Քննարկուող փաստաթուղթը կը կրէ «Յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնութիւն» վերնագիրը. «Ամերիկայի Ձայն»
Ուաշինկթընի մէջ մեկնարկած են Հայաստանի ու Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց ղեկավարներու միջեւ բանակցութիւնները ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ «Յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ համաձայնագիր» փաստաթուղթի շուրջ: ԱՄՆ-ի բարձրաստիճան դիւանագէտները մանրամասներ հաղորդած են բանակցութիւններէն: Այս մասին յայտնած է «Ամերիկայի ձայն»-ը:
Հայաստանի ու Ատրպէյճնի արտաքին գործոց նախարարներն այս շաբթուան ընթացքին պիտի ունենան յաջորդաբար շարք մը հանդիպումներ, լրագրողներու հետ հեռախօսային ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած են ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները: Քննարկումները կողմերու միջեւ, որոնք մեկնարկած են այսօր առաւօտեան, կ'ընթանան կառուցողական, յայտնած է պետական քարտուղարութեան Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնոն:
Ըստ բարձրաստիճան դիւանագէտներու՝ Միացեալ Նահանգները յանձնառու է նպաստելու Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագային, իսկ ուղիղ երկխօսութիւնը միակ ճանապարհն է հիմնախնդիրներու կարգաւորման եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու համար, որուն կը նպաստէ Ուաշինկթընը:
Բանակցութիւնները կ'ընթանան մայրաքաղաք Ուաշինկթընի շրջակայքը գտնուող Ճորճ Շուլցի անուան արտաքին գործերու ազգային ուսումնական կեդրոնին մէջ: Այսօր առաւօտեան ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքենն արդէն հիւրընկալած էր արտաքին գործոց նախարարներ Միրզոյեանը եւ Պայրամովը՝ նախ առանձին կարճ հանդիպումներու, իսկ այնուհետեւ եռակողմ քննարկումներու ձեւաչափով:
Ամերիկեան կողմը հիասթափութիւն յայտնած է բանակցութիւններու վերաբերեալ Մոսկուայի բացասական արձագանգի կապակցութեամբ: Ամենակարեւորն այն է, որ կողմերը կարողանան շփուիլ իրար հետ, ուր ալ այդ տեղի ունենայ՝ Ուաշինկթըն, Պրիւքսէլ, թէ Մոսկուա, նշած են բարձրաստիճան դիւանագէտները՝ շեշտելով՝ Ուաշինկթընի նպատակն է հարթակի տրամադրումը՝ տեւական, հաւասարակշռուած եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու համար։
Պոնոյի խօսքով՝ Միւնխէնի հանդիպումն ակնյայտ դարձրուց, որ կողմերը յանձնառու են խաղաղութեան գործընթացին, որ Պոնոն կ'որակէ շատ բարդ եւ համապարփակ: Քննարկուող փաստաթուղթը կը կրէ «Յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնութիւն» անունը: Պոնոն նշած է, որ ԱՄՆ-ը կը ձգտի, որ կողմերը կարգաւորեն իրենց յարաբերութիւնները, կարողանան միասին ապրիլ, ամրապնդել տնտեսական կապերը եւ, նոյնիսկ, իրենց հաւաքական անվտանգութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Սա բարդ գործընթաց է եւ համապարփակ, որու շրջածիրէն ներս կը քննարկուին բոլոր հարցերը, ըսած է ան։
Պետական քարտուղաութեան ներկայացուցչի խօսքերով՝ համապարփակ համաձայնագրի շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն կողմերու միջեւ քննարկուող հարցերէն մէկն է վերաբերմունքը էթնիք փոքրամասնութիւններու նկատմամբ երկու երկիրներուն մէջ, որ կ'անդրադառնայ էթնիք փոքրամասնութիւններու իրաւուքներուն ու անվտանգութեան:
Լաչինի միջանցքի մասին խօսելով՝ ամերիկեան կողմը վերահաստատած է, որ Ուաշինկթընը վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին շատ պարզ մատնանշած է Լաչինի միջանցքով առեւտրային, մարդասիրական ազատ տեղաշարժի ապահովման կարեւորութիւնը եւ կը շարունակէ ներգրաւուած մնալ այդ քննարկումներուն մէջ՝ ակնկալելով, որ շուտով տեղաշարժը միջանցքով կը վերականգնուի:
ԱՄՆ փոխպետքարտուղարի տեղակալ Էրիքա Օլսոնը նաեւ յոյս յայտնած է, որ կողմերը այս շաբթուան ընթացքին «անմիջական եւ անկեղծ» քննարկումներ կ'ունենան՝ խնդրի կարգաւորման հասնելու համար: Յանձնառու ենք աջակցելու այդ գործընթացին եւ պատիւ ունինք հիւրընկալելու այստեղ կարեւոր այս երկխօսութիւնը, որ կրնայ շարունակուիլ, ընդգծած է փոխպետքարտուղարի տեղակալը՝ կարեւորելով բանակցութիւններու շարունակական բնոյթը: