Թուրքիան պէտք է փոխէ Հայաստանի հանդէպ իր յարձակողական քաղաքականութիւնը. Վարչապետ Փաշինեան

7 Ապրիլին Մոսկուա կատարելիք աշխատանքային այցի նախօրէին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հարցազրոյց տուած է «Ինթըրֆաքս»-ի թղթակիցին, որու ժամանակ խօսած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ապագայի իր տեսլականի, տնտեսական կապերու եւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան հեռանկարներու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մասին:
Փաշինեանը նշած է, որ հայ-ռուսական ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւնները բաւական հարուստ են եւ ծաւալուն: Անոնք հիմնուած են բարեկամ ժողովուրդներու պատմական շփումներու վրայ: Այդ յարաբերութիւններու բնոյթը կախուած չէ ապագայ արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքներէն:
ՀՀ վարչապետն ընդգծած է, որ Հայաստանը կեդրոնացած է Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ լայն ու երկարաժամկէտ ռազմաճարտարապետական համագործակցութեան վրայ, որ կը բխի երկու պետութիւններու երկարաժամկէտ ռազմավարական շահերէն:
Հայաստանը չափազանց շահագրգռուած է, որ Ռուսաստանէն ստանայ ժամանակակից զէնք եւ զինամթերք, ու անոնք Հայաստան առաքուին Ռուսաստանի Դաշնութեան զինուած ուժերու համար նախատեսուած լրակազմով:
Պատասխանելով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հարցին՝ Փաշինեանը նախ յիշեցուցած է, որ հայ-թրքական սահմանը միակողմանիօրէն փակուած է Թուրքիոյ կողմէ դեռ 1993-ին: Հայաստանը միշտ հանդէս եկած է առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման օգտին, բայց այդ մերժուած է Թուրքիոյ կողմէ: Անգարայի նման թշնամական քաղաքականութիւնն աւելի սրուեցաւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին: Թուրքիան Ատրպէյճանին տրամադրեց ռազմաքաղաքական եւ ռազմատեխնիկական աջակցութիւն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի տեղափոխեց նաեւ օտարերկրեայ զինուած ահաբեկիչներ: Այս ծիրէն ներս տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու եւ տնտեսական «իմիճը» վերականգնելու համար Թուրքիան պէտք է փոխէ Հայաստանի նկատմամբ այդ յարձակողական քաղաքականութիւնը: