ՌԱԿ-ի երախտաւորներէն. Մինաս Վարդանեան

2019-11-18
Image

ՄԻՆԱՍ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

(Հանրածանօթ Էվիկ Մինասը)

(1887 Չորք Մարզպան – 1973 Երեւան)

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան դրօշին տակ ծառայած քաջամարտիկներու շարքին որպէս նուիրեալ հերոս, յանուն հայ ժողովուրդի ազատագրութեան պայքարին ծաւալած քաջագործութիւններուն եւ նուիրեալ հայրենասիրութեան կը պատկանի Չորք Մարզպանի ազատագրական պայքարի գլխաւոր հերոս Մինաս Վարդանեանը, որ ծանօթ է որպէս Էվիկ Մինաս։

Մինաս Վարդանեան ծնած է 1887-ին Չորք Մարզպանի Օճագլը գիւղը։ 4 տարեկանին կը կորսնցնէ իր հայրը ու կը մնայ մօր խնամքին։ Բայց դժբախտաբար պատանին 14 տարեկանին կը կորսնցնէ նաեւ մայրը։

Պատանին հեռու մնալով կրթութիւն ստանալէ, կը հարկադրուի զբաղիլ գիւղի մէջ հողագործութեամբ, ու հետզհետէ կը դառնայ սայլապան։ Հարազատներն ու ընտանիքի ծանօթները զինք զանազանելու գիւղի այլ Մինասներէն, զինք Էվիկ Մինաս, կ՚անուանեն մօրը Էվայի անունով՝ Էվայի որդիին կոչում տալով իրեն։

Կրթութեան տենչ չունենալով Մինասը իր ազատ ժամանակը նուիրած էր որսորդութեան Չորք Մարզպանի մօտակայ անտառները թափառելով ու դառնալով վարպետ նշանառու։

1908-ին Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Մինասն ալ կը զինուորագրուի իր հասակակից Չորք Մարզպանի կարգ մը երիտասարդներու հետ Օսմանեան բանակին։

1909-ի Ատանայի կոտորածէն երք, Կիլիկիոյ գիւղաքաղաքներէն զինուորագրուած հայ երիտասարդները միշտ ալ հետապնդման մէջ էին կառավարութեան գաղտնի սպասարկութեանց կողմէ ու կը հետապնդուէին որպէս դասալիքներ։ 1913-ին Օսմանեան բանակի Կիլիկիոյ վաշտը կը պաշարէ Չորք Մարզպանը պատրուակելով որոնելու բանակի դասալիքներ՝ գիւղաքաղաքի շրջապատը գտնուող գիւղերէն։

Էվիկ Մինասը իր երեք ընկերներով թաքնուած էր իր ծննդավայրը, ընկերներէն մէկը ծանօթ որսորդ Վահան Չոճուք Կարապետը կռուի բռնուելով զոհ կ՚երթայ զինուորներու կրակոցէն, իսկ Մինասը միւս ընկերներուն հետ կը թաքնուի Չորք Մարզպանի Նաճարլը հայկական գիւղը։ Ազգային Միութիւնը վախնալով որ բանակը կրնայ յայտնաբերել միւսները, կը թելադրէ որ Էվիկը հեռանայ։

Կարգ մը տեղացիներու կողմէ Էվիկը կը թաքնուի մօտակայ անտառները որոշ ժամանակի մը համար, ապա ծպտուած ու ինքնութիւնը փոխած կու գայ մնալու Ատանա։

1915-ի սկզբնաւորութեան Էվիկը կը վերադառնայ Չորք Մարզպան միանալու իր ընտանիքին։ Բայց եղերական թուականի Յունիսին, կը սկսի Չորք Մարզպանի ու շրջակայ գիւղերու տեղահանութիւնը։

Տարագրութեան ճանապարհին Էվիկը իմանալով Միջագետքի ու Տէր Զօրի ուղղութեամբ կատարուելիք բնաջնջումը, կը ձեռնարկէ իր ազգականներուն պահել Պերեճիք գիւղաքաղաքի մօտ գտնուող Ալմալը գիւղը, որուն գիւղապետն էր իր վաղեմի բարեկամը Էտիպ պէյը, որ հասակ առած էր հայ մօր խնամքի տակ։ Էտիպ պէյ կը համաձայնի Էվիկին ու իր հարազատներուն տրամադրել գիւղին մէջ բնակարաններ, իսկ յաջորդ օրը Էվիկը կը յաջողի Պերեճիք մեկնիլ, ու անցնող տարագրութեան կարաւաններէն փախցնել երկու տասնեակ հայ անչափահաս երեխաներ ու բերել Ալմալը իր եւ կնոջ խնամքին տակ պահելով։

Էտիպ պէյի բարեացակամ վերաբերմունքին տակ Էվիկի խնամքը վայելող անչափահաս երեխաները եւ իր գերդաստանի հարազատները կը փրկուին ծրագրուած ցեղասպանութենէն։

1918-ի աւարտէն առաջ, Համաշխարհային Ա. Պատերազմի աւարտէն ետք, Էվիկ Մինասը իր գերդաստանով, ինչպէս նաեւ Միջագետքի ու Սուրիոյ անապատներէն վերապրածները մաս առ մաս կու գան Չորք Մարզպան, վերաբնակեցնելու իրենց ծխացող ու քարուքանդ պապենական տունը։ Կարճ ժամանակի մէջ կարելի կը դառնայ վերագտնել Չորք Մարզպանի ազգային կեանքը, եկեղեցին ու դպրոցը։ Կը վերակազմուի Ազգային Միութիւնը ու կը կազմուի ինքնապաշտպանութեան կոմիտէն։

Նորակազմ ինքնապաշտպանութեան կոմիտէն որպէս հրամանատար կ՚ընտրէ մուսա լեռցի վերակազմեալ հնչակեան, որ յետագային պիտի դառնար յայտնի Ռամկավար գործիչ՝ Զօրա Իսկէնտէրեանը, իսկ հրամանատարի տեղակալ կը նշանակուի Էվիկ Մինասը։

Զօրա Իսկէնտէրեանի կնքահայրութեամբ Էվիկը կը միանայ վերակազմեալ շարքերուն, Չորք Մարզպանի համար կը կազմուի տեղական ակումբ, ու որպէս շրջանակ կեդրոն ունենալով Ատանան։ Արդէն Չորք Մարզպանի հայութիւնը վերագտած էր իր երբեմնի հայաբոյր եռուզեռը։

1919 թուականի ամրան թուրք կառավարութեան ենթակայ Կարա Հասան Փաշան իր կազմակերպուած հրոսակախումբով կը պաշարէ Չորք Մարզպանի շրջակայ անտառները, հոն գտնուող ազգային կեանքը մօտէն հսկելու, ինչպէս նաեւ նեղելու գիւղացիները առեւտուր ընելու մօտակայ գաւառներուն հետ։ Նոյնիսկ հրոսակախումբը սկսած էր նեղել ու թալանել հայ գիւղացիները։ Չորք Մարզպանի մօտակայ ցանկատարածքին Կարա Հասան կը յաջողի գերի վերցնել Էվիկի աներձագը՝ Կէօլ Իսկէնտէրին։ Չորք Մարզպանի համար այս դէպքը ալեկոծում կը յառաջացնէ ու Ազգային Միութիւնը կը դիմէ շրջանի կառավարող պաշտօնատար կոմիսարին, որ անտարբերութեամբ կը մօտենայ հարցին։

