդային Ռուսաստանը կը փորձէր Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ բանակցիլ ժամանակաւոր խաղաղութիւն հաստատելու համար, որպէսզի Թուրքիոյ խոստացուած զէնք ու զինամթերքը անխափան տեղ հասնի Հայաստանի տարածքով։ Դժբախտաբար, Միկոյեան դժգոհելով Ռուսաստանի բռնած այս ընթացքէն, կը կայացնէ ազգավնաս եւ ազգադաւ որոշում, երբ 1920-ի Յուլիսի 29-ին եւս մէկ հեռագիր կ՚ուղարկէ Օրճոնիկիծէին, պահանջելով կեդրոնական կառավարութենէն, որ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը «անյապաղ» միացուին Ազրպէյճանին:

 

Դժբախտաբար, հայ պոլշեւիկներու հաւատքը, թէ «սոցիալիզմը պիտի լուծէ բոլոր վիճելի հարցերը» ի դերեւ կ՚ելլէ  եւ Կովկասի բոլոր նոր պոլշեւիկացած թուրքերը շարունակեցին սպանութիւնները, ճնշումները, խտրական քաղաքականութիւնը հայ ժողովուրդի նկատմամբ։

 

Ակնյայտ էր արդէն, որ Օսմանեան եւ Կովկասեան թուրքերը կը շտապէին իրադարձութիւնները արագացնել, որովհետեւ ընթացքի մէջ էր Սեւրի Դաշնագիրը, որով պիտի որոշուէին Կովկասեան երեք հանրապետութիւններու սահմանները, իսկ ռուս-թրքական ծրագիրը կը նախատեսէր լուծել Նախիջեւանի, Զանգեզուրի եւ Ղարաբաղի հարցը, որպէսզի կատարուած իրողութեան առջեւ դնէին Սեւրի Դաշնագրին  վրայ աշխատողները եւ դաշնակից պետութիւնները, այսպիսով խափանելով որեւէ հայանպաստ բանաձեւ կամ որոշում։ Սեւրի Դաշնագրի ստորագրման օրը Օգոստոս 10, 1920, նաեւ կը յատկանշուի ուրիշ պատմական դաշնագրով,  երբ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Խորհրդային Ռուսաստանի միջեւ կը ստորագրուի «ժամանակաւոր զինադադարի պայմանագիր», «որով Զանգեզուրը, Ղարաբաղը եւ Նախիջեւանը կը յայտարարուին չէզոք գօտի, եւ որուն բնակչութեան ապահովութիւնը Խորհրդային Ռուսաստանին կը տրուի՝ մինչեւ անոնց Հայաստանին կամ Ազրպէյճանին պատկանելիութեան հարցը վճռուի»։ Սակայն այս պայմանագրին չենթարկուիր Զանգեզուրը, եւ Նժդեհի ղեկավարութեամբ կը շարունակէ պայքարը օսմանեան, կովկասեան թուրքերու եւ կարմիր բանակին դէմ, մինչեւ որ Խորհրդային Ռուսաստանը կը ստիպուի հրադադարի պայմանագիր կնքել Նժդեհի հետ եւ համաձայնիլ անոր գլխաւոր նախապայմանին, որն էր՝  «Զանգեզուրը Խորհրդային Հայաստանի անբաժանելի մասն է»։

 

 Գէորգ Հալէպլեան