ՌԱԿ-ի Նուիրեալներէն ՝Արա Ահարոնեանի յիշատակին.Գրեց՝ Գէորգ Հալէպլեան

2022-09-20
Image

Երեւակայել անգամ դժուար է թէ հանդիսութիւններու, ընդհանուր անդամական ժողովներու կամ հրապարակային ձեռնարկներու ընթացքին այլեւս պիտի չլսենք Ընկ. Արայի հատու եւ խրոխտ ձայնը, խանդավառող խօսքը եւ ոգեւորող կոչերը: Ան արժանաւոր զաւակն էր մեր կուսակցութեան ղեկավարներէն Ընկ. Փայլակ Ահարոնեանի, որուն շունչին տակ ստացած էր իր ազգային-հայրենասիրական դաստիարակութիւնը:

Ընկ. Արա ծնած է Թրիփոլի: Նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Խրիմեան-Նուպարեան, իսկ երկրորդականը՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յովակիմեան-Մանուկեան Վարժարանին մէջ: Յաճախած է Պէյրութի Հայկազեան Քոլէճը, ապա Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը: Ընկ. Արան ճանչցած էի պատանեկան տարիքիս: Միասին գործած էինք Ռ.Ա.Կ.-ի Պէյրութի Շրջանակին մէջ: Տակաւին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան Վարժարանի աշակերտ, ան արդէն իսկ լծուած էր ազգային ծառայութեան:

Յիշողութիւններուս մէջ թարմ են Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն Թէքէեան Վարժարանի շրջափակէն ներս ծաւալած անոր ծառայասիրական գործունէութիւնը, երբ պահակութիւն կ՛ընէինք հոն: Ան ամէն զոհողութիւն յանձն կ՛առնէր հայահոծ թաղերուն մէջ օգնութեան հասնելու բոլորին, յաճախ ֆիզիքական վտանգներու դէմ յանդիման դնելով իր անձը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը պատճառ եղած էր որ ան 1976ին հաստատուէր այս ափերը: Հոս, Ամերիկայի մէջ, ան աւարտեց Նորթրիճ համալսարանը, մասնագիտութիւն ընտրելով թուային ելեկտրոբանութիւնը: Իր մասնագիտութեան եւ ասպարէզին կողքին, նոյնիսկ անոնցմէ ալ աւելի, իր հոգին, կարողութիւնները եւ ժամանակը տուաւ ազգին եւ կուսակցութեան, յաճախ զոհելով նաեւ իր ընտանիքը: Անուրանալի է տասնամեակներու վրայ տարածուող Ընկ. Արայի դերակատարութիւնը Ռ.Ա.Կ.-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակի զօրացումին եւ մանաւանդ անոր երիտասարդացումին մէջ, հիմնադիր ղեկավարը ըլլալով Ռ.Ա.Կ. Արմենական Երիտասարդական Շարժումին:

Երկար տարիներ գործուն անդամներէն էր Ռ.Ա.Կ.-ի Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան: Իր կուսակցանուէր գործունէութիւնը եւ քաղաքական թէ գաղափարական ուժականութիւնը զինք բարձրացուցին մինչեւ ղեկավար պաշտօններու, դառնալով Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ: Կազմակերպչական ձիրքին կողքին, Ընկ. Արա Ահարոնեան փայլեցաւ մանաւանդ իր հրապարակագրական եւ կուսակցագիտական աշխատանքներուն ընդմէջէն: Ան ամբողջովին նուիրուեցաւ մտաւորական աշխատանքի: Կուսակցութեան պատմութեան մոռցուած էջերը, հերոսական դէմքերը եւ անոնց նոյնքան հերոսական գործերը ներկայացուց ամբողջ մանրամասնութեամբ, բծախնդրութեամբ եւ պատմական հաւաստիութեամբ: Ռ.Ա.Կ.-ի անմահանուն գործիչներուն կենսագրութիւններուն միջոցով սերունդներուն փոխանցեց հպարտութեան եւ քաջալերանքի բազմաթիւ օրինակներ:

Ընկ. Արայի անդուլ պրպտումներուն եւ ջանասիրութեան արգասիքը եղան Ռ.Ա.Կ.-ի համապարփակ պատմութեան մաս կազմող աշխատութիւններ՝ 2001ին Ռ.Ա.Կ.-ի կազմութեան 80-Ամեակին ձօնուած «Հերոսական Դէմքեր Ռ.Ա.Կ.-ի» գիրքը, որ թարգմանաբար լոյս տեսաւ նաեւ անգլերէն եւ սպաներէն լեզուներով: 2006ին, Ռ.Ա.Կ.ի 85-Ամեակին առիթով, լոյս տեսաւ Ընկ. Ահարոնեանի «Երախտաւորներու Ուղին» գիրքին Ա. Հատորը, իսկ 2014ին՝ Ռ.Ա.Կ.-ի 90-Ամեակին առիթով լոյս տեսաւ նոյնին Բ. Հատորը: Հիմա, այս պահուն, կ՛անդրադառնանք թէ այս բնագաւառին մէջ Ընկ. Արային բացակայութիւնը որքա՜ն զգալի պիտի ըլլայ եւ հաւանաբար իր գործը շարունակող արժանաւոր փոխարինող մը գտնելու դժուարութեան առջեւ գտնուինք:  

Ընկ. Ահարոնեան Հայ Դատի հետապնդման զինուորագրուած գործիչ էր: Ան երկար տարիներ ղեկավարած է Ռ.Ա.Կ. Հայ Իրաւանց Խորհուրդը, որուն գործունէութեան ծիրին մէջ հայանպաստ կարեւոր աշխատանքներ տարած է ամերիկեան տեղական մարմիններու եւ պետական թէ քաղաքական դէմքերու մօտ: Այս ծիրին մէջ կարեւոր գործեր էին «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան Մարտահրաւէրները» հայերէն եւ անգլերէն հրատարակած աշխատութիւնները:

Պիտի շարունակենք գաղափարական այն ուղին, որուն հաւատաց եւ ծառայեց ամբողջական գիտակցական իր  կեանքի ընթացքին:

 

Գէորգ Հալէպլեան