Փայլան Արցախի խնդրով գրաւոր առաջարկ ներկայացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարանին
Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի (ԹԱՄԺ) հայազգի պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլան արցախեան հիմնահարցի վերաբերեալ ուսումնասիրութիւն կատարելու մասին գրաւոր առաջարկ ներկայացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարանին։ Այդ մասին կը յայտնէ Akunq.net-ը՝ յղում ընելով «Ակօս» շաբաթաթերթին։
Փայլանի առաջարկին մէջ մասնաւորապէս նշուած է․
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը շարունակուին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ուժերու միջեւ բախումները՝ տարաշածրջանին մէջ սպառնալիքի տակ դնելով խաղաղութիւնը։ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ՝ ատրպէյճանցի եւ հայ ժողովուրդներու համար նոր պատուհաս մը դարձած այս պատերազմը կանգնեցնելու եւ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու համար։
Թէեւ Ղարաբաղի հարցը արդէն 30 տարիէն աւելի է, որ չի լուծուիր, սակայն Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կողմէն ան որեւէ համապարփակ քաղաքական ուսումնասիրութեան չէ ենթարկուած։ «Քաջագործութիւնները» գովերգող քաղաքականութիւնը եւ ատելութիւն սերմանող արտայայտությունները վտանգի տակ կը դնեն հասարակական եւ տարածաշրջանային խաղաղութիւնը։ Հարկ է ժամ առաջ դադրեցնել այս պատերազմը, որ որեւէ շահող պիտի չ'ունենայ։ Պէտք է ապահովել, որ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները բանակցային սեղանի շուրջ հանդիպին՝ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով։
Այդ պատճառով, Սահմանադրութեան 98-րդ ու ներքին կանոնադրութեան 104-րդ եւ 105-րդ յօդուածներու հիման վրայ, կ'առաջարկենք, որ ղարաբաղեան հարցի համապարփակ ուսումնասիրութեան եւ զինադադարի ու կայուն խաղաղութեան հաստատման համար սահմանուին մեր երկրի ընելիքները, որոշ դառնան այն քայլերը, զորս պէտք է մեր պետութիւնը ձեռնարկէ այս խնդրի լուծման նպատակով ստեղծուած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ծիրէն ներս, ուսումնասիրուի այն ազդեցութիւնը, որ տարաշածրջանային եւ մեր ներքին խաղաղութեան վրայ կը թողնէ մեր իշխանութեան վարած այն քաղաքականութիւնը, որ կ'աջակցի պատերազմին»։
Ան նշած է, որ եթէ Թուրքիան ղարաբաղեան հարցով խաղաղ լուծման կողմնակից ըլլայ, ապա Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշումը, Սումկայիթի, Պաքուի եւ Խոճալուի մէջ տեղի ունեցած մարդկային ողբերգութիւններու համար արդարութեան վերականգնումը, ժողովուրդներու միջեւ համագոյակցելու մշակոյթի վերահաստատումը, փախստականներու՝ սեփական բնակավայրեր վերադարձը եւ մնայուն խաղաղութեան հաստատումը հնարաւոր կը դառնան։