ՌԱԿ-ի Երախտաւորները. Արամ (Արիս) Սեփեթճեան
Արամ ( Արիս) Սեփեթճեան
(1934' Ալեքսանտրէթ - 2020' Պէյրութ )
Չորք Մարզպանցի ծանօթ Սեփեթճեան ընտանիքի Արմենակի եւ Ովսաննա Լեփեճեանի ութը զաւակներուն՛ կրտսերագոյն էր Արամը։ Ան ծնած է Կիլիկիոյ Ալեքսանտրէթ ծովաքաղաքը 1934ին, երբ տակաւին հայահոծ այդ քաղաքը կը վայելէր Ֆրանսայի հոգատար իշխանութիւնը։
1938ին երբ Ֆրանսան կը յանձնէ այդ սանճագը Թուրքիոյ իշխանութեան, Սեփեթճեաններն ալ այլոց նման կուգան հաստատուելու Պէյրութ, ուր նախապէս եկած էին այլ Չորք Մարզպանցի հարազատները Արմենակի։
Ատենոյ Պէյրութի փոքրաթիւ հայկական գաղութի աճող հայաբոյր մթնոլորտին մէջ, Արամը կը յաճախէ Հայկական նախակրթարան, ու ապա իր ուսումը կը շարունակէ ՀԲԸՄիութեան Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանէն ներս, ուր մասնաւոր հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Հայ Գրականութեան հանդէպ, աշակերտելով Վահէ Վահեան-ի։
Սեփեթճեանի գրական առաջին աշխատասիրութիւնը լոյս կը տեսնէ 1951ին, Պոսթոն հրատարակուող "Պայքար" օրաթերթին մէջ, որպէս պատմուածք "Մեղ՝այ Քեզ Հայրենիք" Խորագրով։
1954ին աւարտելէ ետք երկրորդական կրթութիւնը, հեռակայ դասընթացքներու կը հետեւի երկու տարուայ համար, Լոնտոնի Երկրաչափական հաստատութեան դասընթացքներուն։
Այս Շրջանին Արամ միութենական հետաքրքրութիւններով գործօն մաս կը կազմէ Հ․Ե․Ը․ի մշակութային ծրագիրներուն, իսկ իր գաղափարական հակումները զինք կ՛առաջնորդեն մուտք գործելու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերը, մաս կազմելով ՌԱԿ Մկրտիչ Փորթուգալեան ակումբին։
1957ին կը վկայուի որպէս շինարարական տեսուչ (SURVEYOR) Beirut Technical Institute հիմնարկէն, ու արհեստավարժ իր մասնագիտութեամբ յաճախ կը մեկնի Լիբանանի մերձակայ երկիրներ, շինարարական ծրագիրներու համար։
Սեփեթճեանի գրական աշխատակցութեան սկիզբը կ՛ըլլայ 1956ին սկսած "Շիրակ" Գրական եւ Մշակութային ամսագրէն ներս, որուն մնայուն ու փնտռուած աշխատակիցը պիտի դառնար երախտաւորը, գաղափարական մամուլի գրական էջերուն նաեւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սեփեթճեան, "Շիրակ" ամսագրի կողքին, "Զարթօնք" օրաթերթին աշխատակցելով։
1964ին լոյս կը տեսնէ իր առաջին հրատարակութիւնը՝ (Օրագիր տխրութեան եւ Սիրոյ), "Անլոյս գիշերներ" խորագրով պատմուածքը։
1967ին սեփեթճեան մաս կը կազմէ "Շիրակ" ամսագրի խմբագրական կազմին։
Տարեվերջէն առաջ կեանքի ընկեր կ՝ընտրէ Մուսա Լեռցի ծանօթ ընտանիքի դուստրը Մելինէն, անոնք կը փախտաւորուին երեք զաւակներով, երկու մանչ եւ դուստր մը, ու իրենց դաստիարակութեան շնորհիւ, անոնք հասակ կ՝առնեն հայաբոյր ջերմ մթնոլորտի մէջ։
1969ին լոյս կը տեսնէ Սեփեթճեանի երկրորդ պատմուածքներու հատորը՝ "Կեանքի Կարօտով" խորագրով։
Այս ժամանակաշրջանին ան իր մասնագիտութեամբ կը մեկնի Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններ, որմէ ետք կ՝անդամակցի Լոնտոնի Architects & Surveyors Institute-ին, ու մնայուն իր գրասենեակը կ՝ունենայ 1973ին, Պէյրութի Ճըմէյզի թաղամասի նորաբաց Թ․Մ․Միութեան կեդրոնէն ներս։
Նորաբաց այս կեդրոնէն ներս Թ․Մ․Մ․ի Պէյրութի մասնաճիւղը կը ծաւալէ աշխոյժ գործունէութիւն, ու Սեփեթճեանն ալ շրջան մը կը դառնայ վարչական անդամ մասնաճիւղի վարչութեան։
1978ին իր "Ողջակէզ" վիպակը կ՝արժանանայ Թ․Մ․Մ․ի Հայկաշէն Ուզունեան գրական մրցանակին, իսկ վիպակի արաբերէն թարգմանութիւնը ( Թարգմ․ Նիզար Խալիլի-ի "Ալ Զապիհա") 2004ին լոյս կը տեսնէ։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք, յարաբերաբար Լիբանանահայ հասարակական կեանքը մանաւանդ Անթլիասի շրջանէն ներս, վերսկսած էր միութենական եռուզեր մը, ու Սեփեթճեան դարձած էր վարչական անդամ Հ․Ե․Ը․ի Անթլիասի գործադիր վարչութեան։
Կարեւորութեամբ պէտք է նշել որ երախտաւորը իր գրական գործունէութեան կողքին, 1982ին անդամ կը դառնայ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան։
1984ին ժամանակաշրջանի մը համար կուգայ մնալու Լոս Անճելըս իր Եղբօր՝ Անդրանիկի մօտ, կեցութեան շրջանին գրախօսականներով կ՝աշխատակցի "Նոր Կեանք" շաբաթաթերթին, ինչպէս նաեւ "Նոր Օր" Եռօրեային։
Պէյրութ վերադառնալէ ետք, լոյս կը տեսնէ իր երկրորդ վիպակը 1985ին, "․․․Ես սեւ եմ բայց գեղեցիկ" խորագրով, որ դարձեալ կ՝արժանանայ Թ․Մ․Մ․ի Ուզունեան գրական մրցանակին։
1986ին Հայաստանի գրողներու միութեան կողմէ կը հրաւիրուի Հայաստան մասնակցելու գրողներու միութեան 9րդ համագումարին։
1991ին կը հիմնէ իր սեփական"Սիփան"հրատարակչատունը՝Պէյրութի մէջ, պէտք է նշել նաեւ՝ Հայ գիրի ու մամուլի հաւատաւոր իր բարեկամները միշտ հաւաքուած մնացին իր հիմնած հրատարակչատան շուրջ, որովհետեւ ան նաեւ եղած էր Լիբանանահայ Գրողներու Միութեան երեք հիմնադիրներէն մէկը։
Յաջորդ տարին՝ 1992ին կը դառնայ պատասխանատու խմբագիրը Հ․Բ․Ը․Մ․-Հ․Ե․Ը․ի "ԽՕՍՆԱԿ" ամսագրին, պաշտօն մը որ բծախնդրութեամբ պիտի վարէր յաջորդ 15 տարիներուն։
1996ին անդամ կը դառնայ Հայաստանի գրողներու միութեան, իսկ 1997ին կ՝արժանանայ "ԶԱՐԹՕՆՔ" օրաթերթի Հ․ եւ Ա․ Վարդիվառեան մամլոյ մրցանակին։
2001ին Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ "Հող եւ Մորմոք" Սեփեթճեանի ժողովածուն, որ լայն ընդունելութեան արժանացաւ, ատենոյ հայրենի մտաւորականութեան մօտ։
Երախտաւորի տասնամեակներու ընթացքին ստորագրած հրապարագրական յօդուածները որպէս ժողովածու "Ժամանակախոյզ Խոհեր" խորագրով, լոյս տեսաւ 2005ին, ու նոյն տարին ան հրաւիրուեցաւ մաս կազմելու Հայաստանի Լրագրողներու միութեան, ինչպէս նաեւ "ԿԱՄԱՐ" գրական Պարբերաթերթի խմբագրական կազմին։
Աթէնք-2006, ՌԱԿ ԻԴ Ընդհ․ Պատգամաւորական Ժողովի աւարտին ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան կազմը, Ոտքի աջէն առաջինը՝ Արամ Սեփեթճեան։
2006ին ան կը մասնակցի Աթէնքի մէջ գումարուած ՌԱԿ- ԻԴ Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովին, ու կ՝ընտրուի օրուայ Դիւանի ատենադպիրը, իսկ նոյն ժողովի ատենապետութիւնը վստահուած էր այս տողերու հեղինակին, Ժողովի աւարտին Սեփեթճեան կը նշանակուի փոխ-անդամ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան։
2007ին արժանացաւ ՌԱԿ-ի կրկնակի Վեթերանութեան յուշատախտակին։
Երախտաւորը յաճախակի կապ կը հաստատէր սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ գսնուող, Չորք Մարզպանցի մտաւորականներուն հետ, ու իր ջանքերով կեանքի կոչուեցաւ "Չորք Մարզպանք" մատենաշարի հրատարակչական մարմինը, որուն հրատարակութիւններէն մէկն է Թորոս Թորանեանի "Չորք Մարզպանի Հայ Գիրի ու Մամուլի Դէմքեր" ը։
2009ին լոյս կը տեսնէ իր Գրական Վերարժեւումներու երկը "Բանաստեղծութիւնը տագնապի ընդմէջէն" խորագրով։
2010ին իր գրական երկարամեայ վաստակին համար կ՝արժանանայ ամենայն հայոց Գարեգին Բ․ Կաթողիկոսի կողմէ Սրբ․ Սահակ- Սրբ․ Մեսրոպ շքանշանին ու սրբատառ կոնդակին։
80-ամեայ երախտաւորը անխոնջ շարունակեց իր գրական ու հրապարագրական գործունէութիւնը, ու 2014ին լոյս տեսաւ իր Բ ․ ժողովածուն "Ձայներ Լռութեան Մէջ" խորագրով, ինչպէս նաեւ "Գրական Հանդիպումներ" Գրադատական վերարժեւորումը, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ Կաթողիկոսը զինք գնահատեց Սրբ․ Մեսրոպ Մաշտոց Շքանշանով ու սրբատառ կոնդակով, իր երկարամեայ վաստակին համար։
Երախտաւորը նոյնիսկ իր յառաջացած տարիքին մնաց յարգուած Լիբանանահայ արձակագիրը, ու մօտէն կը հետեւէր Հայրենիքի ու արցախի հետ կապուած զարգացումներուն, բայց դժբախտ ճակատագիրը զինք յաւերժի ճամբորդ դարձուց, այլոց նման զինք զոհը դարձնելով Քորոնա համաճարակին՝ Հոկտ․ 30, 2020ին։
XXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXX
Երախտաւորի երէց որդին Հրաչը, Հ․Բ․Ը․Միութեան Գանոկա Փարք-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանի հայկական բաժնի Վարիչն է, շուրջ 4 տարի ստանձնեց նաեւ "Նոր Օր" շաբաթաթերթի պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը։
Արա Ահարոնեան