ՌԱԿ-ի երախտաւորներէն. Յովսէփ Գույումճեան

2019-11-21
Image

ՅՈՎՍԷՓ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

1877, Պիթլիս – 1934, Գահիրէ

 

Երախտաւոր Գույումճեան ծնած է Պիթլիս, 1877-ին։ Ծննդավայրի նախնական կրթութեան վարժարանը չաւարտած, ծնողքը զինք 8 տարեկանին կ՚ուղարկէ Պոլիս։

Կը յաճախէ Կեդրոնական վարժարան, որ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք 1896-ին, կ՚որոշէ մնալ հոն, ուր կը պաշտօնավարէ իր աւարտած Ազգային Կեդրոնական վարժարանէն ներս որպէս հայոց լեզուի ուսուցիչ։

Շուրջ 12 տարի պաշտօնավարելէ ետք, Վահան Թէքէեանի առաջարկով, կը հրաւիրուի Վանի նորակազմ ռամկավար շրջանակ, անցնելու Կեդրոնական Հայկազեան վարժարանի տեսուչի պաշտօնին։

1909-ի գարնան Գույումճեան Վան կը մեկնի ստանձնելու իրեն առաջարկուած պաշտօնը։ Հակառակ այն իրողութեան, որ Գույումճեան Պոլսոյ մէջ դարձած էր փնտռուած հասարակական գործիչ մը ու 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք, ան ընտրուած էր երեսփոխան Օրթագիւղի շրջանէն՝ Պոլսոյ Ազգային ժողովին մէջ, Գույումճեան կը նախընտրէ մեկնիլ գաւառ ու հոն գործուն դեր վերցնել սատարելով Վասպուրականի կրթական ու հասարակական կեանքին։ Այդ օրերուն, իր դաւանած Սահմանադրական ռամկավար գաղափարախօսութեամբ, Վասպուրականի շրջանակը կարեւոր դեր պիտի վերցնէր որպէս շարունակութիւնը Արմենական կուսակցութեան Ա. շրջանակի։

Տարուան մը ընթացքին արդէն Գույումճեան կը դառնայ սիրուած ու փնտռուած դաստիարակն ու ազգային գործիչը, մանաւանդ կուսակցութեան եւ համակիր ընտանիքներուն համար։ Իր աշակերտներէն շատեր արդէն խանդավառ էին ծառայելու իրենց տնօրէնին պատկանած ու քարոզած գաղափարախօսութեան։ 1910-ի Ապրիլին, ՀԲԸ Միութեան հիմնադրութեան 4-րդ տարեդարձին առիթով, Յովսէփ Գույումճեան կը նախաձեռնէ Միութեան Վանի մասնաճիւղի կազմութեան, որուն առաջին ատենապետը կ՚ընտրուի ծանօթ ազգային Պետրոս Պէյ Գափամաճեանը, իսկ Գույումճեան կը դառնայ վարչական անդամ այդ կազմէն ներս։

Նոյն տարուան աւարտէն առաջ, Բարեգործականի Կեդրոնական վարչական ժողովին կողմէ կը նշանակուի պատուիրակ, շրջելու Արեւմտահայաստանի տարբեր շրջաններ ու դառնալու կրթական գործիչ։

Վանի մէջ գոյութիւն ունէր Միացեալ Ընկերութեան վարժապետանոցը, որուն Վանի դաշնակցական կառոյցը ոտնձգութիւններով կը փորձէր փակել տալ վարժապետանոցը։ Վասպուրականի ռամկավար շրջանակի կարգադրութեամբ երախտաւոր Գույումճեան կը դառնայ վարժապետանոցին տնօրէնը։

Ան, իր հմտութեամբ՝ որպէս կրթական մշակ, կ՚արհամարհէ ամէն ոտնձգութիւն, իսկ տարի մը ետք 1912-ին, Բարեգործականի Կեդրոնական վարչական ժողովի եւ Միացեալ ընկերութեան գործակցութեան շնորհիւ, Գույումճեանին կը յանձնուի վարժապետանոցին հոգատարութիւնը։ Նոյն տարին ան կը նշանակուի ընդհանուր տեսուչ Բարեգործականի Մեծ Հայքի վարժարաններուն, ինչպէս նաեւ Միութեան մասնաճիւղերու շրջուն գործիչ Արեւմտահայաստանի համար։ Իսկ վարժապետանոցի տեսչութիւնը կը վստահուի ամերիկահայ ծանօթ խմբագիր Միքայէլ Մինասեանին, որ նախ եկած էր Պոլիս, որպէս խմբագիր «Լոյս» թերթին։

Երախտաւոր Յովսէփ Գույումճեան իր շրջուն պաշտօնին առընթեր, նաեւ մաս կը կազմէ Վասպուրականի ռամկավար շրջանակի ղեկավարութեան ու իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Վան-Տոսպ» պաշտօնաթերթին՝ որպէս աշխատակից։

Արդէն հասած էր կարմիր Ապրիլը ու Վասպուրականի հայութեան ճակատագիրը ինքնապաշտպանութիւնն էր, 1915-ի Վանի հերոսամարտով։ Արեւմտահայաստանի հայութիւնն ալ տեղահանութեան, կողոպուտի ու ջարդի արհաւիրքը կ՚ապրի։ Վարժապետանոցը կը փակուի, իսկ կրթական մշակ Յովսէփ Գույումճեան կը կանգնի զինուորական ղեկավար Արմենակ Եկարեանի կողքին։ Իրեն կը յանձնուի խրամներու ինքնապաշտպանական խումբի մը առաջնորդութիւնը, ուր յաջողութեամբ Այգեստանի շրջանէն թուրք բանակը կը հեռացնեն։

Վանի հերոսամարտի յաղթանակէն ետք, միայն հինգ ամիսներ Վասպուրականի հայութիւնը կրցաւ պահպանել իր պապենական հողը, որովհետեւ նոյն տարուան Սեպտեմբերի աւարտին, ռուսական բանակի նահանջին պատճառաւ Վասպուրականի հայութիւնն ալ գաղթականի ցուպը բռնած, անցաւ Վաղարշապատ կամ Թիֆլիս։

Յովսէփ Գույումճեան կը հաստատուի Թիֆլիս, ու գործուն մասնակցութիւն կը բերէ Կովկասի մէջ, վերակազմակերպելով ռամկավար շրջանակը, ու մաս կը կազմէ «Վան-Տոսպ» պաշտօնաթերթի վերահրատարակման աշխատանքներուն, Արտակ Դարբինեանի եւ Վարդան Պապիկեանի կողքին։

1917-ին, իր առողջութեան վատթարացման պատճառաւ, կը ստիպուի Շուէտի ճամբով մեկնիլ Փարիզ՝ Համաշխարհային Ա. Պատերազմի անապահովութեան  թոհուբոհին տակ։

Փարիզի մէջ դարմանուելէ ետք, շուրջ 3 տարի բնակութիւն կը հաստատէ հոն, մաս կազմելով տեղւոյն հասարակական կեանքին։

1920-ի վերջաւորութեան կը հրաւիրուի Պոլիս, ու կը ստանձնէ Կեդրոնական վարժարանի ուսուցչական պաշտօնը։

Պոլսոյ մէջ այս շրջանին ազգային հասարակական նոր զարթօնք մը գոյութիւն ունէր, ուր Ռամկավար կուսակցութիւնը կը հրատարակէր «Հայրենիքի Ձայն» պաշտօնաթերթը։ Կրթական ասպարէզին կողքին ան կը լծուի ազգային կարեւոր աշխատանքի, մաս կազմելով Ռամկավար եւ Ազատական հոսանքներու միաձուլումին, որ պիտի հռչակէր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը 1 Հոկտեմբեր 1921-ին։ Այս ժամանակաշրջանին Գույումճեանի սերտ գործակիցը կը դառնայ Վահան Թէքէեան, որ կը վարէր Կեդրոնականի տեսչութիւնը։

1923-ին Գույումճեան կ՚անցնի Փարիզ, քեմալական արշաւանքներուն պատճառաւ վերջնականապէս հեռանալով Պոլիսէն։

Արշակ Չոպանեան, որ ՌԱԿ-ի կազմութենէն ետք ստանձնած էր Ֆրանսայի Ռամկավար շրջանակի կազմաւորումը, կը հրաւիրէ Գույումճեանը ստանձնելու «Ապագայ» պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը, որ ձեռնհասութեամբ կը վարէ շուրջ երկու տարի։ 1925-ին կը հրաւիրուի Մարսէյլ, որպէս տեսուչ «Դպրոցասէր» վարժարանին։ Երկու տարի ետք վարժարանը կը տեղափոխուի Փարիզ եւ Գույումճեան կը վերադառնայ Փարիզ նոյն պաշտօնը շարունակելու։ Այս ժամանակաշրջանին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կեդրոնը Աթէնքէն տեղափոխուած էր Փարիզ, ուր Արշակ Չօպանեան ստանձնած էր Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետութիւնը։

1929-ին Փարիզի մէջ կայացած ՌԱԿ Դ. Ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը Գույումճեանը կ՚ընտրէ անդամ Կեդրոնական վարչութեան՝ Չօպանեանի, Միքայէլ Պապաջանեանի, Աւետիս Թերզիպաշեանի եւ Յովհաննէս Պօղոսեանի կողքին, յաջորդ երկու տարիներուն համար։

Փարիզի կրթական պաշտօնէն կը հրաժարի 1933-ին ու կը մեկնի Եգիպտոս, հրաւէրովը Եգիպտահայ Թեմական խորհուրդին, դառնալու համար տեսուչը Հելիոպոլսոյ «Նուպարեան» ազգային վարժարանին։ Տարեշրջանը չաւարտած Գույումճեան կ՚անհանգստանայ ու կը տեղափոխուի հիւանդանոց, ուր հազիւ երկու ամիս անց անդարման, իր մահկանացուն կը կնքէ 1934 Մարտին՝ հազիւ 57 տարեկան հասակին։

Երախտաւորին նուիրեալ վաստակը ճանչցող աշակերտները ու գաղափարի ընկերները՝ Պոլիսէն Վան ու Փարիզէն Գահիրէ, իրենց վշտակցութիւնը յայտնած են «Արեւ» օրաթերթին, որուն խմբագրութիւնը ստանձնած էր Յովհաննէս Պօղոսեանը։ Պօղոսեան դամբանականով մը դրուատած է երախտաւոր Գույումճեանի կրթական ու հասարակական նուիրեալ վաստակը, Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած ազգային յուղարկաւորութեան ընթացքին։

 

Արա Ահարոնեան