ՌԱԿ-ի երախտաւորները. Տոքթ. Գէորգ Պ. Քեշիշեան

2019-09-16
Image

Տոքթ. Գէորգ Պ. Քեշիշեան

Պէյլան, 1931 – Լոս Անճելըս, 2018

 

Երախտաւոր Գէորգ Պ. Քեշիշեանը ծնած է Պէյլան՝ 24 Օգոստոս 1931-ին։

1939-ին Ալեքսանտրէթի սանճագի պարպումին, 8 տարեկան մանուկը ընտանեկան պարագաներուն հետ կու գայ հաստատուելու Հալէպ, ուր կը ստանայ իր նախնական կրթութիւնը, ատենոյ Հալէպի հայաբոյր շրջապատէն ներս, յաճախելով Կրթասիրաց վարժարանը։ Երկրորդական ուսումը կը ստանայ Հալէպի ֆրանսական Լիսէէն։

Քեշիշեան պատանի տարիքէն Հալէպի մէջ անդամագրուած է ՀԲԸ Միութեան, ու 1945-ին, տակաւին 14 տարեկան, հիմնադիրներէն կը դառնայ Բարեգործականի Հալէպի Ուսանողաց Միութեան։

1950-ին կու գայ Պէյրութ, ու բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Սէն Ժոզէֆ ֆրանսական համալսարանի Բժշկական բաժանմունքէն։

 

ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆԸ

Համալսարանական տարիներուն Քեշիշեանի միութենական խանդավառութիւնը զինք կը մղէ մաս կազմելու Պէյրութի մէջ ՀԵԸ-ի Համալսարանական Ուսանողաց Միութեան, որուն հիմնադիրը եղած է 1943-ին ՌԱԿ-ի այլ երախտաւոր մը՝ Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեանը, որուն հետ յետագային Քեշիշեան պիտի գործէր երկար տարիներ։

Շրջան մը Քեշիշեան կը դառնայ ատենապետը Համալսարանական Ուսանողաց Միութեան, ծաւալելով աշխոյժ գործունէութիւն Պէյրութի Զարեհ Նուպար ակումբէն ներս։

1958-ին աւարտելէ ետք բժշկական իր ուսումը կը նետուի կեանքի ասպարէզ, որպէս մանկաբոյժ բանալով իր անձնական բժշկատունը Պէյրութի Հաճըն ծանօթ թաղամասէն ներս։

Որպէս հեղինակ բժշկական-դաստիարակչական գործերու, Տոքթ. Քեշիշեանի առաջին հեղինակութիւնը կը դառնայ 1958-ին հրատարակուած «Սեռային ներդաշնակութիւնը ամուսնութեան մէջ» գիրքը, որ բարձրօրէն կ՚արժանանայ գնահատանքի ու վերահրատարակութեան։ Այնուհետեւ իր երկրորդ աշխատասիրութիւնը կը դառնայ «Արբունքը եւ սեռային հարցեր» գիրքը, որ լոյս կը տեսնէ 1960-ին Պէյրութի մէջ, դարձեալ արժանանալով վերահրատարակութեան։

Երախտաւոր Քեշիշեանի միութենական գործունէութիւնը արդէն կարճ ժամանակի մէջ դարձած էր աչքառու, ու 1961-ին ան մաս կը կազմէ Զարեհ Նուպար ակումբի ՀԵԸ-ի Գործադիր մարմինին։ Այս շրջանին Պէյրութի մէջ ՀԵԸ-ի մշակութային եռուզեռը լիբանանահայ գաղութի վերելքին կը սատարէ ծանօթ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի եւ «Անդրանիկ» երգի ու պարի անսամբլի ներկայացումներով։ Քեշիշեան կը դառնայ անդամ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ու իրեն կը վստահուի շրջիլ միջինարեւելեան գաղթօճախները որպէս հրապարակախօս ու կազմակերպիչ նոր մասնաճիւղերու։

Այս ժամանակաշրջանին կը հանդիպի իր կեանքի ընկերոջ՝ Սեսիլ Սիմոնեանին, որ խմբապետուհին էր ՀԵԸ-ի Պէյրութի Արենուշական խումբին։ Անոնք կը բախտաւորուին մանչով մը՝ Ալեք եւ դուստրով մը՝ Ալին, որոնք յետագային կը դառնան ծանօթ դէմքեր ամերիկեան ֆիլմաշխարհէն ներս։

 

ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐԸ

Քեշիշեանի հրապարակագրական գործունէութիւնը սկիզբ կ՚առնէ Պէյրութի մէջ մաս կազմելով «Սփիւռք» շաբաթաթերթի խմբագրական կազմին, ինչպէս նաեւ Պէյրութ հրատարակուող ՀԲԸ Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմին։

Բժշկական իր ասպարէզին կողքին, ան մաս կը կազմէ Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան, դառնալով վարչութեան ատենադպիրը ու իր մասնակցութիւնը բերելով միութեան «Բժիշկ» ամսագրին։ Շրջան մըն ալ կը ստանձնէ բժշկական պատասխանատուութիւնը ՀԲԸ Միութեան Խալիլ Պատաուի թաղամասի դարմանատան։

1968-ի աւարտէն առաջ Տոքթ. Քեշիշեան ընտանիքով կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ հաստատուելով Պոսթոնի շրջանը։ New England եւ Taft համալսարաններէն ներս կը հետեւի շողանկարչական (radiology) ճիւղին, որպէս բժշկական մասնագիտութիւն։

1970-էն սկսեալ Նիւ Հեմշիր նահանգի Մանչեսթըր քաղաքը հաստատուելով շուրջ երեք տասնամեակներ կը գործէ որպէս շողանկարչական մասնագէտ։

Պոսթոն բնակած շրջանին միութենական մասնակցութիւն կը բերէ Ուոթըրթաուն հայաշատ աւանի հասարակական կեանքին։ 1969-ին կը դառնայ հիմնադիրը Պոսթոնի Բարեգործականի Երիտասարդաց Մասնաճիւղին (ՀԵԸ)։ Պէտք է ըսել, որ այս մասնաճիւղը յաջորդ տասնամեակներուն կը ծառայէ աշխոյժ գործունէութիւն։

1970-ին Պէյրութի մէջ լոյս կը տեսնեն իր երկու այլ աշխատասիրութիւնները՝ «Սէր եւ ընտանիք» եւ «Ինչպէս մեծցնել երեխան»։ Քեշիշեան որպէս բժիշկ Միջին Արեւելքի մէջ կը ճանչցուի որպէս հայանուն Dr. Pock-ը։

Պէյրութէն խանդավառ Բժշկահայ Միութեան գործունէութեամբ, Քեշիշեան կ՚որոնէ Պոսթոն բնակող ծանօթ հայ բժիշկներ, որոնց հետ միասին 1970-ին կը դառնայ հիմնադիրը ու անդրանիկ ատենապետը Ամերիկայի Հայ Բժշկական Միութեան։ Պէտք է ըսել, որ տասնամեակ մը ետք Քալիֆորնիոյ մէջ ալ պիտի կազմուէր հայ բժիշկներու այլ միութիւն մը։

Տոքթ. Քեշիշեան արդէն Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք, իր խանդավառ մասնակցութեամբ ամերիկահայ հասարակական կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ իր հրապարակախօսութեամբ դարձած էր փնտռուած առաջնորդ մը։ Գաղափարական իր հակումը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, զինք մղած էր ստանձնելու պատասխանատու պաշտօններ։ 1979-ի ԹՄՄ-ի Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի պատգամաւորական ժողովին Տոքթ. Քեշիշեան անդամ կ՚ընտրուի Միութեան Կեդրոնական վարչութեան, իսկ յաջորդ տարին՝ 1980-ին անդամ կը դառնայ ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական վարչական ժողովին, որուն իր անդամակցութիւնը պիտի պահէր յաջորդ 18 տարիներուն, սերտօրէն գործակցելով նախագահ Ալեք Մանուկեանի հետ։ Իսկ իր հրապարակագրական մասնակցութիւնը երբեք չէր զլանար ՌԱԿ մամուլին՝ «Պայքար» շաբաթաթերթին, ինչպէս նաեւ «Զարթօնք»ին եւ «Նոր Օր»ին։

Անշուշտ Քեշիշեան երախտաւորի կողակիցն ալ՝ Սեսիլը, իր միութենական առաջնորդի պաշտօնին վրայ կը գտնուէր, երբ կ՚ընտրուէր Բարեգործականի Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, որուն ատենապետն էր Քեշիշեանի քենեկալը՝ Վարդգէս Պալեանը։

