Կարելի՞ է արդեօք դասերը վերսկսիլ համավարակի պայմաններուն մէջ. բազմակողմ կարծիք

2020-07-27
Image

Նոր ուսումնական տարուան սկիզբին մնացած է մէկ ամիս, եւ այսօր շատերը կը մտահոգէ այն հարցը, թէ արդեօք այս պայմաններուն մէջ կարելի է վերսկսիլ դասերը: Այդ հարցի շուրջ մասնագէտներու կարծիքները չեն համընկնիր:

Ինչպէս կը յայտնէ Medportal.ru-ն, երեխաները «Քորոնա» ժահրով հազուադէպ կը վարակուին, սակայն բացառուած չէ, որ անոնք կրնան վարակել մեծահասակները: «Խնդիրը համավարակի սկիզբը հետազօտման բացակայութիւնն էր: Անհրաժեշտ են աւելի մանրակրկիտ համաճարակաբանական հետազօտութիւններ, որպէսզի գնահատենք, թէ երեխաները ինչպէս կը մասնակցին վարակի տարածման»,-National Public Radio-ն մէջբերած է Օրեկոնի առողջապահութեան եւ գիտութեան համալսարանի (Oregon Health and Science University) մանկական վարակաբան Ճուտի Կուսման-Քոթրիլի խօսքը:

Ինտիանայի համալսարանի բժշկական դպրոցի (Indiana University School of Medicine) մանկաբոյժ Ահարոն Քերոլի խօսքով՝ դեռ որեւէ տուեալ չկայ այն մասին, թէ արդեօք երեխաները կրնան վարակը տարածել մեծ թիւով մարդոց մօտ: Այդ պատճառով ամբողջ աշխարհի մէջ կրթական մարմինները պէտք է աւելի շատ փորձարկումներ կատարեն: Այդ թեմայով հետազօտութիւններու արդիւնքները հակասական են: Օրինակ՝ Զուիցերիոյ մէջ գիտնականները հետեւած են «Քորոնա» ժահրով վարակուած բոլոր երեխաներուն եւ պարզած, որ երեխաներէն «Քորոնա» ժահրը տարածողներ եղած են 39 դէպքէն 3-ը:

Աւստրալիոյ մէջ  հետազօտողները վերլուծած են «Քորոնա» ժահրով վարակուած 9 ուսանողի եւ 10 մեծահասակի տեղաշարժերը, որոնք շփուած են աւելի քան 700 ուսանողներու եւ ուսումնական հաստատութեան 125 աշխատակիցներու հետ: Վարակման միայն 2 դէպքը կապուած եղած է այդ անձանց հետ:

Իսկ Հարաւային Քորէայի մէջ կատարուած աւելի մաշտապային հետազօտութեան արդիւնքները ցոյց տուած են, որ երեխաներուն տարիքը կարեւոր գործօն է «Քորոնա» ժահրի տարածման առումով. կրտսեր տարիքի երեխաները հազուադէպ վարակման աղբիւր կը դառնան՝ ի տարբերութիւն 10 տարեկանէն բարձր երեխաներուն: Ընտանիքին մէջ շփումներու 19%-ին մէջ ներգրաւուած եղած են 10-19 տարեկան երեխաներ, 5,3%-ին մէջ՝ 0-9 տարեկան երեխաներ: Սակայն կարեւոր նրբութիւն կայ. այդ ժամանակահատուածին Հարաւային Քորէայի մէջ դպրոցները փակ եղած են, այդ պատճառով անյայտ է, թէ ինչպէս երեխաները կը տարածեն վարակը:

Գերմանիոյ մէջ կատարուած հետազօտութիւնն իր հերթին ցոյց տուած է, որ դպրոցները բանալը կրնայ յանգեցնել վարակի տարածման արագացման: Ընդ որում, այդ կը վերաբերի աւագ դասարաններու աշակերտներուն:

Մասնագէտներուն մեծ մասը համակարծիք է, որ դպրոցները բանալու մասին որոոշումը պէտք է ընդունուի՝ ելլելով տուեալ երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման մակարդակէն: «Յուսադրող է այն, որ այն երկիրներուն մէջ, ուր արդէն բացուած են դպրոցները, վարակման խոշոր բռնկումներ չեն գրանցուած: Օրինակ՝ Ճափոնի, Հարաւային Քորէայի, Ֆինլանտայի եւ Ֆրանսայի մէջ գրանցուած է 100 000 մարդուն բաժին հասնող մօտ 1 դէպք»,-National Public Radio-ն մէջբերած է Ճոն Հոփքինսի անուան առողջապահութեան անվտանգութեան կեդրոնի (Johns Hopkins Center for Health Security) փոխտնօրէն Անիթա Ցիցերոնի խօսքը:

Սակայն հարկ է նշել, որ բոլոր այդ երկիրները բացած են դպրոցները «Քորոնա» ժահրի տարածման ցած մակարդակի պահպանման ընթացքին: