Մաշալեան Պատրիարք «Օսմանեան շրջանին այստեղ 2.5 միլիոն հայ կ'ապրէր, այժմ՝ 40-60 հազար»
Պոլսոյ հայոց նորընտիր Սահակ Բ.ն Պատրիարք Մաշալեանը ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարած է թրքական «A Haber» լրատուականին։
Պատրիարքը խօսած է ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի կողմէ ընդունուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի մասին: Հայ-թրքական յարաբերութիւններու անցեալի ու ներկայի առումով ան կրկին ակնարկած է 2 երկիրներու միջեւ ուղիղ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան մասին:
Անդրադառնալով ցեղասպանութեան ժամանակ տեղի ունեցած դէպքերուն՝ Մաշալեանն ըսած է. «Մեր անհատական զարգացման մէջ 1915-ի դէպքերը ժառանգաբար կը փոխանցուին, վիշտը վերապրած ընտանիք չկայ: Օսմանեան շրջանին 2-2.5 միլիոննոց հայ ժողովուրդ կար: Այս պահուն Թուրքիոյ մէջ 40-60 հազար հայ կ'ապրի: Վերջին 100 տարուան ընթացքին այս հողերուն վրայ ապրող հայերու թիւի կտրուկ նուազում տեղի ունեցած է»:
Մաշալեանի խօսքով, սակայն, միշտ չէ, որ երկու ժողովուրդներու ընդհանուր պատմութիւնը լեցուն եղած է խնդիրներով:
«Հայկական եւ թրքական մշակոյթները շատ մօտ են իրարու: Թրքական արուեստի ու երաժշտութեան մէջ աւանդ ունին հայ երաժիշտները: Հայերը իրենց բաժինն ունին այս մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան ստեղծման մէջ, այդ պատճառով հայերը այստեղ կը զգան ինչպէս իրենց տունը»:
Պատրիարքը տեսակէտ յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ թերեւս վիճակը աւելի լաւ է՝ մատնանշելով երկու պատճառ. «Առաջինն այն է, որ Հայաստանը Օսմանեան կայսրութեան մաս չէ եղած: Հայաստանի անկախացումէն ետք 30 տարուան ընթացքին աշխատանք փնտռելու, զբօսաշրջութեան նպատակով 100 հազարաւոր հայեր այնտեղէն Թուրքիա եկած ու գացած են: Անոնց լաւ դիմաւորած են այստեղ, անոնք լաւ տպաւորութիւններով վերադարձած են: Ի վերջոյ, այն (Հայաստանը) առանձին երկիր է, այդ պատճառով ալ այս ցեղասպանութեան հարցը անոնց օրակարգի 1-ին, 2-րդ հորիզոնականին վրայ չէ» նշած է պատրիարքը:
ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման վերաբերեալ Մաշալեանը ըսած է, որ այդպիսի իրադարձութիւնները տեղի կ'ունենան Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան բացակայութեան պատճառով:
«Եթէ 2 երկիրները չկարենան նստիլ ու խօսիլ այս թեմաներու շուրջ, ապա անոնք օրակարգ պիտի բերեն Թուրքիոյ հետ քաղաքական, տնտեսական կամ ռազմավարական խնդիրներ ունեցող 3-րդ կամ 4-րդ երկիրները»,- շեշտած է պատրիարքը՝ աւելցնելով, որ ինքն անձնապէս կը վիրաւորուի այն բանէն, որ վիշտ ապրած մարդոց յիշողութիւնները կ'օգտագործուին որպէս գործիք օրուայ քաղաքականութեան մէջ: