Ատրպէյճանը կ'ուզէ ոչնչացնել ամբողջ էթնիք խումբ մը. ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ
Ատրպէյճանի յարձակողական, յանցաւոր գործողութիւնները միտուած են ամբողջութեամբ կամ մասնակիօրէն ոչնչացնելու ամբողջ էթնիք խումբ մը։ Այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեանը` ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի մէջ ապրիլ 24-ին տեղի ունեցած քննարկման ժամանակ։
«Ադրբեջանը՝ Հայաստանի հարեւանը, որը մի քանի անգամ աւելի մեծ է չափերով եւ ռեսուրսներով, զբաղւում է տարածքների ուժով ձեռք բերելու անօրինական պրակտիկայով»,–ըսած է ան։
Մհեր Մարգարեանը իր ելոյթին մէջ յիշեցուցած է, որ 2020 թուականին, հակառակ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան դրոյթներուն, Ատրպէյճանը մահաբեր բռնութիւններու ալիք բարձրացուցած է տարածաշրջանին մէջ՝ փորձելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծել ուժով։
«Իրականութիւնն այն է, որ Ադրբեջանն օգտագործեց միջազգային կարգի խոցելիութիւնը եւ բազմակողմ համակարգի թերութիւնները՝ ձեռնարկելու լայնածաւալ ռազմական յարձակում, որն իրականացուել է միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտմամբ՝ ուղեկցուելով բազմաթիւ վայրագութիւններով, այդ թուում՝ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ»,– յայտարարած է ան:
Ան յիշեցուցած է, որ 2022 թուականի դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար բնակիչ պատանդի կարգավիճակի մէջ է, քանի որ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ փրկարար ճանապարհը Ատրպէյճանը շրջափակած է:
Աւելին` Ատրպէյճանը չի կատարեր նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի փետրուար 22-ի որոշումը, ըստ որու՝ Ատրպէյճանը պէտք է «ձեռնարկի իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցները՝ ապահովելու մարդկանց, տրանսպորտային միջոցների եւ բեռների անարգել տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութիւններով»։
«Չնայած տեղում Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախմբի առկայութեանը, 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, միջանցքը ոչ միայն շարունակում է չգործել արդէն 4 ամիս, այլեւ երէկուայ դրութեամբ տեղադրուել է ադրբեջանական անցակէտ՝ եռակողմ յայտարարութեամբ եւ ՄՔԴ հրամանով ստանձնած պարտաւորութիւնների կոպտագոյն խախտումով»,–ըսած է ան։
Ան յիշեցուցած է, որ հայկական կողմը զգուշացուցած է ՄԱԿ-ը եւ Անվտանգութեան խորհուրդը` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապալի իրավիճակը մօտ է մարդասիրական աղէտի վերածուելուն։ Հրադադարի հաստատումէն երկուքուկէս տարի անց ՄԱԿ-ը եւ անոր մարդասիրական գործակալութիւնները, ըստ Մարգարեանի, դեռ պէտք է ցուցաբերեն անհրաժեշտ օգնութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին:
«Ադրբեջանում նման ծրագրերի պատուիրատուները, ինչպէս նաեւ դրանց ստեղծողները, այնուամենայնիւ, պէտք է նկատի ունենան, որ ոչ մի խեղաթիւրուած պատմութիւն կամ կոռուպցիա եւ էներգետիկ ռեսուրսների հետ մանիպուլիացիաներ չեն կարող փոխել այն փաստը, որ յանցագործութիւնների որոշակի կատեգորիայի համար վաղեմութեան ժամկէտ չկայ: Յանցագործութիւնները եւ նման լուրջ խախտումներ կատարողները պէտք է պատասխանատւութիւն կրեն, այդ թուում՝ միջազգային իրաւասութեան մեխանիզմների միջոցով»,–ըսած է ան։
Մհեր Մարգարեանը անդրադարձած է նաև Հայոց ցեղասպանութեան փաստին։
ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը վառ յիշեցում է, թէ որքանով կրնայ մարդկութիւնը այլասերիլ միջազգային կարգի ճգնաժամի պայմաններուն։
«Առաջին համաշխարհային պատերազմի քօղի տակ իրագործուած անասելի ոճրագործութիւնների սարսափների միջով անցած հայ ժողովուրդը անձնուրաց քաջութիւն եւ ահռելի զոհաբերութիւն դրսեւորեց Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ՝ որպէս փոքր ազգ ներդնելով անհամաչափ բարձր մարդկային գին»,–ըսած է Մարգարեանն իր ելոյթին մէջ ու յիշեցուցած, որ պատերազմին մասնակցած է գրեթէ վեց հարիւր հազար հայ, որոնց կէսէն աւելին չէ վերադարձած մարտադաշտէն։