Պայքար «Սանասարեան»ի համար

2020-01-31
Image

Թուրքիոյ հայութիւնը կը պայքարի Պոլսոյ Սիրքեճի կայարանի մօտ գտնուող հայկական պատմական Սանասարեան տունը համայնքին վերադարձնելու համար: Թուրքիոյ Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը նախօրէին Սանասարեանի շէնքը 35 տարուայ վարձակալութեան յանձնելու մրցոյթ կազմակերպած էր:

Յաղթած կազմակերպութիւնը կը նախատեսէ շէնքը վերանորոգել եւ վերածել բարձրակարգ հիւրանոցի: Շէնքի փաստացի սեփականատէր Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի շահերը ներկայացնող փաստաբան Ալի Էլպեյօղլուն կ'առարկէ՝ շէնքը վերադարձնելու համար դատական գործընթացը դեռ չէ հանգուցալուծուած, եւ այս փուլին այն շահագործման յանձնելը անօրինական է:

«Սանասարեան խանի» սեփականութեան իրաւունքի հարցն արձագանգ գտած է նաեւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովէն ներս։ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը հարցադիմում յղած է մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին՝ պարզաբանում պահանջելով, թէ ինչու հայ համայնքին պատկանող գոյքը տասնամեակներ շարունակ չի վերադարձուիր իրական տէրերուն:

Փայլանի կուսակից, Մարտին նահանգէն պատգամաւոր, ազգութեամբ ասորի Թումա Չելիքը եւս անդրադարձած է հայկական պատմական կառոյցի ճակատագրին: Ան պահանջած է, որ շէնքի շահագործումը ստանձնած ընկերութիւնը հրաժարի իր ծրագրերէն եւ մասնակից չդառնայ անարդարութեան: Պատգամաւորը թրքական խորհրդարանին կոչ ըրած է իր ձեռքը վերցնելու նախաձեռնութիւնը եւ իրաւական կարգաւորումներով լուծել ոչ իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքներու առաջ ծառացած գոյքային բազմամեայ խնդիրները:

Աւելի վաղ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը նոյնպէս յայտարարութեամբ հանդէս եկած էր՝ նշելով, որ անընդունելի կը համարէ մինչեւ դատական գործընթացի աւարտը Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան կողմէ շէնքը վարձակալութեան տալու որոշումը: Պատրիարքարանը մտադիր է հետեւողականօրէն շարունակել պայքարը իր գոյքը վերադարձնելու համար:

Պատմական «Սանասարեան  խանը» կառուցուած է 1895 թուականին ճարտարապետ Յովսէփ Ազնաւուրի կողմէ էրզրումցի հայ մեծահարուստ Մկրտիչ Սանասարեանի մեկենասութեամբ հայ երեխաներու կրթական կարիքներու համար: Շէնքը յետագային յանձնուած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի տնօրինման, սակայն 1930-ականներուն բռնագրաւուած է թրքական իշխանութիւններու կողմէ: Երկար տարիներ Սանասարեան տունը օգտագործուած է որպէս Պոլսոյ անվտանգութեան վարչութեան շէնք, իսկ ռազմական յեղաշրջումներու ժամանակ յայտնի էր որպէս «տանջանքներու վայր», ուր կը պահէին յեղափոխականները:

2014 թուականին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը համայնքապատկան գոյքը վերադարձնելու համար իրաւական գործընթաց սկսաւ: Սակայն առաջին ատեանի քաղաքացիական դատարանը գործը չէր ընդունած, որմէ ետք պատրիարքարանը դիմած էր Վճռաբեկ դատարան: 2017-ին դատարանը Սանասարեանի շէնքը համայնքային գոյք ճանչցած էր, սակայն անցած տարուան Փետրուարին Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան պահանջով դատական որոշումը կրկին բեկանուած էր, եւ շէնքի սեփականութեան իրաւունքը փոխանցուած էր վարչութեան: Պատրիարքարանի շահերու ներկայացուցիչը դիմած էր Սահմանադրական դատարան՝ բողոքարկելով այս որոշումը: