Արցախը կորսնցուցած է իր ելեկտրական ջերմուժի միջոցներու աւելի քան 80 տոկոսը

2020-12-02
Image

Պատերազմի եւ 9 նոյեմբերին կնքուած համաձայնագրի հետեւանքով Արցախը կորսնցուցած է իր ելեկտրական ջերմուժի միջոցներու աւելի քան 80 տոկոսը։ Այս մասին NEWS.am–ին յայտնած է տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեանը՝ անդրադառնալով 9 նոյեմբերին ստորագրուած համաձայնագրէն ետք առաջացած՝ Արցախի ուժանիւթի անվտանգութեան խնդիրներուն։

Տնտեսագէտը, վկայակոչելով Արցախի հանրային ծառայութիւններու եւ տնտեսական մրցակցութիւնը կարգաւորող պետական յանձնաժողովի տուեալները, յայտնած է, որ մինչեւ պատերազմը Արցախի Հանրապետութեան տարածքին մէջ գործած է 1 խոշոր (Սարսանգի ջրամբար) եւ 31 փոքր ջրելեկտրակայան, որոնք կ'ապահովէին ոչ միայն Արցախի տնտեսութիւնը աժան ելեկտրական ջերմուժով, այլեւ անոր մէկ մասը կ'արտահանուէր Հայաստան:

«Պայմանաւորուած հարուստ ջրային ռեսուրսներով (միջոցներով) եւ յարմար տեղանքով՝ ՀԷԿ-երի (ջրելեկտրակայաններու) մեծ մասը կառուցուած էր Քաշաթաղի եւ Շահումեանի (Քարվաճառի) վարչական շրջաններում, որոնք ատրպէյճանական կողմին յանձնելուց առաջ քանդուեցին։ Պատերազմական գործողութիւնների եւ ստորագրուած եռակողմ համաձայնագրի արդիւնքում՝ Արցախը կորցրեց իր ինքնաբաւ էներկեթիկ (ջերմուժային) համակարգը։ Արցախում գործող 32 ՀԷԿ-երից 26-ն արդէն իսկ դադարեցրել են իրենց գործունէութիւնը, մասնաւորապէս՝ 2 ՀԷԿ Մատաղիսում, 7 ՀԷԿ Շահումեանում (Քարվաճառում), 16 ՀԷԿ Քաշաթաղում եւ 1 ՀԷԿ Հատրութում։ Իսկ Մարտակերտում գտնուող Թրղի 1, 2 եւ 3 ՀԷԿ-երի վիճակի մասին ճշգրիտ տեղեկատւութիւն չկայ»,–ըսած է ան։

Սուրէն Պարսեանի խօսքով՝ 2019 թուականի ընթացքին ՀԷԿ-եր շահագործող ընկերութիւնները Արցախի պետական պիւտճէ փոխանցած են շուրջ 1,7 միլիառ դրամի հարկեր եւ աշխատանքով ապահոված են հազարաւոր արցախցիներու։

Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները հրատապ քայլեր կը ձեռնարկեն ոչ միայն ապահովելու Արցախի ուժանիւթի անվտանգութիւնը, այլեւ այլընտրանքային լուծումներ կը գտնեն։