ՌԱԿ-ի Երախտաւորները. Գարեգին Բաղէշճեան (Մանուկեան)

2021-02-24
Image

Գարեգին Բաղէշճեան ( Մանուկեան)

( Վան` 1867 - Լոս Անճելըս՝ 1937 )

Պիթլիս(Բաղէշ)էն Վան տեղափոխուած յայտնի Մանուկեան գերդաստանի ընտանեկան յարկին տակ երախտաւորը ծնած է 1867 -ին, Վան  քաղաքի այգեստանի շրջանը։   

Գարեգինը իր նախնական ուսումը ստանալէ ետք տեղական վարժարանէն ներս, կը յաճախէ Վանի Կեդրոնական վարժարանը, անդրանիկ աշակերտներէն դառնալով Մկրտիչ Փորթուգալեանի։ 

Իր յեղափոխական խառնուածքով ան աչքի կը զարնէ Վանի մէջ կազմաւորուող շարժումներուն մասնակցելով։  

1884ին  Մկրտիչ Փորթուգալեան Վանի մէջ իր հիմնած վարժապետանոցի առաջին 12 շրջանաւարտներուն համար կը նախաձեռնէ կազմութիւնը Գործակցական Միութիւն անունով ընկերութեան մը, որուն նպատակն էր Կ․Պոլսէն ու Ֆրանսայէն բերել տալ դասագիրքեր եւ ընթերցանութեան համար հրատարակութիւններ, ու  զանոնք ցրուել Վանի հայութեան, որպէս մտաւոր մատակարարում։ 

1885ի Գարնան Փորթուգալեան աքսորուելէն ետք Վանէն ու հաստատուելէ ետք Մարսէյլ, իր հրատարակած «Արմենիա» թերթը, գաղտնի կը մտնէր Վան։  

Թերթի շուրջ հաւաքուած իր սաներուն մէջ էր Գարեգին Մանուկեանը, ու առաջնորդուած հոն տեղ գտած հայեցակէտով, ան մաս կը կազմէ 1885ի աշնան մասնակից դառնալու Հայ առաջին քաղաքական կուսակցութեան հիմնադիր կազմին, որ անուանուեցաւ «Արմենական Կազմակերպութիւն»։ 

Կազմակերպութիւնը առաջին հերթին որոշեց վերակազմել Վանի պաշտօնական ազգային մարմինները, վերաբանալ կիրակնօրեայ վարժարանները ու Վանի երիտասարդութիւնը դաստիարակել առաջնահերթ մտահոգութեամբ։ 

Կազմակերպութեան հիմնադիր կազմի կարեւոր որոշումներէն կը հանդիսանայ Պարսկաստանի միջոցաւ կապ հաստատել հայաշատ կարեւոր գաղութներու հետ, մանաւանդ Թիֆլիսը նկատի ունենալով։ 

Յատկապէս կը ծրագրուի Հայոց Հայրենասիրական Միութիւն անունով կառոյց մը Ատրպատականի մէջ ձեռնարկել, որուն համար  Մանուկեան կ՝ստանձնէ պարտականութիւն յաճախ մեկնելու Պարսկաստան, ու միութեան շուրջ հաւաքուած տարրերը հետզհետէ ներգրաւել Արմենական շարքերը։

Կազմակերպութեան համար Մանուկեան դարձած քր վստահելի այն գործիչը, որ նաեւ գաղտնաբար կը ծրագրէր զէնք փոխադրել Վան, բերելով զանոնք Պարսկաստանի մերձակայ շրջաններէն

Մանուկեան իր յաղթանդամ կառոյցով ու հրապուրիչ արտաքինով հետզհետէ սկսած էր աչքի զարնել մանաւանդ թուրք ոստիկանութեան։ 

Վանի հայութեան համար ան դարձած էր անիրաւութեան փրկարարը, բազմիցս թրքական բանտերէն ազատելով Վանեցիները։ 