1987-ին Տոքթ. Քեշիշեան Թորոնթոյի մէջ գումարուած ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի եւ Քանատայի շրջանային պատգամաւորական ժողովին կ՚ընտրուի ատենապետ Շրջանային վարչութեան, իսկ յաջորդ տարին կը դառնայ ատենպետը ԹՄՄ-ի Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութեան. պաշտօն մը, որ ձեռնհասօրէն պիտի վարէր յաջորդ ութը տարիներուն։ Որպէս ԹՄՄ Կեդրոնի ատենապետը ան կը շրջի Հիւսիսային Ամերիկայի զանազան գաղութները։ Աշխոյժ գործունէութիւն մը կը ծաւալուի իր ատենապետութեան շրջանին մասնաճիւղերուն մէջ։ Յատկանշական է իր նախաձեռնութեամբ կազմութիւնը ԹՄՄ-ի «Մամլոյ Հիմնադրամ»ին, որուն պատուոյ նախագահութիւնը պիտի ստանձնէր ազգային ծանօթ բարերար Սուրէն Ֆեսճեանը։ Այս հիմնադրամը կեանքի կը կոչուէր նպաստելու ռամկավար պաշտօնաթերթերուն։ Կարճ ժամանակի ընթացքին, հիմնադրամը տարեկան եկամուտներով կը հասնի 650,000 տոլարի։

Ամերիկահայ գաղութի ազգային-հասարակական կեանքին բերած իր մասնակցութենէն անդին, Տոքթ. Քեշիշեան կ՚արժանանայ նաեւ ամերիկեան "Ellis Island" շքանշանին, համայնքին բերած նպաստին համար։

1995-ին Կիպրոսի մէջ անդամ կ՚ընտրուի ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան, կուսակցութեան 19-րդ Ընդհանուր պատգամաւորական ժողովին։

1998-ին Տոքթ. Քեշիշեան հանգստեան կը կոչուի իր բժշկական պաշտօնէն. նախ կը տեղափոխուի Մերիլենտ նահանգը ու երկու տարի ետք 2000 թուականի աւարտէն առաջ վերջնականապէս կու գայ հաստատուելու Լոս Անճելըս՝ իր կողակիցին հետ, ուր արդէն բնակութիւն հաստատած էին իր զաւակներն ալ։

Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանակէն ներս իր հասարակական գործունէութիւնը կը շարունակէ երախտաւորը ու կը գլխաւորէ «Նոր Օր»ի Բարեկամներու շրջանակի յանձնախումբը, նպաստելու շաբաթաթերթի բարգաւաճման։ 2004-ին կը հրաժարի ԹՄՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմէն, շուրջ 25 տարի իր գործօն մասնակցութիւնը անվարան բերելէ ետք։

Քեշիշեանի հրապարակախօսական մասնակցութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ յատկանշական կը դառնայ երկու տարբեր առիթներով, երբ այս տողերու հեղինակը, որպէս ՌԱԿ Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, զինք կը հրաւիրէ բանախօսելու ՌԱԿ-ի երախտաւորներ Հրաչ Երուանդի եւ Գերսամ Ահարոնեանի յոբելենական ձեռնարկներուն։

Երախտաւորը խթան կը հանդիսանայ նաեւ «Նոր Օր»ի բարեսիրական հիմնադրամի կազմութեան։

2013-ին Տոքթ. Քեշիշեան եւ կողակիցը՝ Սեսիլ կը նախաձեռնեն «Նոր Օր»ի 90-ամեակի միջոցառումը, շաբաթաթերթին ապահովելով աւելի քան 120,000 տոլարի գումար մը։

Քեշիշեան երախտաւորը Լոս Անճելըսի մէջ որոնած էր իր երիտասարդական տարիներու միութենական ու մտաւորական բարեկամները, որոնց հետ յաճախ իր ազատ ու ընկերային ժամերը կ՚անցընէր։

Բայց այդ բոլորը իրենց աւարտին կը հասնին, երբ 2015-ին անկողնոյ պիտի ծառայէր ու երեք տարի ետք՝ 16 Նոյեմբեր 2018-ին յաւիտեան իր աչքերը պիտի փակէր 87 տարեկան հասակին, միութենական ու հասարակական կեանքի հարուստ վաստակ մը թողնելով իր ետին։

 

Արա Ահարոնեան