Կարա Հասան առիթէն օգտուելով սպառնալիքներով լեցուն ազդարարագիր մը կ՚ուղարկէ Էվիկի հասցէին, Ազգային Միութիւնը բողոքի դիմում կը կատարէ Կիլիկիա գտնուող՝ ֆրանսական հրամանատարութեան տակ գտնուող հայ կամաւորապետ ամերիկահայ Ճիմ Զանգալեանին։ Անյապաղ Զանգալեան կը ներկայանայ ֆրանսացի կոմիսարին յայտնելու բողոքը, որ Կարա Հասանի հրոսակախումբը զինաթափ ընել ու հեռացնեն Չորք Մարզպանի շրջանէն։ Քոմիսարին պատասխանը կ՚ըլլայ որ բաւարար ուժ չունինք այդ քայլին դիմելու։ Էվիկը ընդվզած կը դիմէ իր ծրագրին, ու իմանալով որ մօտակայ անտառի լեռնացքէն դէպի Ատանա պիտի անցնի Կարա Հասանի քրոջ երիտասարդ որդին, ու դարանակալ կը յաջողի զինաթափել երիտասարդին ընկերակցող ոստիկաններուն ու գերի առնել Կարա Հասանի երիտասարդ քրոջ որդին ու բերել Չորք Մարզպան ու բանտարկել ինքնապաշտպանութեան կոմիտէի մօտ։ Այս դէպքին յաջորդ օրը թուրք կառավարութիւնը կը համաձայնի  ֆրանսացի կոմիսարին հետ, ու պայման կը դրուի Ազգային Միութեան որ Էվիկը իր խումբով զինաթափ ըլլայ եւ յանձնուի ֆրանսական հրամանատարութեան, բայց Էվիկը իմանալով դրուած պայմանը իր խումբով կու գայ անտառային իր թաքստոցը։ Չորք Մարզպանի Ազգային Միութիւնը վախնալով ֆրանսական ցասումէն որոշում կը կայացնէ թուրք երիտասարդը յանձնել թուրքերուն։ Որոշումը կը փոխանցուի դաշնակցական Պաղտասար Պալեան աղային, որ գերեվարուած թուրք երիտասարդը յանձնէ թուրքերուն։ Պալեան անյապաղ կը կատարէ առնուած որոշումը։ Էվիկ իմանալով այս բոլորը, իր խումբով գաղտնի կը մտնէ Չորք Մարզպան, ու իր տան մէջ ծեծի կ՚ենթարկէ Պալեանը, առանց տեղեակ ըլլալու Ազգային Միութեան որոշումէն։ Միայն Զօրա Իսկէնտէրեան կը յաջողի զինք զսպել ու իմացնել պատահածը։ Էվիկ պայման կը դնէ Ազգային Միութեան, որ միջոց գտնուի ազատելու իր աներձագը, որ պիտի արժէր 1000 լիրա, որպէս տուրք վճարելու Կարա Հասան աւազակապետին, ֆրանսացիները զգալով Էվիկ Մինասի ներկայութեան վտանգը Չորք Մարզպանի մէջ, դարձեալ կը դիմեն Ազգային Միութեան, որ Էվիկը յանձնուի հրամանատարութեան, բայց իզուր Էվիկը իր խումբով դարձեալ ապաստանած էր իր թաքստոցը։ Կարա Հասանի հրոսակները Կէօլ Իսկէնտէրը յանձնելէ ետք, յաջողած էին շուկայի մէջ սպաննել երկու հայեր ու նոր խլրտում  յառաջացնել։

Ֆրանսական հրամանատարութիւնը այս շրջանին, Մուսթաֆա Քեմալին հաճոյք պատճառելու համար աննշան դէպքերը ուռճացնելով, մարտունակ Չորք Մարզպանի մէջ նոր քրէական գործեր յարուցանել կը ձեռնարկէ։ Ազգային Միութիւնը ըմբոստ ու կարծր կեցուածք ցոյց կու տայ, հետզհետէ զօրացող ինքնապաշտպանութեան կոմիտէն յենարան ունենալով։ Ֆրանսացի կոմիսարը կ՚որոշէ Զօրա Իսկէնտէրեանը հրաւիրել խորհրդակցութեան, որպէս հակա-ֆրանսական խլրտումներու հեղինակը ու ձերբակալել զինք, բայց Իսկէնտէրեան իմանալով լարուած թակարդը, կը դիմէ փախուստի։ Ազգային Միութիւնը զինք կը փոխարինէ իր օգնականին յանձնելով հրամանատարի պաշտօնը՝ այսինքն Էվիկ Մինասին։ Իսկ Իսկէնտէրեան կը վերադառնայ իր ծննդավայրը Մուսա Լեռ, ուր յետագային պիտի դառնար յայտնի կուսակցական գործիչ։

1920 թուականի գարնան, Չորք Մարզպանը արդէն իր շրջակայ գիւղերով պաշարուած էր Կարա Հասանի ընդարձակուած հրոսակախումբով, ու հնարաւորութիւնը գրեթէ աքցանուած էր յարաբերելու մօտակայ Կիլիկիոյ այլ շրջաններուն հետ։

Այս ահաւոր վիճակէն դուրս գալու համար Ազգային Միութիւնը կը դիմէ յարգուած ազգային Գառնիկ Էֆէնտի Կոյօղլանեանին, որ մեկնի  Փայաս հանդիպելու ֆրանսական զինուորական հրամանատարին, որուն պատասխանը պիտի ըլլար ժխտական, պատրուակելով որ անհրաժեշտ միջոցները չկան ցրուելու Կարա Հասանի չեթէները։ Այս լուրը ահազանգի կը մատնէ Չորք Մարզպանի հայութիւնը, Էվիկ Մինաս իմանալով այս սադրիչ լուրը, դուրս կու գայ իր թաքստոցէն ու զինուած կը յառաջանայ կառավարական շէնք ու պատանդ կը վերցնէ թուրք փոխ-կոմիսարը տանելով իր հետ անտառային թաքստոց։

Էվիկի այս քայլը անյապաղ կը հասնի Ալեքսանտրէթ ու Ատանա։ Անմիջապէս ֆրանսական հոգատար կառավարութիւնը հեռագիր կ՚ուղարկէ Ազգային Միութեան, պահանջելով Էվիկ Մինասի յանձնումը կոմիսարին, ապա թէ ոչ պիտի դիմուի ամենախիստ ռազմական միջոցներու։ Այս հեռագիրը ստորագրուած էր Կիլիկիոյ կառավարիչ՝ գնդապետ Էտուար Պրեմոնի եւ ֆրանսական ուժերու հրամանատար՝ զօրավար Տիւ Ֆիէոյի կողմէ։

 

***

 

Ծանօթ.- 1966-ի այս հեռագրի պատճէնը Զօրա Իսկէնտէրեանի կողմէ յանձնուեցաւ Հայաստանի պատմութեան թանգարանին։

Այս հեռագիրը լոյսին տակ Ազգային Միութիւնը կը ստիպուի համոզել Էվիկին, որ յանձնէ փոխ կոմիսարը, բայց Պրեմոն թուրքական ճնշումի ու Մուսթաֆա Քեմալի ցանկութեամբ բաւարար չի գտներ կարգադրութիւնը ու կը դիմէ Կայազօրքի հրամանատարին, յայտնաբերելու Էվիկի թաքստոցը։ Մուսթաֆա Քեմալի հրահանգով այս անգամ Կարա Հասանի կը միանայ ուրիշ հրոսակապետ Տանա Պորուկը, որոնց հրոսակախումբերը Չորք Մարզպանը կը շրջափակեն, ամբողջապէս անդամալուծելով առեւտրական կեդրոն համարուող Կիլիկիոյ այս գիւղաքաղաքը։

Դարձեալ Ազգային Միութեան կողմէ Գառնիկ Էֆէնտին կ՚անցնի գործի ու ճանապարհ կը գտնէ հասնելու Ալեքսանտրէթ, բայց իզուր նոյն պատասխանը կը ստանայ զինուորական հրամանատարութենէն։

