Նենգափոխութեան հերթական փորձ. Շահումեանի հայկական եկեղեցին փորձած են ներկայացնել որպէս ալպանական
Ատրպէյճանական ԶԼՄ–ներէն մէկը հերթական անգամ փորձած է ատրպէյճանական Զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող ԼՂՀ Շահումեանի շրջանի Պանդալիոն հայկական մատուռը ներկայացնել որպէս ալպանական։
Մասնաւորապէս, Oxu.az պարբերականը գրած է, որ «Գէոյգէոլի շրջանի Ենի Զոտ գիւղի Ճաւատխանի բարձունքին վրայ գտնուող ալպանական եկեղեցին կործանման եզրին է»։
«Ալպանական» եկեղեցւոյ (որ յայտնի պատճառներով անուն չունի) մասին հաղորդագրութեան բազմաթիւ լուսանկարներ կցած են։ Ինչպէս, օրինակ, ասոնք.
ԼՂՀ Շահումեանի շրջանի Պանդալիոն հայկական մատուռը
ԼՂՀ Շահումեանի շրջանի Պանդալիոն հայկական մատուռը
Աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ եկեղեցւոյ դիմացի գրութեամբ քարի (ինչպէս ատրպէյճանական ԶԼՄ–ները գրած են` ալպանական) լուսանկարը։
Հայերէն իմացող որեւէ մարդու համար այդ գրութիւնը կարդալը դժուար չէ։ Եթէ շրջենք «ալպանական» գրութիւնը, այն անմիջապէս հայկական կը դառնայ։
Պանդալիոն հայկական մատուռի մօտ դրուած հայերէն գրութեամբ քարը
«Հայկ. Գ»` Հայկը ամենատարածուած հայկական անձնանուններէն մէկն է (որ տարբեր մեկնաբանութիւններով կը նշանակէ «Հայաստան», հին հայերէնով` «հայեր», արմատը կ'օգտագործուի նաեւ Հայաստան անուան մէջ)։
Իրականութեան մէջ այն Ատրպէյճանի կողմէ բռնազաւթուած ԼՂՀ Շահումեանի շրջանի Ազատ գիւղին մէջ գտնուող հայկական Պանդալիոն (Պանդավանք) մատուռն է (ատրպէյճանցիները գիւղը վերանուանած են «Ենի զոտ»)։
Պանդալիոն հայկական մատուռի մօտ դրուած հայերէն գրութեամբ քարը
Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի կայքին մէջ, օրինակ, կարելի է գտնել 1856 թուականին հիմնադրուած այդ եկեղեցւոյ լուսանկարները։
Իսկ հայ ճարտարապետութեան եւ պատմութեան գիտակ Սամուէլ Կարապետեանի 1985 թուականին առած այս լուսանկարին անհրաժեշտ է աւելի ուշադիր նայիլ։
ԼՂՀ Շահումեան շրջանի Ազատ գիւղի հայկական մատուռը
1896 թուականով թուագրուող հայկական մատուռի ճակատին ժամանակին վերակառուցման մասին գրութիւն կար («Սուրբ Պանդալիոնի մատուռը վերակառուցուած է 1956 թուականին...»)։ Իսկ կողքին (ձախէն) մեզի արդէն յայտնի «Հայկ» բառով քարը։
Հին գրութիւնը, ի հարկէ, արդէն չկայ, այն «պոկեր են» ճակատէն. ատրպէյճանական լուսանկարներուն մէջ դատարկ ուղղանկիւն է մատուռին մուտքին վերը։
ԼՂՀ Շահումեան շրջանի Ազատ գիւղի հայկական մատուռը
Ի դէպ, սա մատուռը որպէս ալպանական ներկայացնելու առաջին անյաջող փորձը չէ։ Աւելի վաղ Պաքուի հեռուստատեսութեան «Եոլ» հաղորդման եթերի ժամանակ, ներկայացնելով իբրեւ թէ ալպանական եկեղեցւոյ մասին տեսանիւթը, լրագրողը, արհամարհական, ոտքը դրած է կիսաքանդ մատուռին դիմաց ինկած վերոնշեալ գրութեան վրայ։
Նշենք, որ այդ կողմերը ապրող հայերուն համար Ազատ գիւղի մատուռը մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր։ Այն նաեւ ուխտատեղի էր:
1988 թուականի տուեալներով` գիւղի բնակչութեան թիւը 550 էր։ Բնակիչները զբաղուած են անասնապահութեամբ, այգեգործութեամբ։ Գիւղը ունեցած է միջնակարգ դպրոց, մշակոյթի տուն, հիւանդանոց։ Գիւղին մէջ քարաշէն եկեղեցի կար (XIII դ.), ոչ շատ հեռու` Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին, Պանդալիոն մատուռը (XIX դ.), արեւմտեան կողմը` վանքի աւերակներ։ 1990-ին ԽՍՀՄ ՆԳ զօրքերու օգնութեամբ ատրպէյճանական Միացեալ յատուկ նշանակութեան ջոկատայինները գրաւած են գիւղը։ Բնակիչները տեղահանուած են, մեծ մասը բնակութիւն հաստատած է Հայաստանի մէջ։