ՌԱԿ-ի Երախտաւորներէն. Գուրգէն Համալեան

2020-04-02
Image

Գուրգէն Համալեան

1896՝Այնթապ-18 Հոկտեմբեր 1968՝ Պէյրութ

 

          Երախտաւոր Գուրգէն Համալեան ծնած է Այնթապ (ներկայ Թուրքիա) 1896 թուականի Ապրիլ ամսուն, Յակոբ Համալեանի եւ Զարուհի Պասթաճեանի հայաբոյր յարկին տակ: Այնթապի Վարդանեան ընկերութիւնը 1899-ին հիմը կը դնէր Այնթապի ազգային մանկապարտէզին:  Հայրը՝ Յակոբ, Այնթապի մէջ ծանօթ էր որպէս եկեղեցասէր ու կրթասէր ազգային, ու վարիչներէն էր Վարդանեան ընկերութեան: Ազգային մանկապարտէզ յաճախող առաջին  մանուկներէն կը դառնայ Գուրգէն մուտք գործելով այնտեղ, շարունակելու համար Վարդանեան կրթարանի նախակրթական եւ միջնակարգ բաժինները:

            1912-ին բարձրագոյն կրթութեան համար Գուրգէն մուտք կը գործէ Կիլիկեան ճեմարանը, դառնալով հաստատութեան առաջին ուսանողներէն մին: 1915-ի Սեպտեմբերին, Համալեան ընտանիքը կը պարտադրուի մաս կազմել դէպի Տէր-Զօր (Սուրիա) տարագրուող կարաւանին:

            Գուրգէնի հայրը՝ Յակոբ, որ հանրածանօթ էր որպէս Յակոբ էֆէնտի, Այնթապի մէջ եղած էր հիւսուածեղէի գործարանէն ներս մեծ վարպետ մը: Ան բարեկամ թուրքի մը միջոցաւ կը յաջողի Պերեճիկի վրայով փախչիլ ու հաստատուիլ Նիկիպ, ուր կը մտնէ կառավարական արհեստանոց մը, որպէս հիւսուածեղէնի բաժնի վարիչ: Նիկիպի այս արհեստանոցը օրհնութիւն մը կ՝ըլլայ հարիւրաւոր հայ տարագիրներու, ներառեալ՝ Գուրգէնին, որ կը փրկուի զինուորագրութիւնէ ու արհեստանոցին մէջ կը ստանայ նախավարժութիւնը ստեղծագործութեան եւ ձեռարուեստներու: 1918-ին երբ Օսմանեան պետութեան խստութիւնները պարբերաբար կը թուլանան տարագիր հայերու նկատմամբ, Գուրգէն կեանքի ընկեր կ՝ընտրէ Այնթապցի ընտանիքի մը դուստրը՝ Լեւոնիկ Հինտոյեանը:

            1919-ին, երբ Անգլիական բանակի հսկողութեան տակ կ՝առնուի Ուրֆա-Պերեճիկ-Այնթապ շրջանը, Համալեանները կ՝ըլլան առաջին Այնթապ վերադարձողներէն, լծուելով վերաշինութեան աշխատանքին: Յաջորդ տարին, երբ Այնթապի ինքնապաշտպանութիւնը կը ծրագրուի, Գուրգէն մաս կը կազմէ Հայկական  Զօրագունդին, որովհետեւ Այնթապի մէջ ան անդամագրուած էր Սահմանադրական Ռամկավար տեղական ակումբին, իսկ հայրը անդամ էր արդէն Այնթապի Ազգային Միութեան:    

            1922-ին արդէն, Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, Այնթապի հայութիւնն ալ սկսած էր լքել իր պապենական տունն ու կալուածները: Հալէպ հաստատուելէն ետք, Յակոբ էֆէնտի, իր հայրենակից Լեւոն Նազարեանին հետ կը հիմնէ Համալեան-Նազարեան կերպասեղէնի վաճառատունը: Գուրգէն կը նախընտրէ իր անձնական գործին ձեռնարկել, ու կը հաստատէ կահագործարան մը, Հալէպի ամենաբանուկ պողոտային վրայ: Տարիներու ընթացքին իր կահագործարանը կը դառնայ քաղաքի լաւագոյն հաստատութիւններէն մին:

            Ռամկավար Կուսակցութեան շարքերուն իր անդամակցութեամբ, Գուրգէն խանդավառ մասնակիցներէն կը դառնայ կուսակցութեան Հալէպի շրջանի տեղական միաւորին:

            Հասարակական կեանքի եռուզերը արդէն կլանած էր Գուրգէնը: Հալէպը՝ ծանօթ որպէս առաջին կայան, եղեռնէն ու տեաղահանութիւնէն ճողոպրած հայութեան համար դարձած էր կարեւոր կեդրոն մը իր կրթական օճախներով: Կազմուած էր «Հալէպի Այնթապու Կրթասիրաց Վարժարան»-ի օժանդակ վարչական մարմին մը, որուն աշխոյժ մասնակիցն էր Գուրգէն, իր հօր օրինակին հետեւելով: Հալէպի մէջ, Գուրգէն կ՝անդամագրուի տեղուոյն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մասնաճիւղին, որուն առաքելութիւնը դարձած էր նպաստընկալ որբահաւաքի աշխատանքները, մանաւանդ Կիլիկիոյ հայութեան պարպումէն ետք:

            Գուրգէնի եւ Լեւոնիկի ամուսնութիւնը զիրենք կը բախտաւորէ Հալէպի մէջ հինգ զաւակներով, երեք մանչ՝ Յակոբ, Սարգիս եւ Օննիկ եւ երկու աղջիկ՝ Զարուհի եւ Գեղանոյշ, որոնք բոլորն ալ, ապագային, մասնակից պիտի դառնային Հալէպի Հ.Բ.Ը.Մ-ի  « Հայ Երիտասարդաց Միութեան» (ՀԵԸ)-ի երիտասարդական ծրագիրներուն:

            1927-ին, երբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը ձեռնարկէ «Եփրատ»  օրաթերթի հրատարակութեան, որուն սեփականութիւնը կը ստանձնէ «Սուրիահայ Հրատարակչական Ընկերութիւնը» իսկ խմբագրական կազմի անդամներ կ՝ընտրուին Տիգրան Փիրանեանը, Նազարէթ Ֆստըգճեանը, տոքթ. Խաչիկ Պօղոսեանը եւ Համբարձում Պէրպէրեանը: Գուրգէն կը դառնայ թերթին նիւթապէս սատարելու պատասխանատուն: «Եփրատի» հրատարակութիւնը երախտաւորին համար դարձած էր բաձարցակ կարեւոր պարտաւորութիւն մը, ու 1930-ին օրաթերթը կը դառնայ Սուրիոյ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պաշտօնաթերթը: Այդ ժամանակաշրջանին, Գուրգէնին վստահուած էր նաեւ կարեւոր պաշտօններ, ու ան յաճախ կը մեկնէր Սուրիոյ զանազան շրջաններ կազմակերպչական առաքելութիւններ ստանձնելով:

            «Եփրատ» օրաթերթէն բացի, երախտաւորը կարեւոր կը նկատէր իր ծննդավայր Այնթապցի հայրենակիցներու համախմբումը, ու Հալէպի մէջ գործօն դեր կը վերցնէ Այնթապի Ազգային միութեան խորհրդատու մարմնի կազմէն ներս: «Հայ Այնթապ» պարբերաթերթը իր գուրգուրանքի առարկան դարձուցած էր Գուրգէն, Այնթապցիներու միութեան անպաշտօն վարիչ գործակատարը դառնալով:

            Գուրգէն Համալեանի ազգային հասարակական գործունէութեան տարիներու բեղուն մասնակցութիւնը, անմասն չէր մնար իր քաջալերանքով լոյս տեսած, 1946-ին Արիս Շաքլեանի «Միջինք» գիրքի հրատարակութեամբ: Շաքլեան, այդ տարիներուն խմբագիրն էր «Եփրատ» ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթին, հայրենիք ներգաղթելէն առաջ:

            1945-ին, Սուրիոյ մէջ, դէպի հայրենիք ներգաղթ կազնակերպող, «ներգաղթ կոմիտէն»  կը կազմուի, որուն գանձապահը կը դառնայ երախտաւոր Գուրգէն Համալեանը: Հայրենադարձի գործը Գուրգէնին համար հը նկատուէր հայրենասիրութեան ծառայելու պարտականութիւն: Ան շուրջ երկու տարի, նոյնիսկ իր գործը մէկդի դրած, նուիրուեցաւ այդ ծրագրին: Պէտք է ըսել որ Սուրիոյ ներգաղթի կոմիտէի ներդրումը մեծ եղաւ հայրենադարձի ծրագրի իրականացման 1946-47 տարիներուն:

            1950-ին Գուրգէն կը կորսնցնէ իր հայրը: Այնուհետեւ՝ իր երեց որդին Յակոբը, կ՝օժանդակէ իրեն կահագործարանի հաստատութիւնը բաց պահելու աշխատանքին մէջ: 1956-ին Հալէպի մէջ ան կ՝արժանանայ Հ.Բ.Ը.Միութեան վեթերանութեան վկայականին: Գուրգէն Ազգային-հասարակական կեանքի իր գործունէութիւնը սահմանափակած էր ատենոյ հայ մամուլին կանոնաւորապէս հետեւելով, «Հայաստանի Կոչնակը» որպէս լրջահայեաց հրատարակութիւն, իսկ «Զարթօնքը» որպէս գաղափարի պաշտօնաթերթ, դարձած էին իր մնայուն լրատուական աղբիւրները: Իսկ «Նայիրին», «Բժիշկ»-ն ու «Շիրակ»-ը յաճախ կը փնտռէր գիտելիքներ կուտակելու համար:

            Հետզհետէ իր գերդաստանի անդամները ու մանաւանդ զաւակները, սկսած էին տեղափոխուիլ Պէյրութ, Լիբանան, ու հոն շարունակել իրենց կենցաղը ինչպէս նաեւ միութենական գործունէութիւնները: Գուրգէնն ալ անշուշտ պիտի միանար իր հարազատներուն: Տիկինը կորսնցնելէ ետք անշուշտ շրջապատուած պիտի մնար մանաւանդ հասակ առնող իր թոռներով:

            Հայրենասիրութեան որպէս ուխտաւոր, 1965-ին ան այցելեց Հայաստան ու վայելեց նաեւ Երեւանի մերձակայ Նոր Այնթապ աւանը: Իսկ 1967-ին, առիթը ունեցաւ այցելելու իր ծննդավայրը՝ Այնթապ:

            Հայրենիք այցելելու երկրորդ հրճուանքը չկրցաւ ներկայանալ իրեն, անողոք հիւանդութեան մը պատճառով, որուն զոհը պիտի դառնար 72 տարեկան հասակին, Պէյրութի մէջ, Հոկտեմբեր 1968 թուականին,  ազգային ոգեկոչումով թաղման արարողութեան արժանանալով:

                                                 XXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXXX

 

            Այս տողերուն հեղինակը, Պէյրութի մէջ, իր ուսանողական տարիներուն, մօտէն ծանօթացած էր երախտաւորի երեք մանչերուն Միութենական-հասարակական գործունէութեանց:

 

Արա Ահարոնեան