Շաբաթ մը ետք Յուլիս 1920-ի սկզբնաւորութեան, ֆրանսացիներու այս անարգ քայլը փոթորկացնելով Չորք Մարզպանի հայութիւնը, Էվիկ Մինասի առաջնորութեամբ կը սկսին մունետիկի միջոցաւ արթնցնել Չորք Մարզպանի ամբողջ բնակչութիւնը թէ՝ ֆրանսական դաւաճանութեան զոհ պիտի դառնայ իրենց գիւղաքաղաքը, եւ օրական հայ զոհեր կան շրջակայ գիւղերուն մէջ թուրք չեթէներու կողմէ։ Էվիկ Մինաս ինքնապաշտպանութեան կոմիտէի իր կորիզը կազմով մարտականներով կը հաւաքէ 14-էն 70 տարեկան հայ տղամարդիկը ու կը զինէ զանոնք կացիններով ու դաշոյններով։ Կազմուած կորիզին կը միանան Փոթուր Օղլու Մեսրոպը եւ Կիւտիկ Խաչերը, որոնք իրենց մարտիկներով լաւ գիտէին թուրք չեթէներու թաքստոցները։

Յարձակումի ազդանշանը տրուելէն ետք, 3 կողմէ պաշարելով Կարա Հասանի եւ Տանա Պորուկի կայանները, քեմալական երկու մեծ չեթէներու հրոսակները փախուստի կը դիմեն, իսկ Չորք Մարզպանցի հեծելազորայիններն ալ կը կոտորեն փախստականները երկու օրուայ ընթացքին, Կարա Հասանն ու Տանա Պորուկը կը փախչին իրենց գիւղերը։ Էվիկի հրահանգով, թուրքերը փախուստի մատնելէ ետք հայ մարտիկները իրենց խմբապետներով հրոյ ճարակ կը դարձնեն թուրքական չորս մեծ գիւղեր։ 1920-ի Յուլիս 22-23 օրերուն պատահած այս յաղթարշաւին հետեւանքով, տարագրուած ու իր ծննդավայրէն հեռացողները կը վերադառնան Չորք Մարզպան ու Կիլիկիոյ այլ շրջանները։ Պէտք է ըսել նաեւ որ Չորք Մարզպանի 1896-ի եւ 1909-ի անպարտ ինքնապաշտպանութեանց յաջորդեց 1920 Յուլիսի նախայարձակ ու աննախընթաց յաղթարշաւը, ասպետական ֆրանսացի զարմանքը դառնալով։

Յաղթարշաւէն երկու շաբաթներ ետք, Միհրան Տամատեան պիտի հռչակէր Կիլիկիոյ անկախութիւնը, որ ֆրանսական տխրահռչակ դաւադրութեամբ միայն պիտի տեւէր 1 օր (Օգոստոս 4-5)։ Իսկ այս ժամանակաշրջանին տակաւին Չորք Մարզպանի Ազգային Միութիւնը իր պաշտօնը կը շարունակէր, ու կը հսկէր ինքնապաշտպանութեան կոմիտէի գործերը։

1921-ի սկզբնաւորութեան մուսալեռցի դաշնակցականներ փորձ կը կատարեն տեղափոխել Չորք Մարզպանի մէջ գտնուող զինամթերքը Մուսա Լեռ, պատրուակելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն ետք, նոր փորձ կատարել դարձեալ Կիլիկիան անկախացնելու։

Էվիկը իմանալով այս բոլորը, ինչպէս նաեւ անոնց կողմէ սպանութիւնը իր գաղափարի ընկերոջ Զօրա Իսկէնտէրեանի եղբօր, ծեծի կ՚ենթարկէ մուսալեռցիներուն, որոնք կը փախչին ու կը հեռանան։

Չորք Մարզպանն ու հերոս Էվիկը շատ պիտի չվայելէին իրենց ծննդավայրին մէջ կերտուած յաղթանակը, որովհետեւ 1921-ի Անքարայի համաձայնագրով, կիլիկիահայութիւնը պէտք էր պարպէր իր բնակավայրերը ու տարածուէր սուրիական մօտակայ շրջաններ։ Այս յորդորը նաեւ լսելի կը դառնար մանաւանդ երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Սահակ Խապայեանի կողմէ կը հրահանգուէր։ Յանձապարտ Ֆրանսան հայաբնակ Կիլիկիան Թուրքիոյ յանձնելէ ետք, չէր մոռցած հետապնդելու այն փախստական հայերը, որոնց դէմ դատական որոշում առնուած էր, որոնց շարքին էր Էվիկը, որ իր հարազատներով եկած էր հաստատուելու Ալեքսանտրէթ։ Սահակ Խապայեան Կաթողիկոսը իմանալով Էվիկի դէմ եղած 101 տարուայ ազատազրկման որոշումը, կը դիմէ Փարիզ գտնուող քաղաքական գործիչ՝ Արշակ Չօպանեանին, որ իր երաշխաւորութեամբ Էվիկ կը ներկայանայ Ալեքսանտրէթի ֆրանսական զինուորական ատեանը, որ եղած վճիռը կը սահմանափակէ 1 տարիով։ 4 տարիներու հայտուկային Չորք Մարզպանի հերոսը բանտարկուած կը մնայ տարուայ մը համար, Ալեքսանտրէթի մէջ։ 1923-ին դուրս գալէ ետք բանտէն նոր միջավայրի մէջ կը նուիրուի կուսակցական նուիրեալ գործի՝ 1921 Հոկտ. 1-ին Պոլսոյ մէջ կազմաւորուած ՌԱԿ-ի առաջին Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ կազմուած Ալեքսանտրէթի կառոյցէն ներս։ Կարճ ժամանակի ընթացքին հայկական նոր համայնք մը ստեղծուած էր ծովափնեայ Ալեքսանտրէթի մէջ, իսկ Մինասը դարձած էր աշխոյժ գործիչ իր կողքին ունենալով յայտնի ռամկավար երախտաւորներ Մարտիրոս Տէր Ստեփանեանն ու Արիս Շաքլեանը։ Մուսա Լերան հերոսն ալ թողելով իր ծննդավայրը եկած էր միանալու Էվիկին։ ՌԱԿ-ի Պոսթոն հրատարակուող «Պայքար» պաշտօնաթերթի ատենոյ խմբագիր՝ Հրաչ Երուանդ, ՌԱԿ Գ. Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովիէն ետք կու գայ Ալեքսանտրէթ ծանօթանալու տեղւոյն ծաղկող համայնքին, ու առաջին հերթին կը հանդիպի Էվիկ Մինասին ու Եսայի Եաղուպեանին, անզուգական երկու ռամկավար հերոսներուն։ Յուզումնալի էր պահը Էվիկի համար, երբ Հրաչ Երուանդ կը յանձնէր իրեն «Պայքար»ի այն օրինակը ուր զետեղուած էր Չորք Մարզպանի մէջ Էվիկի կատարած քաջագործութիւնները ու կը յանձնէ շնորհակալական խօսքեր պարունակող ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Արշակ Չօպանեանի յատուկ նամակը անսակարկ կուսակցականին ուղղուած։

30-ական թուականներուն Ռամկավար Կուսակցութիւնը կազմակերպուած կը մասնակցի Ալեքսանտրէթի մարզային խորհրդարանի ընտրութեանց ու յաղթական դուրս գալով կ՚ունենայ իր ընտրուած թեկնածուները, որոնց շարքին մուսալեռցի երախտաւոր Յակոբ Դաւիթեանը։

1938-ի Ալեքսանտրէթի պարպումին հետեւանքով Էվիկը կու գայ ընտանիքով հասատուելու Հալէպ, ու միանալու Չորք Մարզպանի իր հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի Հալէպի կառոյցին։

Հալէպի մէջ Ռամկավար Կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Եփրատ»ը յաճախ թիրախ դարձած էր դաշնակցութեան տեղւոյն կառոյցին կողմէ։ Հետզհետէ գաղափարական պայքարը կը սրուի 1943-ին, առհասարակ եկեղեցական պայքարի պատճառով, ու «Եփրատ»ի խմբագիր Արիս Շաքլեանի կեանքը չվտանգելու համար յարմար կը նկատուի Էվիկին վստահիլ, որ զինեալ մի քանի երիտասարդներով ապահովութիւնը ստանձնէ խմբագրատան ու աշխատակազմին։

1945-ի Խորհրդային Հայաստան մեկնող Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութեան, պատուիրակութեան մէջ էր ամերիկեան բանակի հարիւրապետ, ամերիկահայ կամաւորներու անզուգական առաջնորդ եւ ՌԱԿ-ի երախտաւոր Ճիմ Չանգալեանը, որ վերադարձին եկած էր Հալէպ։ Հանրայայտ ատենոյ «Օթէլ Պարոն»ի մէջ կը հանդիպի Էվիկին, ու կը վերյիշէ Կիլիկիա գտնուած շրջանին գաղտնի հանդիպումը Մինասին հետ։

1945-ի աւարտէն առաջ «Եփրատ»ի մէջ Ազատ Եափուճեան իր հակադաշնակցական յօդուածին համար, Հալէպի մէջ կը դաշունահարուի, իրեն պաշտպանութեան կը հասնի  Էվիկը, զինք ստոյգ մահէ փրկելով։ Այս դէպքէն ետք դաշնակցական տեռորի կ՚ենթարկուի Էվիկը, իր հեռաւոր մէկ հարազատի 19-ամեայ տղուն կողմէ, բայց իր ճարպիկութեամբ կը յաջողի զէնքը գրաւել ու երիտասարդը ծպտեալ կը փախչի Ամման։

1946-ի ամրան ազգահաւաքի ազդանշանին, Հալէպէն առաջին ներգաղթողներէն կ՚ըլլայ Էվիկ Մինասը ու իր հետ նաեւ տարիներու իր գործակիցը՝ խմբագիր Արիս Շաքլեանը։ Հայրենիք հաստատուելէն ետք Շաքլեան ու Մինաս իրենց ընտանիքներով կը ջանան համախմբել ներգաղթող Չորք Մարզպանի հայրենակիցները Խորհրդային Հայաստանի մէջ։

Յետագային իրենց կը միանայ աւելի ուշ Մարտիրոս Տէր Ստեփանեանը, որուն պաշտօն կ՚առաջարկուի դասաւանդելու Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանէն ներս։

Խորհրդային Հայաստանի մէջ Մինասի յարաբերութիւնը յաճախակի կը դառնայ Մուսա Լերան հերոսին՝ Եսայի Եաղուպեանի հետ, ինչպէս նաեւ «Զարթօնք» օրաթերթի երիտասարդ խմբագիր՝ Գրիգոր Պեքերէճեանի հետ։

Հայրենական տարիները շատ ալ չեն խանդավառէր ձիու վրա մարտնչող հայդուկին, որուն վիճակուած էր միայն հայրենասիրութեամբ հասնիլ իր կեանքի վերջալոյսին։

Երեւանի մէջ իր քաջագործութիւններով ծանօթ Չորք Մարզպանի նուիրեալ հայորդին, յաւիտեան իր աչքերը կը փակէր 1973-ին 86 տարեկան հասակին։

 

***

Լոս Անճելըսի հայահոծ գաղութէն ներս իր հրապարակագրութեամբ ծանօթ գիրքերու հեղինակ է երախտաւորի որդին Մարտիրոս Վարդանեանը, որուն հետ առիթ ունեցած ենք մօտէն ծանօթանալու։

 

Արա Ահարոնեան