Սոթքի ոսկիի հանքը կ'իյնայ կիսով չափ հայկական, կիսով չափ ատրպէյճանական տարածքին մէջ. Գլխաւոր շտապի պետի տեղակալ

2020-11-27
Image

Դիմեր են մեզի, որ այդպիսի բան կ'ուզեն ընել, բայց ատրպէյճանական  կողմի հետ ունին համաձայնութիւն, թէ ոչ, այդ հարցը Հայաստանի իրաւասութենէն դուրս է. այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Գլխաւոր շտապի պետի առաջին տեղակալ Տիրան Խաչատրեանը՝ անդրադառնալով հարցին, թէ տարօրինակ չէ՞, որ մասնաւոր ընկերութիւնը ինքուրոյնաբար որոշեց եւ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ անցակէտ պատրաստեց, Հայաստանի իշխանութիւնները նախօրօք չէն գիտեր, որ այդ Ատրպէյճանի տարածք է:

Գլխաւոր շտապի պետի առաջին տեղակալը նշած է, որ ատրպէյճանական զօրքերը երէկուընէ եկած են այդ տարածաշրջան եւ ուզած են մտնել եւ պարզաբանած, որ Սոթքի լեռնանցքի ճանապարհով այդ է սահմանը. «Սոթքի հանքի մէկ մասը կը պատկանի կիսով չափ մեզ, կիսով չափ կ'իյնայ իրենց տարածքին մէջ: Ինծի յայտնի եղած է, որ տարածքի մէկ մասը պիտի գտնուի մեր տարածքին մէջ, իսկ միւսը՝ իրենց: Յայտնի եղած է, նաեւ որ ռուսական կողմը կը կազմակերպէ ամբողջական տարածքի պահպանութիւնը եւ այդ տարածքին մէջ խաղաղապահներ ընդգրկուած չեն եղած, իսկ յետոյ կ'ըլլան թէ ոչ, չեմ կրնար ըսել»:

Հարցին, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ընկերութիւն մը տարածքի մը պահպանութիւնը վերցնել իր վրայ, չէ՞ որ Հայաստանը չի պատկանիր մասնաւոր ընկերութեան, Հայաստանը կը պատկանի ՀՀ քաղաքացիին, Տիրան Խաչատրեանը պատասխանած է, որ ամէն ընկերութիւն իր տարածքի պահպանութեամբ կը զբաղուի. «Դուք միջազգային քանի այդպիսի դէպք գիտէք, սա եզակի դէպք էր, հիմա այսպէս եղած է»:

Հարցին, թէ ատրպէյճանական կողմէն մտա՞ծ են ներկայացուցիչներ Սոթքի հանքի տարածք, պատասխանած է. «Այո երեք դիրք տեղադրած են այդ տարածքին մէջ, ընդ որում, մէկը անմիջապէս հանքի եզրագիծով»: