Արեւմտահայերէնը եւ ներկայ հայրենիքը. Ասատուր Տէվլեթեան

2019-08-04
Image

Ժողովուրդի մը լեզուն՝ անոր մեծագոյն հարստութիւնն է, անտարակոյս: Ազգի մը միասնականութեան խորհրդանիշն է ան: Հաւաքական յարատեւ ճիգի արգասիքը: Աւելին: Լեզուն, իր կառոյցով ու ձայնական, հնչական հնարաւորութիւններով, ժողովուրդի մը շնորհներուն եւ յատկանիշներուն արտացոլումն է: Ան իր մէջ կը պարփակէ զինք ստեղծող հաւաքականութեան հանճարն ու իմաստութիւնը: Իր խորքին մէջ ունի ժողովուրդին արարիչ հուրը, ինչպէս նաեւ անոր ճարտարագիտութեան բնոյթն ու որակը, անոր քնքշանքն ու մտածելակերպը: Լեզուն իր ներսը կը կրէ զինք ստեղծող մարդոց նկարագիրը, արտայայտչական վաւերականութիւնն ու ճաշակը: Իր մէջ հաւաքած է զինք գործածողներուն ոգեղէն դարաւոր պաշարը, իր խորքին մէջ պահած է անոնց ամբողջ պատմութիւնը:

 

Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, ըսենք թէ, պատմական իրադարձութիւններու բերումով, մեր արդի լեզուն բաղկացած է երկու գլխաւոր մասերէ, որոնք ծանօթ են «արեւելահայերէն» եւ «արեւմտահայերէն» անուններով: Չենք փորձուիր գերադասել մէկը կամ միւսը: Կը բաւարարուինք յիշատակելով թէ անոնք հայութեան երկու հատուածներուն սեփականութիւնն են, եւ թէ երկուքն ալ, անջատաբար, մշակած են վաւերական, հպարտութիւն ներշնչող գրականութիւն:

 

Բարեբախտ զուգադիպութեամբ մը, արեւելահայերէնը՝ ոչ միայն    Արարատեան դաշտին մէջ եւ անոր շրջակայքը ամփոփուած հայութեան, այլ նաեւ մեր պետական լեզուն է: Եւ որպէս այդպիսին, ժողովուրդին կենդանի արտայայտութիւնն է: Հայկական օրինական իշխանութեան առօրեային մէջ հաւատարիմ ծառայող, եւ ամէն հոգածութեան եւ խրախուսանքի արժանի:

 

Իսկ արեւմտահայերէնը, եղելութիւններու եղերական դասաւորումով, սփռուած է աշխարհի չորս ծագերուն, զայն գործածել յամառող հոգիներուն հետ: Յանձնուած է ոսոխ հովերու ապերասան քմայքին, ու մշտապէս ենթակայ է անխուսափելի աղճատման: Հրաշքով մը՝ ան տակաւին կը  շարունակէ իր գոյութիւնը: Տարագիր հատուածին ապրելու յամառութեան ու նուիրումին, պէտք է, թերեւս, ըսել «խենթութեան», կը պարտինք արեւմտահայերէնի վերապրումը մինչեւ այսօր: Սակայն, ինչպէս բացայայտ է արդէն, յարատեւ կը մաշի անոր էութիւնը: Հորիզոնին վրայ նշմարելի է արդէն անոր անյայտացումը: Իրապէս հասած է տեղ մը, ուր հարկ է հնչեցնել անկանգնելի կորուստին սահմռկեցնող ահազանգը:

 

Եւ հարկ է յիշել թէ արեւմտահայերէնը, միւս բոլոր տուեալներէն ու նկատումներէն անջատ, մեր հողային եւ այլ պահանջատիրութեան կենդանի վկան է, անոր մշտական եւ անզիջող յուշարարը:

 

Ահա, այդ իմաստով, այդ խորտակիչ խռովքով է որ կը գրուին այս տողերը:

 

Երեւցածին համաձայն, սփիւռքը ի վիճակի չէ կասեցնելու կամ նոյնիսկ փոփոխելու տխուր ընթացքը անողոք դէպքերուն: Շատ են այդ դրութեան պատճառները, որոնց չենք փափաքիր անդրադառնալ այստեղ:

 

Ակնարկուած իրողութիւններուն դիմաց, Հայաստանի իշխանութիւնը, կը խորհինք, պէտք է տէր կանգնի մեր լեզուին՝ ընդհանուր առմամբ: Հայկական պետութեան անխուսափելի, անյետաձգելի պարտականութիւնն է պաշտպանել ու պահպանել նաեւ արեւմտահայերէնը, որպէս ազգային հարստութիւն, որպէս դարերէն ու դարերով փոխանցուած հայրենական աւանդ: Ինչո՞ւ չէ, նաեւ իբրեւ համաշխարհային բնոյթ ու տարողութիւն ունեցող գանձ:

 

Մեր կարծիքով, Հայաստանի պատկան մարմինները, արծարծուած նիւթին առնչուող մասնագէտներու առաջնորդող օժանդակութեամբ, հարկ է որ փութով մշակեն արեւմտահայերէնի վերաբերեալ ընդարձակ եւ համապարփակ ծրագիր մը, որուն գործադրութիւնը կրնայ կատարուիլ մաս առ մաս, տրամադրելի միջոցներուն ու տիրող պայմաններուն համաձայն: Ստիպողական այդ աշխատանքին առնչութեամբ, կը համարձակինք ներկայացնել կարգ մը արագ ու չդասաւորուած առաջարկներ կամ մտածումներ:

 

-  Երեւանի Պետական Համալսարանի որպէս մաս կամ առանձին հաստատութիւն ու, թերեւս, Գիտութիւններու Կաճառին համապատասխան թեւին վերահսկողութեան տակ, պէտք է հաստատել արեւմտահայերէնի մասնաւոր բաժանմունք՝ տարողութեամբ ու բովանդակութեամբ նախապատիւ՝ ներկայիս ուսուցանուող օտար լեզուներուն կողքին:

 

-  Անմիջական կարիքներու գոհացումին համար, կամ այլապէս, հարկ է պատրաստել -

 

ա. -  Արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներ:

բ.- Արեւմտահայերէնով աւանդող դասախօսներ՝ այլազան նիւթերու   մասնագիտութեամբ:

 

-  Յատկապէս սփիւռքի դպրոցները ի մտի ունենալով, արեւմտահայերէն լեզուով պատրաստել դասագիրքեր՝ պահանջուած նիւթերու եւ մասնաւոր դասարաններու համար, հարկ եղած ուսումնասիրութիւնները կատարելէ յետոյ, ու խնդրոյ առարկայ վարժարաններու ղեկավարութեան հետ խորհրդակցելով:

 

-  Արեւմտահայերէն դասաւանդելու է հայրենի բոլոր վարժարաններուն մէջ, եւ ամէն անհրաժեշտ մակարդակով, որպէսզի նոր սերունդը ճանչնայ զայն, եւ լիովին օգտուի անով մշակուած գրականութենէն: Համապատասխան մտահոգութեամբ՝ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ արժանի տեղ տալու է արեւմտահայ լեզուին եւ գրականութեան:

 

-  Հայաստանի մէջ ստեղծել պայմաններ, ուր հնարաւոր ըլլայ հաստատել արեւմտահայերէնով մամուլ, եւ ամէն կերպով քաջալերել նման նախաձեռնութիւն մը:

 

-  Յատուկ նախաձեռնութեամբ ու բծախնդիր հոգատարութեամբ՝ երկրին մէջ ստեղծել մասնաւոր պայմաններ, կամ դիւրութիւններ, որոնց շնորհիւ սփիւռքի հեղինակներ կարենան, կամ քաջալերուին, Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնով տպագրել եւ հրատարակել իրենց արժանաւոր գործերը: Նոյն ատեն, հնարաւոր ամէն ջանք թափելու է որ այդ հրատարակութիւնները մատչելի ըլլան հայրենի ընթերցողին:

 

-  Նախատեսուած ծրագիրի մը համաձայն, հրատարակել կամ վերահրատարակել արեւմտահայ անուանի գրողներու երկերը՝ բնագիրներու ուղղագրութեամբ, ու ջանալ որ անոնք դիւրութեամբ հասնին հանրութեան եւ մանաւանդ՝ նոր սերունդին:

 

Հասկնալի է թէ պատկան կամ լիազօրուած մարմինները ազատ զգալու են դիմելու նաեւ տարբեր ազդու, արդիւնաբեր միջոցառումներու: Ամէն պարագայի, անոնք պէտք է շարժին անմիջապէս, առաջին առիթով իսկ: Որովհետեւ ճգնաժամը շատոնց սկսած է: Որովհետեւ վաղը կրնայ շատ ուշ ըլլալ այլեւս:

 

Համոզուած ենք թէ նման յառաջադրանքներ՝ ո՛չ միայն իրարու աւելի պիտի մօտեցնեն հայութեան երկու հատուածները, անոնց միջեւ պիտի մշակեն փոխադարձ հասկացողութիւն եւ վստահութիւն, այլ նաեւ մեծապէս պիտի նպաստեն անոնց հոգեղէն միասնականութեան: Բարիքներ, որոնց տեւական կարօտն ունեցած է հայութիւնը:

 

Նպատակը, ըստ մեզի, այնքան սրբազան է, այնքան անյետաձգելի ու պատմականօրէն ճակատագրական որ, վերջին վերլուծումով, յարաբերաբար անկարեւոր կը դարձնէ հաւանական նիւթական թէ այլ մտահոգութիւնները:

 

Թէեւ կը հաւատանք թէ, եթէ հայրենիքը որդեգրէ արծարծուած գաղափարը, հայկական սփիւռքը, լիովին ըմբռնելով անոր բնոյթն ու տարողութիւնը, անպայմանօրէն պիտի ուզէ ստանձնել համապատասխան դրամական ու բարոյական պարտաւորութիւններ:

                                                                                           

Նիկոսիա, Կիպրոս

Ասատուր Տէվլեթեան