1889ին երբ Մանուկեան իր կարգ մը ընկերներով կը վերադառնար Պարսկաստանէն, քիւրտ հրոսակներու կողմէ կը պաշարուին ու խաբուելով կը յանձնուին թուրք ոստիկանութեան։ 

Վանի բանտին մէջ Մանուկեանն ու իր Արմենական ընկերները ոեւէ խոստովանութիւն չ՝կատարելով, կ՝ենթարկուին ամենավայրագ տանջանքներու։  

Գարեգին Մանուկեանը որոշ ժամանակ բանտին մէջ գլխի վար խաչուած կը պահուի, բայց այդ տանջանքն ալ անզօր կ՝ըլլայ, որովհետեւ գաղտնի առաքելութեան ծրագիրը ոստիկանութիւնը չի կրցաւ իմանալ։  

Այս շրջանին Վանի կուսակալ նշանակուած էր յայտնի քաղաքական գործիչ Կարապետ Նաթանեանը, որ յարգուած էր Վանի բոլոր փոքրամասնութիւններուն կողմէ, իր բարեխօսութեամբ Մանուկեան ու իր ընկերները կ՝ազատին բանտէն 1891-ի տարեվերջէն առաջ։  

Այգեստանի հայութեան մօտ, Մանուկեան արդէն ճանչուած էր իր քաջութեան ու բուռն հայրենասիրութեան համար։ 

Արմենական Կազմակերպութեան գործադիր կազմին որոշումով, Մանուկեանին պաշտօն կը վստահուի Վասպուրական նահանգի գիւղերէն ներս հետապնդելու գաղտնաբար զարգացող հակահայ աշխատանքները թուրքերուն կողմէ։  

1896-ի սկզբնաւորութեան Մանուկեան կը կազմէ հայդուկային ձիաւոր խումբ մը  11 Արմենականներէ բաղկացած, որոնց մէջ էին Գրիգոր Շիկահերն ու Արմենակ Եկարեանը, ինչպէս նաեւ Մանուկ Վարդանեանը՝ ծանօթ Տըրպէ ծածկանունով։  

Հայդուկային ձիաւոր խումբը պաշտօն կ՝ստանձնէ  մեկնիլ Պարսկաստան զինամթերք տեղափոխելու Վան,  ուր ազգային երեք կուսակցութիւնները միասնաբար կը պատրաստուէին Ինքնքպաշտպանութեան։ 

Պարսկաստանէն վերադարձին, ծպտուած որպէս քիւրտեր, Պարսիկ սահմանապահ զօրքերուն կողմէ զինաթափ կ՝ըլլայ ձիաւոր խումբը, Շիկահերն ու Եկարեանը կը բանտարկուին, իսկ Մանուկեան կը յաջողի փախչիլ, ու գալով Սալմաստ կ՝ապաստանի իրեն ծանօթ Վանեցիներու մօտ, չի կաողանալով վերադառնալ Վան մասնակցելու Յունիս  3ի Ինքնապաշտպանութեան։    

Սալմաստի մէջ ան կը շարունակէ Հայոց Հայրենասիրական Միութեան համար սկսուած աշխատանքները, Արմենականներուն համար հիմնադրութեան առաջին օրերէն, արդէն Ատրպատականը կարեւոր նկատուած էր։  

1898-ին Մանուկեան կ՝անցնի Կովկաս, եւ Թիֆլիսի մէջ սերտ յարաբերութիւն կը մշակէ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեանի, ինչպէս նաեւ Սիմոն Վրացեանի հետ,  որոնց համար Վասպուրականէն եկած տեղեկութիւնները կենսական էին։  

Վան գտնուող իր եղբօր հետ Մանուկեան կապը կը պահպանէր, տեղեակ մնալով իր հարազատներուն վիճակին։

Մատնութեան հետեւանքով Թիֆլիսի մէջ ալ կը կը բանտարկուի, ու նոյն բանտին մէջ կը հանդիպի իր գաղափարի ընկերոջ՝ Փանոս Թերլեմէզեանին։

Ազատ արձակուելէն ետք, որոշ ժամանակ  մը կը մնայ Թիֆլիս, ուսուչութեամբ զբաղելով, տեղւոյն հաստատուած համայնքէն ներս։  

1907-ին երբ Արմենական Կազմակերպութիւնը  Վանի մէջ կը վերագտնէ իր աշխոյժութիւնը գլխաւորութեամբ հիմնադիր կազմի անդամ Գրիգոր Աճեմեանի, Մանուկեանէն կը խնդրուի վերադառնալ Սալմաստ, ու հոն շարունակել իր ասպարէզը ու քարոզչական աշխատանքը։   

1908ին երբ Արմենականներու եւ Վերակազմեալներու միացումով կազմուեցաւ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը՝ Աղեքսանդրիոյ մէջ,  Մանուկեանի վաղեմի գաղափարի ընկերը՝ Գրիգոր Շիկահերն ալ կուգայ Սալմաստ, ու միասնաբար ուսուցչական ասպարէզի կողքին կը ծրագրեն Սահմանադրական կառոյցը ամրապնդել Պարսկաստանէն ներս, օգտակար հանդիսանալով Վանի Կուսակցական շրջանակին։ 

Մանուկեան Վանի իր հարազատներէն իմացած էր որ իրեն աշակերտած Արմենական պատանիներ, որպէս փախստական եկած ու հաստատուած են Միացեալ Նահանգներ (Պոսթոն ու Ֆրեզնօ)։  

1913ին Մանուկեան վեջնականապէս կուգայ հաստատուելու Պոսթոն,  ուր կը հանդիպի Վանի Ինքնքպաշտպանութեան մասնակից Արմենական զինուորագրեալներէն՝ Շատախցի Մուրատին, որուն հետ անոնք Ազգ- Պահակի խմբագրատան մէջ յաճախ կը հանդիպէին Վանեցի հայրենակիցներու։ 

1915ի Սեպտեմբերին երբ Վասպուրականի Հայ ազգաբնակչութիւնը կը լքէր իր պապենական հողը ու կը գաղթէր Վաղարշապատ ու Երեւան, Երախտաւորի հարազատներն ալ միացած էին այդ գաղթականներուն։ 

Մանուկեանի համար անկիւնադարձային եղաւ 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը, ու անոր յաջորդող Հայաստանի խորհրդայնացումը, որովհետեւ իր մէջ սերմանած յեղափոխական ոգին Հայ ժողովուրդին ծառայելու,  յագեցած էր պետականութիւն ունենալով։ 

Երեսունական  թուականներու սկզբնաւորութեան, Երախտաւորը կ՝որոշէ հաստատուիլ Գալիֆորնիա, ուր դարձեալ Վանեցիներ եկած էին հաստատուելու Ֆրեզնօ, իսկ ինք կ՝որոշէ բնակիլ Լոս Անճելսի մօտակայ ծովաբնեայ Վենիս աւանը։ 

Ան յաճախ կապի մէջ էր Հիւսեան եւ Տէր Մկրտիչեան ընտանիքներուն հետ,  որոնք իրեն հարազատ Վանեցի հայրենակիցները եղած էին։ 

Այս յեղափոխական նուիրեալ անցեալ ունեցող հարենասէրին կեանքի վերջալոյսը օտար երկնքի տակ, պիտի հասնէր 1937  Յունուարին, երկու տարբեր առիթներով աւազակներու կողմէ կրած յարձակումներուն պատճառաւ։

Թաղման կարգը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի Սրբ․ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր ներկայ էին Ֆրեզնոյէն եկած Վանեցիները։

Հայաստան գնուող իր հարազատներուն փափաքով, մարմինը հրկիզուեցաւ եւ աճիւնը տեղափոխուեցաւ Հայրենիք։

 

Արա Ահարոնեան