«Գաղափարի Նուիրումով» Նորատիպ Հրատարակութեան Շնորհանդէսը
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, վերջերս լոյս տեսաւ «Գաղափարի Նուիրումով» խորագիրը կրող նշանակալի հրատարակութիւն մը, որուն շքալի շնորհանդէսը, տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18-ին, քաղաքամայր Երեւանի մէջ։
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան եւ Հանրապետական Վարչութեան կողմէ կազմակերպուած միջոցառումը, որ կը վայելէր համագործակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատարի Գրասենեակին, կայացաւ պետական այդ հիմնարկութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան փողոցի վրայ գտնուող կեդրոնատեղիի դահլիճին մէջ։
Հանդիսութեան ներկայ էին պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, կրթական եւ մշակութային հեղինակաւոր հաստատութիւններու ղեկավար դէմքեր, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, արտասհամանէն ժամանած եւ հայրենաբնակ ռամկավար ազատականներ, ինչպէս նաեւ նկատելի թիւով համակիրներ։
Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգի եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետ եւ հայաստանեան յանձնակատար ընկեր Ալեքսան Գարատանայեան, որ ապա, հրաւիրեց Սփիւռքի Գործերու Յանձնակատարի Գրասենեակի ռազմավարութիւններու մշակման եւ հայրենադարձի հարցերու բաժիններու պետ Պարոն Յովհաննէս Ալեքսանեանը, որպէսզի վարէ օրուան յայտագիրը։
Ողջոյնի առաջին խօսքը յայտնելու համար հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար Պարոն Զարեհ Սինանեանը, որ յիշատակելէ ետք թէ բարձրօրէն գնահատելի կը համարէ այն իրողութիւնը որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, սկիզբէն ի վեր, հետեւողական կերպով, նեցուկ հայթայթած է հայոց պետականութեան, իր ուրախութիւնը եւ շնորհաւորութիւնները յայտնեց նորագոյն հրատարակութեան առիթով։
Յաջորդ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութեան ատենապետ ընկեր Հրաչեայ Կարապետեանը, որ շեշտեց մեր կեանքերուն մէջ անցեալը ճանչնալու եւ յիշելու կարեւորութիւնը։ Ապա ակնարկեց թէ ՌԱԿ-ի նոր հրատարակութիւնը, վերջին քանի մը տարիներուն արդէն երրորդն է, որ հանրութեան ուշադրութեան կը յանձնէ կուսակցութեան հետ աղերս ունեցող շարք մը պատմական կարեւորութիւն ունեցող վաւերաթուղթեր։
ՌԱԿ հարիւրամեակի առիթով ստեղծագործուած «Ռամկավարի Դրօշն Ուսիս» երգի յաջող կատարումով ելոյթ ունեցաւ երգիչ Հրանդ Մուրատեանը, երգեհոնի նուագակցութեամբ Սարգիս Ադամեանի, որ հեղինակն է երգին երաժշտութեան։
Նորատիպ հատորի հոյակապ ներկայացումով հանդէս եկաւ արխիւային փորձագէտ Տիկին Քնարիկ Պետրոսեան, որ սահիկներու ցուցադրութեամբ եւ արհեստավարժ հմտութեամբ, մանրամասնօրէն եւ գնահատանքով ներկայացուց հատորը եւ զայն բաղկացնող մասերը, բարձրօրէն արժեւորելով կուսակցութեան դաւանած ազգային գաղափարաբանութիւնը եւ անկէ բխող, աւելի քան մէկդարեայ կատարելապէս նուիրեալ ազգային ծառայութիւնը։
Հատորին մասին իր կրած դրական տպաւորութիւններուն եւ ՌԱԿ-ի հայ իրականութենէն ներս ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մասին ներբողանքով արտայայտուեցաւ վաստակաշատ բանասէր Տիկին Լալա Մինասեան։
ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետ եւ նորատիպ հատորի խմբագիր ընկեր Ասատուր Տէվլեթեան, իր կուռ եւ տպաւորիչ ելոյթով, կարեւորութեամբ վեր առաւ ՌԱԿ-ի ազգանուէր, անխախտելի դաւանանքը թէ մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը յաւերժական են եւ մնացեալ ամէն ինչ, ի սպառ, պարագայական է։
Ապա, երգիչ Հրանդ Մուրատեան հանդէս եկաւ «Ազգ Փառապանծ» սիրուած երգի յաջող մեկնաբանութեամբ;
Յայտագիրի աւարտէն ետք, նախասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։