Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան Պատմական Դերը. Գէորգ Հալէպլեան

2020-09-11
Image

Հայոց ազգային գաղափարախօսութեան առանցքային հիմնադրոյթներէն է՝ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ստեղծումը, ամրապնդումը եւ հզօրացումը՝ որպէս Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի իրականացման նախապայման, որպէս հայ ժողովուրդի գոյապահպանման եւ զարգացման երաշխիք։ Հայ ժողովուրդը թեւակոխած է Մեծ Երազի իրականացման առաջին փուլը՝ հռչակած է Հայաստանի վերանկախացումը։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը թէ՛ ներքին, եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառներուն մէջ պէտք է ղեկավարուի ազգային գաղափարախօսութեան հիմնադրոյթներով։ Ազգը եւ ազգային պետութիւնը կրնան գոյատեւել միայն այն պարագային, եթէ անոնք կը ղեկավարուին ազգային գաղափարախօսութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ունենայ ազգային գաղափարախօսութենէն բխող ռազմավարական եւ մարտավարական ծրագիրներ՝ Ազգային Ծրագիր կամ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳ։ Եթէ մարտավարական ծրագիրը ենթակայ է ինչ որ գործնապաշտ (pragmatic) գործընթացներու եւ լրամշակուի՝ իրադարձութիւններու զարգացման եւ փոփոխութիւններուն համընթաց, եւ կրնայ ունենալ փոխզիջումներու տարբերակներ մարտավարական հարցերու հետ կապուած, ապա ռազմավարական ծրագիրը՝ ԱՆԿԱԽ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ, փոփոխութեան ենթակայ չէ։

Հայոց պետականութիւնը պէտք է ունենայ ազգային հզօր տնտեսութիւն՝ պայմանաւորուած Հայաստանի աշխարհաքաղաքական իրավիճակով եւ պատմական խնդիրներով։ Ի տես Հայաստանի աշխարհաքաղաքական պայմաններուն, յատուկ նշանակութիւն կը ստանայ խորունկ եւ բազմակողմանի մշակուած ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳԻ մշակումը, որուն առանցքային հիմնադրոյթներն են ՝ հզօր ազգային բանակը եւ հզօր ռազմական արդիւնաբերութիւնը։ Ազգային բանակի յաղթական ոգին պէտք է կոփուի կրթական համակարգին մէջ։ Այդ պատճառով, կրթական համակարգը իր բովանդակութեամբ պէտք է ըլլայ ԱԶԳԱՅԻՆ եւ ռազմահայրենասիրական կրթութիւնը պէտք է առանցքային տեղ գրաւէ պետական կրթական համակարգին մէջ։

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է ուղղորդուի երկրի աշխարհաքաղաքական եւ պատմական գործօնները հաշուի առնելով։ Պատմութեան ներկայ փուլին մէջ կարեւորագոյն նշանակութիւն կը ստանայ այն հարցը, թէ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ ինչպիսի՞ տեղ եւ դեր պէտք է յատկացուի Հայոց Դատին, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Սփիւռքի հիմնախնդիրներուն։

 

Ա) Հայկական Հարցը Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան մէջ։

Նկատի առնելով չափազանց բարդ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը եւ աննպաստ պայմանները, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս Հայկական Հարցը կը հռչակէ հայոց ազգային գաղափարախօսութեան ռազմավարական ծրագրի հիմնախնդիր, չմտցնելով այն մարտավարական ծրագրի մէջ, չդարձնելով այն պետութեան արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ։ Պէտք է շարունակուի անզիջում պայքարը Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման, միաժամանակ բարձրացնելով Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Նախիջեւանի եւ Շարուրի հարցերը։ Պահանջել եւ հետապնդել 1921 թուականի Մարտ 16-ի ռուս-թրքական տխրահռչակ պայմանագրի վերանայումը կամ չեղարկումը՝ Նախիջեւանին վերաբերող յօդուածը եւ նոյն թուականի Հոկտեմբեր 13-ի Կարսի պայմանագիրը։

Անհրաժեշտ է նաեւ լայն քարոզչութիւն ծաւալել Ազրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեան ծանօթացնելու ուղղութեամբ, որ աշխարհին ներկայացուած է խեղաթիւրուած ձեւով, որպէս «ազրպէյճանցիներու ցեղասպանութիւն»։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հայկական Հարցը մարտավարական նկատառումներով չդարձնելով արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ, այնուամենայնիւ, հսկայական աշխատանք պէտք է տանի այդ հիմնահարցի քարոզչութիւնը ազգային-քաղաքական բարձր մակարդակով իրականացնելու համար։ Պէտք է ստեղծուի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳԻՏԱԿԱՆ-ԱԿԱԴԵՄԻԱԿԱՆ ԿԱՃԱՌ, որուն նպատակը պէտք է ըլլայ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳԻ ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ։ Այս կաճառը պէտք է մշակէ Հայկական Հարցի քարոզչութեան մեթոտներն ու ձեւերը, նաեւ, այս կաճառին մէջ պէտք է ընդգրկուին հայ եւ այլ ազգի արհեստավարժ մասնագէտներ։ Պէտք է հրաւիրել Համաշխարհային Հայկական Համագումար, որ իր վրայ պէտք է վերցնէ Հայկական Հարցի ուղղութեամբ տարուող բոլոր աշխատանքներու կազմակերպումը, համակարգումը եւ ֆինանսաւորումը։ Այս համագումարի աշխատանքներուն իրենց գործուն մասնակցութեամբ պէտք է հանդէս գան նաեւ Հայաստանի իշխանութիւնները։

 

Բ) Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան մէջ։

Հայկական Հարցի համար մղուող պայքարին քարոզչութիւնն ու ղեկավարութիւնը վստահելով Համաշխարհային Հայկական Համագումարին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ բնագաւառին մէջ իր հիմնական խնդիրը պէտք է համարէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին հասնիլը։ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն եւ այդ իրողութիւնը ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուելէ յետոյ ՝ հզօրացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը մտնէ Հայկական Հարցի համար մղուող պայքարի երկրորդ փուլ՝ պաշտօնապէս մարտավարական ծրագրի, պետութեան արտաքին քաղաքականութեան գործընթացին մէջ մտցնելով Հայկական Հարցը։ Այսպիսով, պատմութեան ներկայ փուլին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է հետեւողականօրէն պայքարի հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար, որ հիմք պիտի հանդիսանայ պետականօրէն Հայկական Հարցի համար մղուող պայքարի երկրորդ փուլին անցնելուն։

 

Գ) Սփիւռքը ՝ Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան մէջ։

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան հայեցակարգին մէջ պէտք է առանձնայատուկ տեղ գրաւէ նաեւ Սփիւռքը՝ որպէս Հայկական Հարցի եւ Ցեղասպանութեան խնդրի բաղկացուցիչ մաս, որպէս ցեղասպանութեան արդիւնք։

Այստեղ կարեւոր կը նկատենք արձանագրել հետեւեալ նկատառումները.-

          1) Միջազգային ասպարէզին մէջ Հայկական Հարցին կրողը եւ դրօշակակիրը պէտք է ըլլայ Սփիւռքը։ Եթէ պատմութեան արդի փուլին Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ելլելով առարկայական աննպաստ պայմաններէն, մարտավարական նկատառումներէն, նպատակայարմար չի համարեր իր ձեռքը վերցնել Հայկական Հարցի համար մղուող պայքարը, ապա այդ պայքարի դրօշակակիրը պէտք է դառնայ Սփիւռքը։

          2) Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար կարեւոր դեր ունի կատարելիք նաեւ Սփիւռքը։ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի միացեալ ջանքերով, արտաքին թէ ներքին ամբողջ ներուժի օգտագործմամբ միայն հնարաւոր կ՚ըլլայ հասնիլ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման։

          3) Վերոյիշեալ խնդիրները համազգային ուժերով լուծելու համար անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի հարցերով զբաղուող (նախարարութիւն, յանձնակատար) մարմինը ղեկավարուի ազգային մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու կողմէ, որոնց խօսքն ու հեղինակութիւնը պատկառելի եւ ընդունելի ըլլայ Սփիւռքի համար։

 

Վերոնշեալ խնդիրներու իրականացմամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը կարելիութիւն կը ստանայ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայկական Հարցի միջազգային ճանաչման համար մղուող պայքարին լիովին օգտագործել Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր ուժերը եւ հնարաւորութիւնները։ Այսպիսով, հայ ժողովուրդը կը համոզուի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը կը վարէ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵՆԷ բխող ազգային քաղաքականութիւն, որ հիմք կը հանդիսանայ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ, ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ եւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ։

Իսկ ելլելով մեր երկրի ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ շահերէն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը բոլոր պարագաներուն պէտք է ըլլայ Ռուսաստանի դաշնակիցը եւ գտնուի անոր ռազմավարական ծրագիրներուն մէջ։ Պատմութեան հրամայականով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է վարէ հակակշիռ դաշինքներու քաղաքականութիւն։ Հակաթրքական դաշինքին մէջ իրենց տեղը պէտք է ունենան Ռուսաստանը, Հայաստանը, Յունաստանը, Կիպրոսը, Սերպիան, Պուլկարիան, Իրանը, Չինաստանը, Սուրիան, Իրաքը, Եգիպտոսը, Միացեալ Էմիրութիւնները, եւ այլն։

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան հայեցակարգին մէջ կարեւորագոյն տեղ կը գրաւեն մշակութային, գիտական եւ կրթական համակարգերը։ Այս համակարգերը պարտին գտնուիլ պետութեան հոգատարութեան ներքոյ։

Այսպիսով, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնական խնդիրը արդի ժամանակահատուածին՝ հայկական անկախ պետականութեան ամրապնդումն ու հզօրացումն է, պետութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան հայեցակարգերու մշակումն ու իրագործումը, հայկական մշակութային, գիտական եւ կրթական համակարգերու զարգացման պայմաններու ստեղծումը։

Հայաստանի Հանրապետութեան ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԴԵՐԸ այն է, որ ան կ'ապահովէ հայ ժողովուրդի եւ հայ պետականութեան գոյատեւումն ու հետագայ զարգացումը եւ միաժամանակ հիմնակէտ կը հանդիսանայ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ստեղծման։

 

Գէորգ Հալէպլեան